Kitabı oku: «Թորոս Լեւոնի», sayfa 9
– Այս ի՜նչ յուսահատ եւ թշուառ գուշակութիւններ են, քա աչքերդ կ'երեւայ թէ ամէն բան սեւ ու տխուր կը տեսնեն:
– Թէ որ ես սեւ ու տխուր կը տեսնեմ, միթէ ի՞մ է յանցանքը: Հինգ տարի է, հայր իմ, որ ամէնուն եւ քեզի շատ անգամ աղաչեցի, որ քիչ մը գութ ունենաք խեղճերուն վրայ, որոնց բախտը ձեր ձեռքն է յանձնէր աստուած. եւ ինձի մտիկ չըրիք: Այնչափ աղաչեցի, որ սա անպիտան, անգութ եւ սրիկայ զինուորաց տեղ պարկեշտ, համեստ եւ ուղիղ մարդիկներէ խումբ մը կազմել, եւ թէ որ աւելի քիչ ալ լինէին` կարելի էր աւելի վստահութիւն ունենալ մտիկ չըրիք:
– Աւելի քիչուոր թէ լինէին, ինչպէ՞ս աւելի վստահութեան արժանի կ'ըլլային: Չեմ հասկնար:
– Շատ պարզ էր. քաղքին բոլոր ժողովուրդը մեզի հետ կը լինէր. երբ հիմա աս աւազակներուն պատճառաւ, նաեւ մեր հարըս տահարութեանց պատճառաւ` ամէնքը մեզի հետ թշնամի են եւ վաղը առաջին վտանգին մեզի դէմ պիտի միաբանին: Եւ որ աւելի մեծն է, այս անպիտան աւազակներուն վստահիլ կարելի չէ, եւ մեծ անխոհեմութիւն:
Այս խօսքերուն իշխանը տխուր` աչքերը գետինը սեւեռած կը մտածէր եւ լռութիւնը երկար քշելեն վերջ, ըսաւ.
– Ուրեմն ես շատ գէշ ըրի, երբ երէկ բարկութեամբ եւ նախատանոք մերժեցի Թորոսի պատգամաւորը:
– Անտարակոյս, դժբախտաբար ես երբ իմացայ` շատ ուշ էր, եւ պատգամաւորը արդէն ձի կը հեծնէր:
– Բայց դու իմացա՞ր թէ ինչ ամբարտաւան պատգամ ինձ յուղարկել յանդգնէր էր այդ ապստամբը:
– Ամէնն ալ իմացայ տեղն ի տեղ:
– Էյ՜…
– Կեցի՜, սիրելի հայրիկ, արդար լինելու համար դու ինքզինքըդ Թորոսի տեղ դիր, Թորոս եղիր վայրկեան մը, բանտեն փախած ութը-տասը օրուան մէջ հինգ-վեց բերդի տէր եղիր, տասը, քսան հազար զօրաց հրամայէ, եղի՛ր քաշ, եղիր խելօք, Տարսոնի կուսակալը խորտակե…
– Բայց դու այս առասպելներուն կը հաւատա՞ս, աղջիկ:
– Բայց ասոնք առասպել չեն, ստուգութիւն են:
– Դու ուսկի՞ց գիտես:
– Ես այս քաղքիս մէջ քու լրտեսներեդ, ամենեն եւ Վասիլեն շատ աւելի աղէկ գիտեմ ինչ որ կ'անցնի:
– Ի՞նչ կ'ըսես:
– Այո՛, ես երբ առտուները իմ ծերուկ Մարտիրոսը հետ առած, իմ դեղերու տռւփս մէկտեղ կ'իջնեմ քաղաք, յսմեն տուն կը մտնեմ, հայ, յոյն, տաճիկ իրենց հիւանդութիւնները եւ վէրքերը ինչպէս տուները, ինձի կը բանան, ամէն բան կ'իմանամ. գիտեմ, որ բոլոր քաղաք այր եւ կին, ծեր եւ տղայ, քահանայ եւ աշխարհական մեզի թշնամի են, գիտեմ, որ երբ թշնամին գա ու բանակը զարնէ, առանց նետ մը, քար մը նետուելու, դռները պիտի բացուին. ետքը այս միջնաբերդը իր բերդապահները պիտի մատնէն: Եւ գիտեմ թէ թշնամին, որ մենք ապստամբ կ'անուանենք, մեր կ'արծածեն եւ լսածեն շատ աւելի զօրաւոր է:
– Բայց դու ինչի՞ն իմացար այս ամէն բան:
– Ես քանի օր է յոյն այրի կը նկան մը աղջիկը կը նայիմ, որ ծանր ջերմով կը պառկի, եւ որուն եղբայրը Մամեստիոյ իշխանին ծառայութեան լինելն գիտէի, երէկ` կէսօրէն վերջը` երիտասարդ մը տեսայ հիւանդին սենեակը վիրաւոր, որ էշ մը հեծուցած բերէր էին Ատանայի պատերազմեն իր մօրը տունը. տղուն վէրքը նայեցայ, որ ծանր չէր, այլ անխնամ մնալեն ծանրացեր էր. ետքը իրեն պատմել տուի ամէն բան, իմացայ թէ այդ ապստամբը սովորական մարդ մը չէր եւ ինքնիրեն ամբողջ բանակ մը կարժէր իր քաջութեամբ, խոհեմութեամբ եւ առաքինութեամբ:
– Թողունք հիմա այդ մարդը իր կատարելութիւններով: Բայց դու ըսիր թէ քահանաներն ալ մեզի թշնամի են հոս, այս քաղքիս մէջ: Ես անոնց ամէնուն փիլոնն առնուլ կ'ուտամ: Հիմա սրբազանին հրաման կ'ուղարկեմ:
– Ի՜նչ օգուտ անոնց փիլոնը առնելեն. անով մեզի աւելի բարեկա՞մ կ'ընենք զիրենք: Արդէն այդ սրբազանն ալ միթէ մեր վէրքերուն մէկը եւ մեծը չէ՞… ի՜նչ պարապ տեղ կը խօսիմ այս նիւթերուս վրայ, տեսնենք դիպուածները մեզի ի՞նչ կը պատրաստեն:
Երկար լռութիւն մը յաջորդեց: Իշխանը իր պտոյտը սկսաւ շարունակել պարտէզին մէջ վայրկեան մը, եւ վերջը անհետացաւ գնաց իր սենեակը` իր լրտեսներուն հետ խորհրդակցելու համար:
ԳԼՈՒԽ ԺԷ ՍՏԵՓԱՆԷ ԵՒ ՄԼԵՀ
Անարզաբայ իշխանը անձամբ իւր համբարանոցները աչքէ կանցոմներ, տարի են աւելի ժամանակի պաշար գտնելով` կը հանդարտէր. նոյնպէս ամէն տեսակ զէնք քննութեան կ'առնուէին, զօրաց կրթութեան հանդէսներ կը լինէին. բոլոր ճամփաները ասդիս, անդին լրտեսներ կ'ուղարկէին. եւ ամէն օր նոր-նոր լուրեր կ'առնէր նա ի շրջակայից նաեւ ի հեռուստ. եւ ոչ մէկը գոհացուցիչ չէին: Հինգ օրէն վերջը Տարսոնի իշխանեն նամակ մը առաւ, որ իրեն կ'իմացնէր թէ թէպէտ անկարող էր առժամայն իրեն հասնելուն, բայց թէ յոյս ունէր քիչ ատենեն մեծ եւ զօրաւոր օգնութեան գտնելու Կ'ոստանդնուպոլսեն. վասնզի գրած եւ իմացուցած էր թէ Հայք բոլոր ապստամբին հետ միանալով, ինք պաշտպանողական գիրք մը բռնելու պարտաւորուած էր:
Ամէն օր քանի մը կասկածելի անձինք ոչինչ պատճառներու համար, նաեւ մէկ թշնամական գրգռութեան համար` միջնաբերդը կը բերուէին, կը տանջուէին, կը բանտարկուէին, բայց ապսպրուած էր ամէնուն, որ ամէն այս տեսակ գործեր գաղտնի եւ լռելեայն լինին ըստ կարելուոյն, որ «Մարդ չիմանայ», այսինքն` Օրիորդը չիմանայ: Վասնզի իշխանը, որ իր աղջիկը կը սիրէր առաջ, քանի կ'երթար կը յարգէր նաեւ զանի, եւ քիչ-քիչ կը սկսէր ակնածել իրմէ:
Այս ակնածութիւնը բոլոր ընտանեաց իւրաքանչիւրը մէկ-մէկ կերպով ունէին իրեն համար, Տիկինը առանց սիրելու այս զաւակը` կը դողար, որ յանկարծ իր անկարգութիւնքը չի նշմարէ աղջիկը, ինչպէս ամէն յանցաւոր մայր` նաեւ նա, որուն բարոյականը ի մեծ նաւակոծութեան կը գտնուի, կուզէ անվտանգ երեւնալ իր զաւկին. անդրանիկը իր կնոջը թափած արցունքներուն մխիթարիչ ի նա կը գտնէր. սրբազանր, որովհետեւ նա ալ կերպով մը ընտանեաց մաս կը Համարուէր, որ զինք կ'ատէր հիմա սրտին բոլոր զօրութեամբ բոլորովին իր ձայնին անուշութիւնը, բառերու եւ իմաստներու վայելչութիւնը ու ձեւերու քաղաքավարութիւնը պատրաստի ունէր անոր համար:
Թորոսի դէմ եղած պատրաստութեանց մէջ կար նաեւ քաղքին պարիսպներէն հեռանալու արգելքը, որով մեր որսորդ իշխանիկը Բակուրան կը պարտաւորէր ակամայ բանտուիլ, ինչպէս Տիկինը եւ սրբազանը, որ իրենց ձիարշաւները դադարեցնելու պարտաւորուած կին: Այս արզելքները բոլորովին անհիմն չէին, վասնզի ասպատակ ձիաւորաց խմբեր երբեմն քաղքին պատերէն կ'երեւային եւ անհետ կը լինէին: Իսկ քաղքին մէջ բոլոր դէմքեր թէպէտ տխուր կը տեսնուէին, բայց մեծին ու պզտկին սիրտր ուրախութեամբ կը տրոփէր, եւ անհամբեր կը սպասէին թէ ե՞րբ պիտի երեւայ ազատարար դրօշը:
Այս սպասողներուն յոյսը պարապը չելաւ, վերջապէս պատգամաւորին եկած օրէն ութ օր վերջը, առաւօտուն մեծ ամպ մը փոշուոյ` քաղաքը պատեց, եւ երբ փոշին անհետացաւ` տեսնուեցաւ Թորոսի բանակը, ուր քսան հազարի մօտ մարդ վարժ աչք մը կրնար դատէի եւ ուր զարմանալի բարեկարգութիւն մը կը տիրէր անծանօթ բոլորովին երկրիէ բնակչաց. վրանները կանոնաւոր` ի կարգ շարուած էին, բանակին չորս կողմը խրամներ կը փորուէին եւ անոնցմէ պեղած հողը պարսպապէս ամուր պատնէշ մը կը կազմեր բանակին չորս կողմը. մեքենաներ կը բերուէին կարգաւ կը շարուէին յարմար դիրքերու դէմ, ուր պիտի գործադրուէին, եւ որ դիտելու արժանի էր, գեղեցիկ եւ բազմաթիւ հեծելազօրաց խումբ մը կ'երեւար, որոնց կէս մասը արաբացի ձիերէ կազմուած էր: Եւ երբ Թորոս տեսնուիցաւ բարձր եւ ահիպարանոց ձիու մը վրայ` զիովորաց ուրախութեան աղաղակը բոլոր Անարզաբայ կը թնդացնէր:
Իր աջ կողմեն բեհեզներով եւ ծիրանիներով զարդարուած, իշխանական պսակ ի գլուխ, ճերմակ ձիու մը վրայ ռնաբար հեծած կ'ուգար Եւփիմէ, եւ երկուքին քովին երկու երիտասարդք ոսկեփայլ սաղաւարտներով եւ արծաթապատ վահաններով ճոխացեալ` նժոյգներու վրայ կը շահատակէին, ասոնք էին Մլեհ եւ Ստեփանէ, որ իրենց եղբօր յաջող գալուստր լսելով, Հալէպու ամիրային ընծաներով եւ հինգ հարիւրի չափ հեծելազօրք կ'ուգային` ուրախութեամբ իրենց եղբօրը դարձը վայելելու, որ Կիլիկիոյ դռները կը բանար յաղթապէս այնչափ տարուան օտարին ծառայութենեն վերջ: Այս երկու երիտասարդք ալ իրենց եղբօրը կը նմանէին կերպարանոք եւ քաջութեամբ, եւ իրօք առիւծու կորիւններ էին. ամէն աչք զիրենք տեսնելուն միայն կրնար վկայել թէ մեծ պատերազմական զօրութիւն մը կը հասնէր Թորոսի: Թէպէտ Թորոսի հեռատես աչքերը մէկեն կշռեցին զիրենք, օգտի եւ վնասու բաժինը նշմարեցին վայրկենին, բայց դարձեալ միշտ անթափանցելի եղբայրական սրտով եւ սիրով գրկեց, ընդունեցաւ զիրենք բոլոր բանակին առջեւ, ներկայացուց իր սիրասուն կնոջ, որ անկեղծ սրտով իբր եղբայր ընդունեց զիրենք, եւ ամէն սիրտ ուրախութեամբ լցուեցան եւ նոցայ գալուստը տօնեցին: Եւ որովհետեւ ժամ էր ելնելու ի Մամեստիոյ հանարզաբայ, բանակը արդէն ելած էր, եւ հարազատք քիչ մը հանգչելէ վերջ` ելան նոյնպէս բանակին ետեւեն:
Երկայն տարիներու պարագաներ այս ճամփորդութեան մէջ կը պատմուէին, ծնողաց կորուստ, դժբախտ եւ ուրախ օրեր, արկածներ կը յիշատակուէին: Նոյն միջոցին Կոստանդին եւ Բաբկէն զրահաւորք, որ քովե-քով կը ձիավարէին, իրարու աչք մը նետեցին, Բաբկէնի սպարտական բնութիւնը գոհ եղաւ ակնարկեն, բայց Կոստանդին`
– Կը յիշե՞ս, Բաբկէն, Կոստանդնոլպոլսոյ մեր տեսութիւնը եւ քեզի ինչ որ պատմեցի այս տղոց համար, – ըսաւ, – հիմա ես կը վախեմ թէ իշխանին գլխուն ասոնք մեյ-մէկ փուշէ պսակ լինին… Ստեփանէ անվնաս թերեւս, բայց պզտիկը աստուած հեռի ընէ: Իրաւ, Բաբկէն, առջի նայելուդ ասոնք եղբայր են կերպարանոք, գայց նայէ, դիտէ, Մ լեհին աչքերուն մէջ բան մը կայ, որ մարդուս սիրտը կը ճմլէ եւ կը քստմնեցնէք Պատասխան չե՜ս տար:
– Եղբա՛յր, ի՛նչ զրուցեմ, քիչ մը կամաց խոսէ:
– Դու ալ լաւ մարդ ես, եղբայր, բերանդ չի բացուիր, բացուի ալ, խրատ տալու համար միայն կը բացուի:
– Դու ալ լաւ մարդ ես, քաջ մարդ ես, ինձի պէս վաթսունը կը գտնես քանի մը տարիեն, բայց բերանդ շարունակ կը բացուի` միշտ գանգատի համար կը բացուի:
– Հա՛, խօ՞սք էր ըսածդ, թէ որ միշտ գանգատի համար կը շլացուի իմ բերանը. քանի ամիս է մէկտեղ ենք, ո՞վ օր մը Թորոսի Համար բան մը, խօսք մը լսեց բերնես:
– Ես:
– Իէ՜, ե՞րբ, զրուցէ նայիմ:
– Թէ որ կամաց խօսիս, չի պոռաս, կիրք չելնես, կը զթուցեմ, – ըսաւ Բաբկէն ծիծաղելով եւ ձայնը աւելի ցածցնելով:
– Լաւ՛, մտիկ ըրէ: Լամբրոնի առաջ, այն գիշերը մի՞տքդ է, երբ իշխանիկը մարդիկը կապեց, դու կ'ուզէիր մեռցնել…
– Ես ի՞նչ ըսի…
– Է՜հ. թէ որ իմ ըսածս ասանկ արգիլես, ես խօսք մը չունիմ:
– Կը լռեմ, զրուցէ՛:
– Անկից առաջ երկայն չեռան ճամփան բռնել տուաւ իշխանը, դու ալ գանգատողներուն առաջինն էիր… է՛հ, համբերէ՛, լմնցուցի: Ամուտայ բերդին առջեւ հասար չի հասար` «այս բերդը կ'առնուի՞» ձայնդ ձգող տղոց առջեւ դու էիր, միտքդ կ'ուգա՞յ: Իշխանը ասոնք գիտէ, բայց ես լաւ զինքը կը ճանչեմ, չի խօսիր, չի մոռնար, եւ մարդկանց գործը միշտ բարի կողմը կուզէ մեկնել:
– Քեզի բան մը ըսաւ՞… Մարդ գտանք հարցնելու, այդչափ որ խօսեցար, շնորհակալ պէտք է լինիլ:
– Կոստանդին եղբայր, իշխանը չի խօսիր, ես քեզի ըսի, բայց ամէն բան կը տեսնէ ու կը լսէ: Քու քաջութիւնդ կը գովէ, միայն մէկ բանի մը սիրտը նեղացաւ, եւ ինձի յատկապէս ապսպրեց քեզի ըսել, թէ Սարգսին հետ լաւ վարուիս:
– Ես Սարգսին ի՜նչ ըրի:
– Կամաց, եղբայր, հիմա կը ձգեմ կ'երթամ, – ըսաւ Բաբկէն ձին մէկդի քշելով:
– Մի նեղանար, Բաբկէն, ինձի անհամբեր կ'ըսեն, դու ինձմէ անհամբեր ես, Ես Սարգսին ի՛նչ եմ ըրեր, որ իշխանին սիրտը նեղացեր է:
– Ես գիտե՞մ, դու մտածէ, անշուշտ կը գտնես:
– Երբ իշխանը անոր տասը բերդ ալ տա` իմ ի՞նչ հոգս. միայն այնչափ ըսի, չեմ ուրանար, թէ մենք բոլոր Կիլիկիոյ ալ տիքենք, աժեմին-չաժեմին պարգեւելով քաղաք ու բերդ իշխանի բնակութեան տեղ չպիտի մնայ: Ինձի Բարձր բերդը տուաւ, քեզի` Ամուտան, Սարգսին` Առիւծը, խեղճուկ գիւղացուոյ մը տղուն բերդ մը տալ ինձի առատաձեռնութիւն չերեւար, այլ շռայլութիւն: Այտ զրուցէր եմ, յանցա՞նք մի ըրեր եմ: Եղբայրները եկան. անոնց ի՞նչ պիտի տայ. թէ որ Վահկայ մէկուն տա, Մամեստիայ ալ միւսին` ինք դէտի նը պիտի նստի:
– Այս խօսքերը իշխանին իրեն կրնա՞ս զրուցել:
– Ինչո՞ւ պիտի չի զրուցեմ:
– Երբ դու այս խօսքերը կը կրկնես, ալ մի՛ զրուցէր թէ Սարգսին ի՞նչ ըրի. երբ անի աժեմին-չաժեմին կարգը կը դնես, երբ գիւղացուոյ տղայ լինելուն բերդ մը իրեն շատ կը տեսնես, իշխանին առատաձեռնութեան վրայ չէ քու կիրքդ. ուրիշ տեղ փնարէ դու անօթ պատճառը: Աստուած վկա՛յ, ես Սարգսի առ իշխանն ըրած ծառայութիւնը չեմ կրնար մոռնալ. ի՛նչ որ տրուի իրեն` արժանաւոր է: Մեր պարտքն ի՞նչ է, Թորոս մենէ ի՞նչ կուզէ. սիրով վարուիլ, իրարու հետ, ազգին ազատութեան եւ լաւութեան համար աշխատիլ. գոհ լինինք, եղբայր, մեր եւ ազգին վիճակեն, փառք տանք աստուծոյ. փուճ խօսքերով ինչո՞ւ իրար թունաւորենք. ես ծերացայ. դու ալ ծերանալու վրայ ես. քիչ մը հանդարտէ. խելօք եղիր. տղաքը որ կը հասնին, շահելու նայէ. չի տեսա՞ր քանի անգամ իշխանը մեր երկուքը ցուցնելով տղոց` «Ասոնք մեր հայրերն են, ասոնք մեր խելօքներն են, մենք ասոնց խօսքը մտիկ ընելու ենք», ըսաւ. հիմա կ'ըլլի՞, որ մենք անոնց սիրտը կոտրենք, կարծել տանք թէ մենք կը չարանանք եւ կը նախանձինք:
Բաբկէնի այս ճառին վրայ Կոստանդին տխրեցաւ` ձայնը քաշեց: Եւ ինչպէս որ զրուցեցինք` զօրաց աղաղակը իրենց զօրավարին ընդունելութեան համար, մեր երկու ընկերները իբրեւ, քունէ մը արթնցուցին` իմացնելով թէ Անարզաբայ առջեւ հասեր էին:
Սարգիս սրամիտ եւ արթուն, ինչպէս որ հասկցուցեր էր Թորոս իրեն, նոյն կերպով ճիշտ բանակը ճակատեցուցեր էր բերդաքաղաքին պարիսպներուն դէմ, երեքի բաժնելով, իւրաքանչիւրին իրեն խրամները եւ պատնէշները որոշելով ու ցուցնելով, վրանները կանոնաւորեալ շարել տալով. վրան չեղածներուն` ծառերու ճիւղեր բերել տալու հրաման ընելով, որպէսզի տաղաւարներ շինուին, եւ ամէնքը կանոնաւոր միակարգ եւ ոչ խառնիխուռն անկարգ:
Երբ Մլեհ եւ Ստեփանէ, որ տաճկաց զինուորական ծառայութեան մէջ անցուցեր էին իրենց օրերը, այս կանոնաւորութիւնը տեսան, զարմանոք Սարգսի մօտենալով, սկսան հարցնել, թէ ուսկի՞ց ուսեր էր այսպէս բանակ զարնել տալ. իսկ նա ցուցնելով զթորոս` «Իշխանին հրամանաւն եւ կարգադրութեամբ ամէն բան ընել կ'ուտամ», ըսաւ: Իսկ Թորոս այն միջոցին հրաւիրելով զեւփիմէ եւ Դիոնիս հանգչելու իրեն պատրաստուած վրանին տակ, քաղքին շուրջը պտոյտ մը կ'ընէր թէ քաղաքը դիտելու եւ թէ բանակը զննելու համար, ամէն տեղ ինչ պակասութիւն կար Բաբկէնի, Կ'ոստանդնի եւ ուրիշ զօրավարաց կը ցուցնէր համառօտ եւ ճիշտ խօսքերով: Երբ իւր քննութիւնը լրացուց, եկաւ հանգչելու վրանին տակ: Խօսեցաւ եղբարցը հետ դարձեալ, շատ մը հարցմունքներ ըրաւ Հալէպու ամիրայի` Նուրետտինին վրայ, անոր բնաւորութեան, վարմունքին, զօրութեան, տաճկաց պատերազմելու ընդհանուր կերպին վրայ: Վերջը սեղանը պատրաստել հրամայեց, հրաւիրեց զամենքը, որ նստին կերակուրի, յանձնելով Եւփիմէի պատուիլ իր նորեկ եղբայրները, որ դեռ հիւր էին քանի մի ժամու համար, եւ որ քիչ մը վերջը տնեցի պիտի լինէին բոլորովին. զինուորներուն հետ պատառ մը հաց կերաւ եւ յետոյ ելաւ դաիձեալ պտոյտ մ՚ընելու, ամէնուն տեղեկութիւն հարցնելով Անարզաբայ վրայ, մանաւանդ անոնց, որ նոյն քաղաքացի էին. տեսաւ նաեւ մէկ քանի երիտասարդ ալ, որ Սմբատի ծառայութեան մէջ գտնուած էին անոնք առանձին հարցուփորձ ըրաւ, եւ ինչ տեղեկութիւն որ կ'առնէր` ամէնքն օգտակար համարելով, բան մը չէր արհամարհէր: Երբ նորէն իւր վրանը եկաւ, տեսաւ, որ անոնք իրենց կերակուրը կերած էին, սկսաւ Բաբկէնի հարցմունքներ ընել Վահկայ բերդին նորոգութեանց վրայ, որուն համար ապսպրէր էր բոլորովին նոյնպէս ընել, ինչպէս իրեն հօրեղբօր եւ հօր ժամանակ. ու երբ իմացաւ թէ նոյնպէս կատարուէր է, գոհ եղաւ եւ ամէնքը արձակելով հանգչեցաւ քունի:
Թէպէտ հազիւ թէ ամիս մը եղած էր, բայց զինուոր եւ զօրավարը ամէնքը գիտէին իրենց իշխանին արթուն սովորութիւնը, ուստի ամէն ոք գիշերապահ եւ գիշերայած իր պաշտօնը ճշտիւկը կատարէր, վասնզի որոշ գիտէր թէ չի կարծած եւ չսպասած վայրկենին զօրապետը ներկա էր, խիստ եւ ներողամիտ միանգամայն, որ գիտէր թէ երբ գործադրելու է պատիժ եւ վարձատրութիւն, ուստի ամէնքը թէ կը վախէին եւ թէ կը սիրէին զինքը:
Երբ առաւօտ եղաւ, ամէնքը տեսան զթորոս, որ ոտքի վրայ էր, եւ Սարգսի միջոցով աղեղնաւորաց խմբի մը կը հրամայէր նետաձիգ լինել ի քաղաք: Նետերուն վրայ թուղթեր կապել տուաւ, որոնց վրայ գրուած էր. «Թէ որ կ'ուզէք պաշարման նեղութենէ եւ ձեր իշխանին բռնութենեն ժամ առաջ փրկուիլ, միացէ՛ք եւ բացէ՛ք դռները, մենք ձեզ ազատելու համար եկեր ենք, գիտցէք, որ թշնամի չենք, այլ բարեկամ»: Այսպիսի հարիւրաւոր նետեր նետուեցան քաղքին մէջ. Սմբատ իմանալով, խստիւ հրաման ըրաւ, որ ժողովուին եւ իրեն բերուիէն:
Երբ խուրձեր այս նետերէն կը բերէին եւ իշխանին առջին կը լեցնէին, ինք կատաղութեամբ ակռաները կը կրճտէր ու կը հայհոյէր. «վատ, դաւաճան, մատնիչ» բառեր բերնեն դուրս կը թափուէին շարունակ եւ իր բորբոքած փրփրած ժամանակը կը սպառնար, կը հրամայէր կրակի տալ քաղաքը, Թորոսեն ալ, բնակիչներէն ալ վրէժ առնելու համար: Այսպիսի ժամանակ ոչ կինը, ոչ տղան, ոչ սրբազանը եւ ո՛չ ոք չէր համարձակէր իրեն մօտենալու. ուստի ամէնքը հեռու կը պտըաէին: Նոյն միջոցին էր, որ Մարգրիտ իր ծերուկ Մարտիրոս ծառային հետ քաղքին հիւանդաց այցելութենեն ետ կը դառնար, ձեռքն առած այն նետերէն մէկ հատ մը: Իր ծանր եւ լուրջ դէմքը, որ ամէն ժպիրհ նայուածք կը խոնարհեցնէր, հրեշտակի կերպարանք մը ունէր, երբ իր հօրը կատաղութեան վայրկեանները կ'արթննային. ուստի երբ միջնաբերդը մտաւ եւ իր սենեակները երթալու ատեն իր հօրը գոռգոռալուն ձայնը լսեց, ճամփան շեղեց եւ հօրը հովանոցն ուղղուեցաւ ու ձեռքը նետը դէպի հայրը գնաց, որ զինքը տեսածին պէս, անցաւ դառն գանգատներու` ընդդէմ Թորոսի, ընդդէմ քաղաքացուոց, ընդդէմ բերդապահ զօրականաց, ընդդէմ իր ծառայից եւ նաեւ ընտանեաց: Մարգրիտ արձանի մը պէս մտիկ կ'ընէր այս խօսքերը, եւ երբ հայրը իր բոլոր կատաղութեան ճարտասանութիւնը եւ շունչը հատուց ու լռեց, այն ատեն քովը մօտենալով ու կարեկից աչքով սկսաւ նայիլ դարձեալ առանց խօսելու. Սմբատ վերջապէս կանչեց. «Զրուցէ՛, Մարգրիտ, դո՛ւ զրուցէ, միթէ ես իրաւունք չունի՞մ այս անիծեալ քաղաքը այրելու»: Երկայն լռութիւն մը այս խօսքերուն յաջորդեց, եւ իշխանը տեսնելով իր զաւկին ձեռքը այն նետերէն, որ իր բարկութիւնը գրգռել էին.
– Դո՞ւ ալ այդ նետերէն ձեռքդ կը պտըտեցնես:
– Քաղաքը կ'երեւայ թէ ողողուած էր ասոնցմով, որովհետեւ ես ալ հատ մը գտայ:
– Անիծի՜ց քաղաք, հիմն ի վեր տապալելու արժանի. անիծեա՜լ բնակիչք:
Այս խօսքերը դեռ բերանն էին, երբ աղմուկ եւ աղաղակ լսուեցաւ. ձայները վերը միջնտաբերդն կը բարձրանային, եւ պարիսպնեբուն միայն մօտենալով, կը տեսնուէր, որ ժողովուրդը եւ պահապանները իրարու հետ կը կռուէին, անոնք ուզելով դռները բանալ եւ ասոնք արգիլել: Ա՛լ կատարեալ մոլեգնելով Սմբատ զէնքերն առաւ, եւ առանց աղջկան ձայնին լսելու` դիմեց օգնելու իր զօրականաց, որ ժողովրդեան բազմութեան դէմ կը մաքառէին: Իշխանին տեսութիւնը փոխանակ հանդարտեցնելու, ալ աւելի զայրացուց ամբոխը. քարեր անձրեւի պէս կը տեղային, եւ միջնաբերդին դռնեն մինչեւ պարիսպները տուն, տանիք չի կար, որ զօրաց վրայ ունեցածը չի պապեր, իշխանը տեսնելով վտանգը ետ դառնալ կուզեր, բայց անկարելի էր շուարեալ մնացեր էր. իրաւ իր զօրքերը անգործ չէին կենար, արիւնը կը վազեր, բայց ի՜նչ օգուտ, որ մէկ ինկածին տեղ տասը-քսան կը բուսնէր. վերջապէս ձայն մը ելաւ, թէ ժողովուրդը կրցաւ դռներուն մէկուն տիրանալ` բանալ եւ թշնամին ներս խուժել. ուստի Սմբատ նոյն միջոցին գոնէ միջնաբերդը կուզեր ինքզինքը նետել, բայց կարելի չէր. այս յուսահատ վայրկենին ձայն փրթաւ ժողովրդեան եւ զօրաց մէջ:
– Օրիո՛րդն, Օրիո՛րդն, – պոռացին երկու կողմեն եւ լռութիւն մը տիրեց, քարի եւ նետի կարկուտը դադրեցաւ. Մարգրիտ երեւցաւ գլուխը բաց, անպատսպար. վազելով գնաց եւ ինք հօրը ձեռքեն բռնած, իբրեւ վահան զինքը ծածկելով, զօրքերն ալ ետեւեն` բերաւ մտուց միջնաբերդը, եւ դռները գոցուեցան: Ժամանակ էր, վասնզի միւս գռնեն Թորոսի զօրքերը գունդագունդներս կը խուժէին եւ քաղաքացուոց հետ եղբայրաբար կը գրկուէին, եւ միջնաբերդին վրայեն աեսնողներուն յայտնի էր, որ եթէ Մարգրիտ քանի մը վայրկեան աչ ուշանար` հայրը ողջ կամ մեռած թշնամեաց ձեռքն ինկած էր:
ԳԼՈՒԽ ԺԸ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Այս առաքինութեան յաղթանակեն վերջը, ուր անզէն աղջկան մը երեւոյթը զինաթափ ըրաւ պատերազմող ձեռքերն եւ իր հայրը կորստենէ ազատեց, Սմբատ փոխուեցաւ բոլորովին: Իր հովանոցին մէջ նստած ոչ կը խոսէր, ոչ կ'ուտէր, ոչ կը խմէր. Տիկինը եւ սրբազանը մէկ քանի մը ջանացին իր յամառ եւ անտարբեր լռութիւնը ընդմիջել, բայց ճար չելաւ. ուստի Օրիորդին դիմեցին, որ հօրը հետ խօսի, բայց ի՞նչ խոսէր, այն չէին կրնար որոշել:
Իսկ թշնամին քաղքին ամէն կողմին տիրելեն վերջ պատրաստութիւններ կը տեսնէր, հողապատնէշներ կը շինէր, ճամփաներ, տուներ, հաղորդակցութեան միջոցներ կ'ապահովէր, բերդականաց ձգողական զէն քերեն պաշտպանուելու համար, ինչ որ պէտք էր, կ'ընէր եւ կը զարմանար, թէ նոքա կենաց նշան ամենեւին չէին տար:
Եւ իրօք իշխանին այն վիճակը ամէնը լքոյց, պատճառը ոչ աք չէր հասկնար, վարձկան զօրականք սկսած էին քրթմնջել, եւ վերը արդէն Տիկինն, նամանաւանդ սրբազանը, իշխանին խելքին վրայ ցնորք մը նշմարելով լռութենեն, սկսած էին դաւադիր լինել` կերպով մը տղան Բակուրայ տեղը նստեցնել խորհելով, երբ նա, որ մինչեւ այն օրը վտանգ մը տեսած չունէր, եւ իր հաճոյքներէն ու զուարճութիւնն երէն զատ բան մը չէր երեւակայէր, այս միջնաբերդին մէջ բանտ եալ վիճակեն ազատելն ուրիշ բան չէր մտածէր, ուստի իր այս թեթեւութիւնն ալ աւելի խայծ մ՚էր տիկին մօրը, տղուն անունով կառավարել:
Երբ Մարգրիտ այս վիճակը տեսաւ եւ գուշակեց, երբ կիսակտուր բառեր ամէն բան յայտնեցին եւ երեւակայեց թէ չարեաց չարագոյն վիճակ մը պիտի ծագի, որոշեց հօրը մօտենալ, եւ իր պարզութեամբ քովը նստելով սկսաւ հարցմունքներ ընել, թէ ինչո՞ւ տխուր էր, թէ ինչո՞ւ չէր ուտէր խմեր… եւ առանց ձանձրանալու այնչափ անուշ եւ այնչափ երկար խօսեցաւ եւ կրկնեց հարցմունքները, որ Սմբատ սկսաւ փոխուիլ, իր գետին սեւեռող նայուածքն ու խլութիւնը անհետացաւ, սկսաւ իր աղջկան խօսքերուն ուշադրութիւն ընելն յայտնել եւ վերջապէս, իբրեւ քունէ մը ցնցուելով եւ արթննալով, պատասխանեց:
– Դու, Մարգրիտ, դու չէի՞ր, որ ըսիր թէ քաղաքաըիք պիտի ապստամբին:
– Այո՛, հայր իմ, – ըսաւ աղջիկը, հօրը աջն իր ձեռքերուն մէջ ամփոփելով փաղաքշանոք:
– Ապստամբեցան եւ քաղաքը մատնեցին:
– Այո՛, հայր իմ:
– Դու չէի՞ր, որ ըսիր, թեւ այս վարձկան եւ սրիկայ զինուորները զիս պիտի մատնէն:
– Այո՛, հայր իմ:
– Ուրեմն ճար չի կայ, պէտք է սպասել այս վիճակիս, պէտք է սպասել գերութեան, պէտք է սպասել աստանդական շրջելու ապաստարան մը փնտրելու համար. դու ըսիր` ուրեմն, ասոնք պիտի լինին. դու գուշակեցիր` ուրեմն վերահաս է եւ պիտի հանդիպի. լաւ՛ է ուրեմն մեռնիլ:
– Ինչո՞ւ համար դու այսպէս կը յուսահատիս, հայր իմ, – ըսաւ Մարգրիտ` տեսնելով թէ իր նախատեսութիւնքը ինչչա՛փ վնասակար եղած էին հօրը, – ես մարգարէութեան հոգուով չի զրուցէցի բան մը, այլ բոլոր իմ խօսքերս ըրած ղիտողութեանցս վրայ երեւակայական ձզտումներ էին. դու թէ որ ուզես, ես հիմա, ես տկար աղջիկ մը ամէն բան կ'արզի կը դնեմ, միայն հրաման տուր:
– Ինչպէ՞ս կարգի կը դնես դու այս վիճակը, որ արդէն իր վախճանը գտած է:
– Հիմա Թորոսին քու կողմանեդ…
– Թորոսին իմ կողմանես պատգամաւոր կամ նամակ չի կրնար երթալ եւ պհտք չէ՛ երթա:
– Բայց, հայր իմ:
– Հայր, մայր չի կայ. փուճ տեղ ինձի հետ մի խօսակցիր, զիս մի նեղիր. ամէն մարդ իր բախտին պէտք է հետեւի. ի՛նչ որ մինչեւ հիմա քու հօրդ համար ըրիր` բաւական է, աստուած քեզ օրհնէ ու վարձատրէի ինչչափ որ գէշ, անպիտան եւ չարագործ ալ լինի մէկը, իր զաւկին համար, մանաւանդ երբ զաւակը այնչափ առաքինի է քեզի պէս, մէկ անգամուայ համար, երբ աղօթէ` աստուած անոր ձայնը կը լսէ, ուստի նորէն կ'ըսեմ, ես ա՛լ բան մը չունիմ, ամէն թան լմնցած է ինձի համար, ոչ իշխանութիւն, ոչ կարողութիւն, ոչ հարստութիւն, ամէն բան կորան եւ անոնց հետքն անգամ չի մնաց. հոս անզգամութեան չափը լցուեցաւ, դու միայն մնացիր անարատ այս գարշութեանց մէջ, աստուած քեզ վարձատրէ՛, աստուած քու վերջդ բարին ընէ՛:
Եւ այս խօսքերը զրուցելուն իշխանը ձեռքը զաւկին գլխուն դրած, աչքերը արտասուալից երկինք վերուցած էր:
Տխուր եւ դառն սրտիւ մտիկ կ'ընէր այս խօսքերը Օրիորդը, երբ հայրը ոտքի վրայ ելաւ, հանդարտ էր բոլորովին եւ սկսաւ վեր-վար շրջագայել, ու յանկարծ կենալով հրամայեց, որ Վասիլ կանչեն, եւ երբ նա սոսկումով ներս մտաւ
– Գնա՛, – ըսաւ, – բոլոր բանտարկեալները հոս բեր հիմա:
Քանի մը վայրկեան վերջը քառասունի չափ անձինք իր առջեւ շարուեցան շղթայակապ:
– Ամէնքն ասոնք ամբողջ ներկա՞ են, – հարցուց իշխանը, – չի կայ ոք պակաս:
– Ո՛չ, տէր, – պատասխանեց Վասիլի ռնգային ձայնը:
– Շուտ ասոնց շղթայները քակեցէ՛ք:
Եւ երբ հրամանը կատարուեցաւ`
– Գնացէք ձեր տուները, ազատ էք ասկից վերջը զիս եւ իմ յիշատակս նզովելու, անիծելու եւ հայհոյելու, միայն շնորհակալ եղէք եւ օրհնեցէք այս աղջիկը. ինչ որ մինչեւ հիմա ապրեցաք եւ պիտի ապրիք` գիտցէք` ի շնորհս նորա է: Տէ՜, մ՚երեւաք աչքիս, գնացէ՛ք:
Այնպիսի դառնութեամբ զրուցուեցան այս խօսքերը, որ իբրեւ թէ ինքնիրեն կը վախեր, որ կրնար զղջալ եւ հրամանը հետս կոչել: Ուստի մարդիկն ալ զարմանքով եւ ահով, դողով, երբ միջնաբերդին դռնեն դուրս ելան, մեծ ծանրութիւն մը գնաց իրենց վրայեն: Բայց այս ամէն եղելութեանց Մարգրիտ նստած ձեռք-ձեռքի վրայ դրած կը մտածէր, թէ ինչպէ՞ս կարելի էր այս քարասիրտ մարդուն սիրտը կակղեցնէի ուստի ելաւ վերջին ճիգ մ՚ալ ընելու, վասնզի այս մարդը ինչ աստիճանի անզգամ ալ որ լինէր, իր հայրն էր քովը մօտեցաւ.
– Սիրելի հայր իմ, – ըսաւ, – կը տեսնեմ թէ սոսկալի որոշմունք մը ունիս, բայց դու չես մտածէր թէ ես քեզմէ զատ մէկը չունիմ աշխարհիս վերա, դու միայն իմ յոյսս եւ իմ պաշտպանս ես, ես առանց քեզի ի՞նչ պիտի լինիմ:
Այս խօսքերով կը յուսար, որ յուսահատ որոշմունքէ մը զինք ետ կեցնէ, բայց իշխանը այնչափ միամիտ չէր:
– Դու փուճ տեղ կը վախես, աղջիկս, – ըսաւ, – ես դեռ իմ վերջին որոշմունքս չեմ ըրած, եւ զքեզ ալ պաշտպանութեան կարօտ չեմ գտնէր, վասնզի երէկ դու զիս պաշտպանեցիր, արդէն քու փափագդ յայտնի է ինձի. դու միշտ մենաստան մը քաշուիլ կ'ուզէիր, մենք զքեզ արգիլեցինք մինչեւ այսօրս. ուստի դու հանգիստ եղիր. բոլոր քաղաքը զքեզ կը պաշտպանէ, եւ դու ո՛ւր որ ուզես կրնաս քաշուիլ:
Այս խօսքերը խստութեամբ զրուցուեցան. ուստի իմանալով Օրիորդը որ ճար չի կար, տխուր իր սենեակը քաշուեցաւ` աստուծոյ յանձնելով ինքզինքը եւ երեք անմեղները` հարսը եւ իւր պզտի տղայքը, որ ուրիշներուն յանցանքը կը տուժէին:
Սոյն միջոցին, որ ինք հօրը հետ վերոյիշեալ խօսակցութիւնը կ'ընէր, Տիկինը, տղան Բակուրայ եւ սրբազանը մէկտեղ կ'իջնէին վարի մեծ գաւիթը, ուր զինուորաց խումբը կը կենային: Քանի մը ճրագներ եւ քանի մը կանթեղ տկար եւ տխուր լոյս մը կը ձգէին. ուստի երբ այս մեր երեք անձինքը սանդուխին վարը կ'եցան, բոլոր խումբը հոն ժողովուեցան, իմանալու համար թէ ի՞նչ կը նշանակէր այս անսովոր այցելութիւնը:
Սրբազանը սկսաւ տխուր ձայնով մը վիճակին ծանրութիւնը նկարագրել, վերջը հոն բերաւ խօսքը թէ ինչպէ՛ս իշխանը յուսահատ` բոլորովին հակասական հրամաններ կ'ուտար. երէկուան դատապարտուածները այսօր կ'արձակէր, թէ ինչպէ՛ս փոխանակ պատերազմի պատրաստութեան կամ բանագնացութեան մունջ եւ համր եղած` հարցմունքներուն նաեւ պատասխան չէր տար, եւ թէ ինչպէս Օրիորդն անգամ իրմէ գոհացուցիչ պատասխան մը չէր կրցած առնուլ… Ուստի, – աւելցուց սրբազանը, – թէ այսպիսի պարագայի մէջ Տիկինը եւ ինք, եւ Օրիորդը աղաչէր էին Բակուրայ իշխանազունը, որ յանձն առնու կառավարութիւնը այսպիսի ծանր պարագայի մէջ, որպէսզի քաղաքն անիշխանութեան չի մատնուի:
– Մենք իշխանը՛ միայն մեզի տէր կը ճանաչենք, ո՞ւր է, թող գայ, – ըսաւ ձայն մը:
– Մենք ձեզի հաւատարմութիւն չունինք, – աղաղակեց ուրիշ մը:
– Օրիորդը՛ թող գայ, այն խօսի, – ըսաւ մէկ ուրիշ ձայն մ՚ալ:
– Անոր միայն վստահութիւն ունինք:
– Օրիորդը՛, Օրիորդը՛ կ'ուզենք, – սկսան գոչել խառն ձայներու բազմութիւն մը:
– Դուք ալ մեզի պէս անպիտան էք, անպիտաննե՜ր, անզգամնե՛ր: Եւ ձայները կը բարձրանային, ու գաւիթը կը թնդար, մեր երեք անձանց վիճակը վտանգաւոր էր. ետ դառնալ եւ սանդուխներէն վեր փախչիլ անկարելի էր, գազանի մը կռնակը դարձնելն յայտնի է թէ յիմարութիւն է: Երեք անձինք, որ ինքզինքնին ծուղակի մէջ ձգեցին` բոլորովին շփոթեցան. եւ յիրաւի ամենեն քաջ մարզիկն նաեւ այդ արիւնալի եւ գազանային աչքերը որ տեսնէին, կարելի չէր սոսկում զիրենք չի պատեր: Տիկինը իւր բոլոր հնարիմացութիւնը ժողուելով նշան ըրաւ, որ կուզեր խօսիլ. բայց հազիւ թէ փոքրիկ լռութիւն մը կը սկսէր` աղաղակները դարձեալ կը բարձրանային եւ անհնար կը լինէր խօսք լսեցնէի այս տագնապին մէջ էին, երբ յանկարծ ճերմակ գիշերազգեստ հագած, մազերը կռնակն ի վար թափած երեւցաւ Մարգրիտ, որ խառնակ աղաղակներէն կարծելով թէ միջնաբերդն ալ առնուէր էր, մէկ ձեռքը ճրագ, միւսով եղբօրը փոքրիկ տղան գրկած դէպի սանդուխը կը վազեր, հարսն ալ միւս տղան գիրկը իրեն կը հետեւեր, երբ զինքը տեսան այն կէս գազան զինուորները, պատկառանաց լռութիւն մը տիրեց եւ Տիկինը սիրտ առնելով` «Ե՛կ աղջիկս, ե՛կ, մեր զինուորները քեզ կ'ուզեն, որ խօսիս, եւ հանդարտին» կանչեց: Եւ երեքն ալ մէկեն դէպ անոր կ'ելնէին սանդուխներէն ապահովելով համար:
– Ապրի՜ Օրիորդը, կեցցէ՜ Օրիորդը, – կը կանչէին զինուորները մէկ բերան:
Այս խառնակութեան եւ աղաղակներուն մէջ մայրը աղջկանը իմացուց քանի մը խօսքով, թէ ինչե՞ն էր այս գրգռութիւնը, եւ թէ ինք միայն կրնայ այս մոլեգին զօրականը հանդարտեցնել: Ուստի Մարգրիտ առաջ անցնելով սանդուխներէն քանի մը ոտք իջաւ` միշտ տղան գիրկը, ձեռքով նշանացի ըրաւ, որ լռեն:
Գեղեցկութիւն, երիտասարդութիւն եւ առաքինութեան դրոշմ կը նկան ճակտի վրայ` այնպիսի ազդեցութիւն ունի մարդկանց, որ անոնց գազանները նաեւ անկից ազատ չեն, ուստի շուտ մը լռութիւնը տիրեց, եւ Օրիորդը այսպէս խօսեցաւ:
– Ձեզմէ շատերը իմ տղայութիւնս գիտեն, կան մէջերնեդ մարդիկ, որ ես իբրեւ հայր ճանչցեր եմ եւ որոնց պաշտպանութիւնը վայելէր եմ զանազան ուխտագնացութեանց մէջ. մէկ հարկի տակ բնակեալ` ամէնքնիդ իբրեւ եղբայր ճանչիր էի մինչեւ այսօր, եւ այնպէս կը յուսայի թէ մեր այս թշուառ վայրկեաններուն, մէկ սիրտ, մէկ հոգի մեր ցաւերը պիտի չաւելցնէք, եւ այս վիճակեն ելնելու համար ինչ կերպով որ կարելի է ճարը մէկտեղ միաբան պիտի հոգանք: Այս բարկացայտ աղաղակները, որ զիս այս վիճակիս մէջ դուրս ձգեցին սենեկես, այս անմեղ տղայոց արցունքը, որ զիս շփոթեցին, ինձ այսպէս կարծել տուին, թէ թշնամին առէր է այս մեր վերջի ապաստանն ալ, եւ մզ գերութենէ զատ ուրիշ բան չէ մնացեր: Իսկ հիմա կը տեսնեմ, թէ մենք մեր տանը մէջ խռովութիւն կը հանենք, զիրար կ'ուզենք հարուածել. մի՛ կարծիք թէ այսպէս մէջերնես մէկը օգուտ կրնայ քաղել. պէտք է ամէնքս լաւ ըմբռնենք, թէ մեր մէջեն նա, որ հիմա վազէ այս դուռը բանալու եւ ներս հրաւիրէ թշնամին, է՛ն արհամարհը ինքն է նորա աչքին. մատնութեան պէս անարգ ի՜նչ կայ աշխարհիս վրայ, ո՛վ մէջերնես Յուդայի անունը եւ բաժինը կուզէ ժառանգել: Ո՛չ ոք: Այս աղաղակները, այս կիրքը նաեւ մեզի ի՜նչ գէշ հետեւանքներ պիտի բերեն: Հանդարտինք, եղբարք իմ, ձեր մէջեն կը տեսնեմ ես քանի մը խոհեմ ծերեր, անոնց խորհուրդ հարցուցէք, անոնք իբրեւ հայր յարգեցէք, անոնց խօսքը մտիկ ըրէք, բանի մը թէ կը փափագիք` անոնցմով մեզի իմացուցէք. իշխանը` իմ հայրս, գիտէք, որ քիչ մը հիւանդ է, այսպիսի աղաղակներով իր վիճակը կը ծանրանայ, եւ դուք տիրասպան լինելու նախատինքն ու աղտը ձեր անուան վրայ կը դրոշմէք, զգուշացէ՛ք:
Այս խօսքերը լուրջ եւ տխուր դառնութեամբ մը զրուցուած, բեմի վրայէ տրուած քարոզէ մը աւելի ազդեցութիւն ըրին այս աւազակաց վրայ, եւ այս մաքուր շրթունքներէն ելած խօսքերը իբրեւ թէ զանոնք մկրտեցին, հազիւ թէ մէկ-երկու խենթուկներ «Կեցցէ՜ Օրիորդը» պոոյսցին, «լռութիւն» բառը ամէն բերնէ զանոնք պապանծեցուց, եւ մեր իշխանական ընտանիքը խաղաղութեամբ ելաւ իր սենեակները: Մարգրիտ տղեկը յանձնեց հարսին, եւ ինք առանց ուշադրութիւն ընելու մօրը, եղբօրը եւ սրբազանին գովասանական անհամ խօսքերուն, որ վտանգէ ազատելնուն ի՛նչ զրուցածնին չէին գիտէր, լի դառն գուշակութեամբ հօրը հովանոցը ուղղուեցաւ, հազիւ թէ դռանը մօտեցաւ, իր ծեր եւ մունջ Մարտիրոսը տեսաւ, որ անսովոր համարձակութեամբ «Օրիո՛րդ, մի՛ մտնէր. հոս ի՞նչ բան ունիս» ըսելով կուզեր զինք արգելուլ: Այս արգելքը զինք իր համոզման մէջ հաստատելով` արգելքը վանեց եւ տախտին մօտեցաւ, ուր սովորաբար իր հայրը կը հանգչէր, եւ տեսաւ գնա տարածեալ` սուր մը սրտին մէջ գամուած, արիւնը, որ առուակի պէս կը վազեր, հասկցաւ, որ ամէն բան լմնցեր էր. չոքեցաւ հոն, բազմոցին եզերքը, նայեցաւ այն աստեղազարդ երկնքին, իր մտքին աչքերը դեռ անդին աւելի բարձր ողորմութեան աստուածը տեսան, որուն գթութիւնը անսահման է եւ անչափ, անոր աղօթեց, իր թշուառ հօրը ձեռքերուն վրայ գրաւ իր շրթունքները, իւր մաքուր եւ որդիական արցունքները, որ արիւնը կը լուային, ինք կը հաւատար թէ ոճիրները նաեւ կը լուային երկինքը. եւ երբ աղօթքը վմնցուց եւ հաւանոցին դռնեն դուրս ելաւ, տեսաւ զինուորաց ութ-տասը հատ ծերերը շարուած, որ իրեն կը սպասէին, ամենայն յարգանօք իրեն ըսին.
– Ո՜վ ազնիւ Օրիորդ, աստուած քեզ մխիթարութիւն տա, ինք տէրն ողորմի մեր իշխանին հոգուոյն, մեր բոլոր զինուորակիցքը իրենց ցաւակցութիւնը քեզ կը յայտնեն զմեզ պատգամաւոր յուղարկելով եւ կը խնդրեն, որ իրենց աղաչանաց մտիկ ընես եւ յանձն տոնուս յաջորդ լինիլ հօրդ, քո իմաստութեամբ եւ առաքինութեամբ տնօրինես: Իրենք յայտնի կ'իմացնեն, թէ ոչ տիկինը, ոչ սրբազանը եւ ոչ քու եղբայրդ Բակուրայ իշխանը, կրնան ճանչել յաջորդ իշխանին. իսկ եթէ դու յանձն չես առնուր, այն ատեն իրենք գիտեն իրենց ընելիքը եւ անոր համար ալ առաջուց թողութիւն կ'ուզեն:
– Ասանկ վայրկենի մը մէջ գոնէ մինչեւ վաղն առաւօտ ինձի ժամանակ պէտք է տաք խորհրդածելու. ձեր այս առաջարկութիւնը գիտէ՞ք որչափ ծանր է, ամէն կարգ ու կանոն տակնուվրայ կընէ, եւ աշխարհք ի՞նչ կը զրուցէ, երբ ես իմ մէկ հատիկ եղբայրս ղրկեմ ժառանգութենէ` հօրս դիակը դեռ հող չի մտած: Խնդրեմ, այսպիսի բռնաւորական գործ մի՛ ընէք, եւ նայինք թէ ոչ վերը, ոչ վարը բաժանմունք չլինի մէջերնիս. ձեզ իբրեւ հօր, անոնց իբրեւ եղբօր կ'աղաչեմ իմ այս խօսքերուս վրայ մտածել:
Առանց պատասխանելու ծերերը ելան գնացին, եւ Օրիորդը հազիւ թէ իր սենեակը մտաւ, զարմացաւ տեսնելով հոն մայրը, եղբայրը եւ անբաժանելի սրբազանը, որոնք սոսկումով պատած սկսան աղաչել իրեն, որ յանձն առնու ամէն առաջարկութիւն, ամէն իշխանութիւն, միայն թէ զիրենք եւ իրենց կեանքը ազատէ այս կատաղի աւազակաց գնդին ձեռքեն, որ իրմէ զատ բան մը չէին ակնածէր, եւ որ վարը արդէն զուասիլ յօշ-հոշ պատառելով սպաննած էին, իբրեւ լրտես եւ բանսարկու: Իսկ երբ Օրիորդը իրենց պատմեց, թէ ինք ինչպէս պայման դրած էր մինչեւ առաւօտ սպասելու, սկսան երեքը միաբերան լալ, ողբալ եւ կոծուիլ, մանաւանդ սրբազանը, թէ շատ գէշ բան եղած էր, թէ շատ կարելի էր, որ «Այդ անզգամ չարագործները, որ ոչ աստուծմէ կը վախէին եւ ոչ մարդկանէ կ'ամաչէին` դառնային գային եւ անկարծելի ոճրագործութեանց ձեռք զարնէին»: