Kitabı oku: «Թէոդորոս Ռշտունի», sayfa 11

Yazı tipi:

ԳԼՈՒԽ ԻԱ

Առաւօտուն երբ արթնցաւ Գրիգոր, ձմեռուան արեւու ճառագայթները սենեկին պատուհանները կը լուսաւորէին. Աղթամարայ ծովակը կը փալփլէր, բնութիւնը կենդանութիւն էր առէր: Շուտ մը ելաւ, եւ երբ հագուելու եղաւ զարմանքով տեսաւ, որ իւր տխուր զգեստներն անհետացեր եւ տեղը իշխանազնի մը վայել զգեստներ դրուած էին:

Յայտնի էր, թէ Սէթայ չէր կ'ամեցէր, որ իր հիւրը ստորին վիճակի մարդկանց զգեստներով երեւա, ուստի հագուեցաւ եւ բնական գաղտնի գոհութեամբ նաեւ, վասնզի սիրահար երիտասարդ ինչչա՛փ փիլիսոփայ որ լինէր` Թենիի վայելուչ երեւելի կը փափագէր:

Բայց երբ դահլիճը մտաւ` զարմանքով մնաց, իշխանուհուոյն քով նստած էր Ատոմ Շահունի եւ նոցայ քով Թենի: Գրիգոր որ ամենխին տեղեկութիւն չունէր ծեր զօրավարին եւ Ռշտունեաց Օրիորդին մտերմութեան եւ չէր կրնար ըմբռնել այդպիսի ընտանութիւն վասնզի դաժան ծերուն երկայն, չոր եւ դեղնած մատներուն մէջ կորած կը տեսնէր աղջկան փափուկ ձեռքը, եւ ինչչա՛փ պիտի զարմանար եթէ մէկն ականջեն գար ըսէր թէ` «Այդ ահարկու ծերը միայն գիտէր իրենց սիրոյն գաղտնիքը»: Բայց առանց յայտնի ընելու իւր զարմանքը` ողջունեց յարգանօք, գլուխը վեր առնելով`

– Զօրավար, – ըսաւ, – կը ճանչե՞ս Մամիկոնեան Գրիգոր իշխանը, Դաւթի որդին:

Ատոմ` րոպէ մը զննելեն վերջ` իւր քաղցր ձայնով`

– Տղա՛յ, – ըսաւ, – դու Սարեակի պատերազմին չէի՞ր Կամսարական Սուրէնի հետ:

– Այո, զօրավար:

– Ես քեզ կը յիշեմ, դու լաւ կը ռուեցար կարիքիդ համեմատ: Այս գովութիւնն ընելէ վերջ` վայրկեան մը կեցաւ ծերը` եւ

Թենիին դառնալով, աւելցուց.

– Լաւ՛ տղայ է:

Գրիգոր Հազիւ կրցաւ այս վճռին վրայ իւր ծիծաղը սանձել վասնզի այն իւր առաջին արշաւանաց օրերը ծերը տեսեր եւ ճանչեր էր, եւ այսչափ խօսք նորա բերնեն կ'իմանար թէ մեծ գովութիւն էր: էսեր էր նաեւ թէ ծիծաղի եւ շատախօսութեան մեծ թշնամի էր նա: Ուստի լուռ կեցաւ. իսկ ծերը անշարժ կ'ենալեն վերջ`

– Սուրէնէ լուր ունի՞ս, – հարցուց:

– Մէկտեղ էինք Դամասկոս, ճամփան մեր փախստեան ժամանակ արաբաց խումբ մը զմեզ բաժնեց, մենք Եփրատէ անցանք, նա Կ'ոմակենի ճամփան բռնեց, անկից վերջը լուր չունիմ:

– Քաջ մարդ է նա, – ըսաւ ծերը դարձեալ Թենի ի դառնալով:

Իսկ Սէթայ, որ իւր նամակին ընթերցմունքը վերջացուց, դարձաւ երիտասարդին.

– Ահա իշխանեն նամակ բերաւ զօրավարը, կը գրէ թէ ամիսի մը չափ ժամանակ դեռ պիտի ուշանայ, վասնզի Պոլիս մեծ խռովութիւնք ելեր են այս քանի մը ամսուան մէջ, Կոստանդին կայսրը թունաւորուած Մարտինէ մորմեն մեռէր է, եւ տեղը իւր փոքր եղբայրն է թագաւորէր: Հիմա ժողովուրդը եւ զօրքր ապստամբէր են, օրինաւոր ժառանգը` դեռ պատանի մը` նստուցեր են աթոռը: Իշխանը կը յուսա եւ կը գրէ թէ րագրատունեաց Ասպետին ազատութիւնն այս անգամ ապահով է, վասնզի աքսորանաց դարձին հրովարտակը ելեր է. եւ թէ իրեն բարեկամ հայազգի մը զօրավար կարգ ված է Կարնոյ յունաց բանակին. ուստի ինք Թէոդոսուպոլիս պիտի երթայ նախ իրեն հետ տեսնուելու եւ յետոյ պիտի դառնայ հոս:

– Եթէ իշխանն ուշանայ` ես ինչ պէտք է ընեմ, իշխանուհի, – հարցուց Գրիգոր:

– Այդ բանին համար ամենեւին հոգ մ՚ընէր. ես քեզի համար զբաղմունք կը գտնեմ: Ահա ուրիշ նմսմակ մ՚էլ կայ, որ Արծրունեառ Սահակ իշխանը կը գրէ եւ գունդ մը զօրք ինձմէ կը խնդրէ Մարդաս տանի իւր զօրաց օգնութեան պարսիկ ասպատակաց դէմ: Վարդ եթէ այստեղ լինէր` նա կ'ուղարկէի, որովհետեւ հօրը հետ է, դու էլ ր իմ զաւակս ես քեզ կ'ուղարկեմ եթէ յանձն կառնուս:

– Ամենայն սիրով, հիմա եթէ կը հրամայէք:

– Այսօր անկարելի է, վաղն առաւօտ ամէն բան պատրաստ կը լինի, եւ ճամփայ կ'ելնէք:

Գրիգորի հաճոյքը մեծ էր, օգտակար լինելու ուրախութիւնը կ'երեւէր երեսին վրայ: Իսկ ծեր զօրավարը, որ անխօս կը նշմարէր այդ երեւոյթը, մեծ ախորժով իմացաւ, եւ կամաց մը գլուխը կը շարժէր, որ իւր սովորութեանց մէջ «բարի նշան է» ըսել էր: Թենի իւր կարգին մէջ ոչինչ նշան հաւանութեան կամ ոչ հաւանութեան չէր յայտնէր:

– Հիմա այս նամակիս մէջ կան քանի մը մութ եւ անյայտ բանէր, որ Ատոմ զօրավարեն կ'իմնաս` կըսէ գիրը. ուրեմն այդ նեղութիւնը յանձն առնելով ինձ պիտի բացատրես, իշխան:

Ատոմ Թենիի ձեռքը թողուց. սա ոտք ելաւ եւ հարցուց ծերուն ժպտելով.

– Մենք երթա՞նք ուրեմն, հայրիկ:

– Հը՛, – ըսաւ ծերը աննշմարելի կնճիռով մը, որ ծիծաղ կը նշանակէր եւ միայն Թենիի պահած էր:

Գրիգոր այն ատեն ինքն էլ դուրս ելաւ եւ Թենի ըսաւ. – Գրիգոր իշխան, մի՞տքդ է այն ժամանակը, որ մեր գրքատունը շտկեցիր, կարգի գրիր:

– Այո՛, Օրիորդ, եւ այն ժամանակեն վերջը ինչպէս ամէն սիրելի բանէ զրկուեցայ, գրքի տեսութենէ նաեւ զրկուած մնացի:

– Ինձմէ զատ այդ խեղճ գրքերուն այցելութիւն ընող չի մնաց այն ատենեն ի վեր:

– Միատեղ այցելութիւն մ՚ընե՞նք, – հարցուց Գրիգոր:

– Ես էլ այն կ'ուզէի, մանաւանդ որ դու վաղը պիտի թողուս զմեզ, եւ այնչափ ուրախութեամբ:

– Այդ ուրախութիւնը` մինչեւ այսօր անօգուտ կեանք մը Ռշտունեաց տան ծառայութեամբ օգտակար ընելու փափագն է:

Եւ երբ մտան գրոց սենեակը երկու երիտասարդ սրտերը կը բաբախէին, եւ Գրիգոր նո՛րս սիրելի ձեռքը յափշտակելով երկայն համբոյր մը երբ դրոշմեց` Թենի հարցուց ժպտելով եւ ինքզինքը սանձելով.

– Ուրեմն զիս չե՞ս մոռցեր, Գրիգոր:

– Կարելի էր զքեզ մոռնալ: Ի՜նչ մնացել էր ինձ աշխարհքիս վրայ եթէ քու յիշատակդ չլինէր, այն մեր վերջի գիշերը երջանկութեան, որու վրայ այնպիսի սոսկալի խավարմունք մը պիտի տիրեր… Իմ գերութեան շղթայներուն միմիայն կասկածելի` մանաւանդ թէ յուսահատ յոյսր այն էր, որ Թենի թերեւս զիս չէր մոռցեր եւ կը սիրէր, այդ միայն կենաց կապ մնացեր էր աշխարհքիս վրայ:

– Խե՜ղճ Գրիգոր, եւ կը կասկածէի՞ր իմ սիրոյս վրայ:

– Ներէ, Թենի: Այնչափ հարուածք եւ այնչափ սաստիկ իրարու յաջորդեցին, որ կարծեցի թէ իմ թշուառութեանցս փուշէ պսակը այն միայն մնացեր էր, սրտատրոփ ահուդողով կը նայէի Ոստանի տշտարակներուն: Մինչեւ որ զքեզ չի տեսայ երէկ եւ լուսալիր աչքերդ յոյս չի տուին եւ ձեռքդ ինձ չի խօսեցաւ… ո՛հ զրուցէ անգամ մ՚էլ թէ կը սիրեմ:

– Այո՛, կը սիրեմ եւ միայն զքեզ կը սիրեմ:

Այս խօսքերուն երկար գրկախառնութիւն մը յաջորդեց, մինչեւ որ Թենի ցնցուելով ելաւ Գրիգորի բազկաց մէջեն, եւ նստելով բազմոցի մը վրայ` աթոռ մը ցցուց Գրիգորի, որ սիրով յափշտակեալ կուզեր քովր մօտենալ, եւ այնպիսի հրամայական ձեւով ցուցամատով կրկնեց հրամանը եւ

– Մի՛… այդ աթոռին վրայ, – ըսաւ:

Որ Գրիգոր կաշկանդեալ ակամայ նստաւ, ուր հրամայեց սիրուհին եւ բեկեալ

– Անգո՛ւթ, միթէ՞ այս վայրկեանը նորէն կը դառնա՜, – ըսաւ

– Աստուած որ այս վայրկեանը բերաւ աւելի երջանիկներն էլ կը բերէ, ես քու մահուանդ վրայ ինչչա՛փ արտասուք թափէր ես` եւ կ'ուզէի կուսանալ, բայց յոյսը զքեզ տեսնելու, ծնողացս դիմադրութիւնը եւ Ատոմ Հայրիկի յորդորները…

– Ո՜վ է Ատոմ հայրիկ, ծեր զօրավարը միթէ՞:

– Այո՛, նա ամէն բան գիտէ, նա միայն իմ մտերիմս է:

– Ի՞նչ կը թսես, միթէ՞ կարելի է այդ դաժան ծերը…

– Այդ դաժան ծերը ինձ համար ամենաքաղցր հայը մ՚է, նա զիս կը մխխթարեր քու կորսայեանդ վրայ, վասնզի նա միայն գիտէր, թէ ես կը սիրեմ զքեզ: Հիմա քաջ եղիր պատերազմի մէջ, բայց մի՛ մոռնար ինքզինքդ պահպանեւ Թենիիդ համար:

– Օ՜հ, ի՜նչ երջանկութիւն, դու զիս այսչա՜փ կը սիրես, Թենի:

– Ինչչա՛փ կրնամ սիրել: Բայց դու այղ քու քեռուոյդ` սքանչելի մարդուն` Աուրենի մեր սիրոյն գաղտնիթը չէի՞ր յայտնած:

– Ինչպէ՞ս, ի՞նչ երեսով յայտնէի շղթայակապ եւ անյոյզ գրեթէ, եթէ իմ երագներս զրուցէի ապահով էի, որ զիս պիտի ծաղրէր:

Այս խօսակցութեան մէջ Գրիգորի աթոռն այնչափ մօտեցեր էր բազմոցին, որ իւր ծունկերը Թենիի ծնկվներուն սկսէր էին դպիլ:

– Հիմա էլ, սա գրադարանին մէջեն, – ըսաւ Օրիորդը հատոր մը ցցնելով, – այդ գիրքն ինձի տուր:

Գրիգոր գնաց գիրքն առաւ, եւ երբ դարձաւ` տեսաւ, որ աթոռն իր առաջի տեղը դրուած էր, Թենիի նայեցաւ, որ ժպտելով`

– Ապահով եղիր, զրուցեց, որ Ատոմ հայրիկ ո՛ւր որ է, կ'ուգայ հիմա զմեղ կը գտնէ. ուստի տեղդ հանդարտ նստէ: Իսկ այդ գիրքն ա՛ռ, մի՛ բանար, մի՛ խախտեր մատենակապր, մի՛ կարդար, դիր քու պայուսակիդ մէջ, մինչեւ որ վաղը ճամփայ ելնես: Խօսք տո՛ւր:

– Մեր սիրոյն վրայ խօսք կ'ուտամ. եւ եթէ կ'ուզես` հիմա կ'ուտամ Զաւէնի, որ պահէ եւ ան ատեն միայն ինձ տա…

Այս միջոցին դուռը ճռնչեց, եւ Ատոմ ներս մտաւ:

– Խօսքերնիդ վերջացա՞յ վ, հայրիկ, – հարցուց Թենի:

– Այո. հիմա դու գո՞հ ես, Թենի:

– Շատ գոհ եմ, հայրիկ, եւ քու. մխիթարութեանցդ համար էլ շատ շնորհակալ. դու զիս քաջալերեցիր եւ քեզմէ զատ մտերիմ ոք չունէի: Քեզնէ ի զատ էլ մարդ չի կայ, որ մեր սիրոյն գաղտնիքը գիտենա:

Ատոմ ժպտեցաւ ըստ իւր սովորութեան, եւ վերջը Գրիգորի մօտենալով, ձեռքը սուրին գրաւ եւ ըսաւ.

– Դաւթի որդի, այդ գիրքը թո՛ղ. պատերազմի կ'երթաս, քաջ եղիր, խելօք եղիր: Հիմա այնտեղ կը գտնես Արծրանեաց Սահակը, քու զօրավարդ է` հնազանդէ որպէս աստուծոյ. բայց նոյնպէս քեզնէ վար զինուորէ նոյն հնազանդութիւնը պահանջէ: Խիստ, բայց արդար եղի՛ր: Քաղցր, անուշ լեզու մարդոցմէ վախցիր, հեռու պահէ քեզնէ: Այդպիսեաց մեծ մասը` եթէ ոչ ամէնքը` կեղծ եւ անարգ շողոքորթներ են: Քաշերը վարձատրէ. վատերը պատժէ առանց գթութեան, զինուորը պէտք է թշնամի են աւելի իւր զօրավարեն վախէ, բարի օրինակ քաջութեան, վտանգն արհամարհէ, զինուորը երբ կը տեսնէ թէ զօրապետը չի վախեր մահվնէ, ինքն էլ կարհամարհէ մահը. յաղթութեան եւ յաջողութեան բոլոր գաղտնիքը հոն է: Միշտ միտքդ լինի եւ դիտցիր, որ ես այսօր քեզ համար երաշխաւոր եղեր եմ իշխանուհուոյն եւ ըստ այնմ շարժէ: Թող ուրեմն այդ գիրքը:

Գրիգոր Թենիի նայեցաւ, եւ սա`

– Հայրիկ, այդ դիրքը պատմական գիրք մ՚է, Մամիկոնեանց պատերազմն ու քաջութիւնը կը պատմէ. ես տուի Գրիգորին:

– Լաւ՛, եթէ դու տուիր, Թենի: – Ուրեմն պահէ, քու նախնեացդ պէս եղիր. հիմա դու իջիր, իմացիր, թէ ինչչա՛փ մարդ քեզի հետ պատերազմի պիտի երթայ, ո՛ւր Արծրունեաց գունդին հետ պիտի միանաս, քանի օրուան պաշարի պէտք ունիս, զօրքը լաւ զէնք, վերարկու, ոտքի աման ունի՞ն. քանի որ այստեղ ես` ամէն բան լաւ կարգի դիր, վերջը կը զղջաս: Գիտցիր, որ այս Ռշտունեաց տան մէկ հատիկ` միմիայն անքաւելի մեղքը դու չես ճանչեր, Յուսիկ անուն ժլատ մ՚է. ի՛նչ բանի որ պէտք ունիս կամ կրնաս ունենալ, պէտք է ո՛չ ուզես` այլ բռնի առնուս եւ աչացդ առջեւ եւ այնպէս ճամփայ ելնես. եթէ չես ուղեր, դու էլ, զինուորդ էլ անօթի կը մեռնիք. գնա՛, մանրամասն ամէն բան իմացի՛ր. ձի, գրաստ, պաշար, պարէն, ինչ որ պէտք կայ ա՛ռ. այդ անպիտան աւազակին խոստմանց մի՛ հավտար:

– Շատ շնորհակալ եմ, զօրավար, տուած խրատներուդ, երթամ ուրեմն նախ իշխանուհին տեսնեմ:

Երբ Գրիգոր դուրս ելաւ, ծեր զօրավարին խրատներուն ճշտութեամբ հետեւեցաւ. չորս հարիւր հոգուոյ խումբ մը իրեն կը յանձնէր Ռշտունեաց Տիկինը, նոցայ ամէն պէտքը գիր առած` գնաց Յուսիկի հետ խօսեցաւ քաղցրութեամբ` շոյելով անուշ, սպառնալիքներ ընելով եւ նորա հոգիեն ու սրտեն յաջողեցաւ իւր ամէն ուզածը փրցնել:

Երկրորդ առաւօտուն Թենի Ոստանին պատշգամբեն կը տեսնէր երիտասարդ զօրավարը, որ նաւերու վրայ բարձած իւր փոքրիկ խումբը եւ նոցայ պիտոյքը կը նաւարկէր Աղթամարայ ծովուն արեւելման, հիւսիսային կողմը, եւ երբ հեռացաւ առաւ Զաւէնի ձեռքեն Փարպեցիի հատորը, եւ գրքին վերջի պարապ էջերը գտաւ մանր, փոքրիկ, գեղեցիկ գրերով յիշատակարան մը այն ամէն Յուսահատական եւ տխուր զգացմանց, որ ունեցեր էր Թենի այն չորս երկայն տարիներու բաժանման, ուր երբեմն իր սիրելոյն մահը կ'ողբար, երբեմն յուսոյ նշոյլ մը կը զգար, երբեմն միանձնուհի լինելու փափագներ կը յայտնէր, երբեմն զինք հարսնութեան ուզող երիտասարդաց վրայ դատողութիւններ կ'ընէր: Վերջապէս այդ գրութեան մէջ կը տեսնէր Գրիգոր աղջկան հաստատամտութիւնը իւր սիրոյն վրայ, եւ այդ չորս տարուան միջոցին իւր մտաւոր կատարելութեանց զարմանալի զարգացումը մարդիկ եւ երկիրը դատելու վրայ:

Ո՜վ կրնայ պատմել Զաւէնի ուրախութիւնը, որ կը տեսնէր Գրիգոր հրամանատար փոքր խմբի մը, որ յառաջաբան եւ սկիզբն կը համարէր իւր իշխանիկին. արդէն ինք առանց Գրիգորի եւ Թենիի սիրոյն գաղտնեաց տեղեակ լինելու` իւր մտքին մէջեն հաւանութիւն աւէր էր նոցայ ամուսնութեան, եւ իրեն համար այդ ժամանակի խնդիր էր. ուստի մինը կարդալով եւ միւսը երազելով եւ երկուքն էլ մէկ-մէկ քիչ քուն լինելով` հասան Բերկրուոյ մօտ ցամաքը, եւ անկից ուղեւորեցան Մարդաստան` ուր գտան Արծրունեաց նախարարը, որ առաջ Գրիգորի երիտասարդութեան խորհրդածեց մտքեն, երբ նորատէգ մորուոք երիտասարդ մը տեսաւ. բայց երբ փոքրիկ խազմեր տեղի ունեցան եւ տեսաւ տղուն շրջահայեաց յանդգնութիւնը, գուշակութեան ոգին, որ թշնամեաց ամէն շարժմունք կը նախատեսէր եւ կը հարուածէր, ուղղութեան եւ արդարութեան ոգին, որ մեծին ու պզտիկին վստահութիւն կը բերէր, իւր գունդերն էլ իրեն յանձնեց ու գնաց Վանտոսպ: Եւ լի գովութեամբք շնորհակալութեան նամակ մը գրեց Ռշտունեաց Տիկնոջ իւր ընտրութիւնը շնորհաւորելով: Իսկ Գրիգոր` Արծրունեաց նախարարին հեռանալեն օգուտ քաղելով` յարձակեցաւ մինչեւ Կ'ապուտան ծով, սարսափ ձգեց բոլոր մեծ ու պզտի բռնաւորաց վրայ, որ Պարսից տէրութեան իյնալեն անիշխանութեան հետեւանք եւ ծնունդք էին, եւ գարնան Հետ ետ դարձաւ Ռշտունիք յաղթանակաւ եւ մեծ ուրախութեամբ, բայց ուրախութիւնը տրտմութեան փոխուեցաւ:

ԳԼՈՒԽ ԻԲ

Թէոդորոս Ռշտունի իւր անուանակից Թէոդորոս Երիզացուոյ յունաց արեւելեան բանակի սպարապետին գալստեան կը սպասէր, եւ մեծ յոյս ունէր, որ Վարազտիրոց Բագրատունի նաեւ, որուն հաքսորանաց դարձի հրովարտակն ելած էր` միատեղ դառնար Հայաստան ընտանեօք, եւ այն ժամանակ իւր ամէն խորհուրդներն ի գլուխ հանել կը դիւրանար առանց շփոթութեանց եւ արիւնահեղութեան: Այն ձմեռուան սկիզբն, իւր Վարդ որդին Սիւնեաց Օրիորդին հես, նշանեց եւ խումբ մը զօրքով Սիւնեաց եւ Աղուանից օգնութեան ղրկելով ի Դարանդ` մնացեալ զօրքը Ատոմ Շահունիի հետ արձկեց ի Ռշտունիս, Ազգին մէջ եկեղեցականաց եւ աշխարհականաց անկարգութիւնք յաճախեալ լինելով` ժողով կարգեցին Ներսէս կաթողիկոսի հետ ի Դուին, ուր բազմութիւն եպիսկոպոսաց եւ իշխանաց գումար եալ կանոններ սահմանեցին բարեկարգելու համար եկեղեցին, սանձահարելու անիդխանութենէ առաջ եկած անկարգութիւնքը, ուր Թէոդորոս կը ջանար ժողովականիսց ոգին իմանալ եւ պատրաստել թէ ո՞ր աստիճանի կրնային իր դիտաւորութեանդ յարմարիլ:

Փոքրիկ գունդ մը հետն առած Այրարատ, Գուգարք, Տայք շրջան ըրաւ, անտից եկաւ Բարձր Հայոց նահանգը, մտաւ Կարին: Հոն հասաւ եւ իմացաւ, թէ Մարտինէ եւ Երակլեակ աթոռեն իյնելով, Կոստանդ իւր հօր տեղ թագաւորէր էր, եւ զթէոդորոս Երիզացի պահեզով Թումայ անունով զօրավար մը նորա տեղ անուանէր էր, եւ թէ Բագրատունի Ասպետը շատ պատուով ընդունուէր էր կայսրեն ի մայրաքաղաքն: Եւ անմիջապէս սուրհանդակ մը դարձեալ կ'իմացնէր նամակաւ Թումայի կայսերական բանակի ընդհանուր սպարապետի կողմեն` թէ հասնելով Տրապզոն եւ արդէն հրամայած լինելով բոլոր Փոքր Ասիոյ զօրաց Եկեղեայ գաւառը ժողովիլ, շատ քաղցր խօսքերով եւ մեծ գովութեամբք Թէոդորոսի քաջութիւնքը բարձրացնելով փափագ կը յայտնէր իրեն հետ խորհրդակցիլ եւ պատերազմը ըստ այնմ կարգագել: Նոյնպէս նամակը յիշատակութեան արժանի կը համարէր Պրոկոպիոսի յիմար յանձնապաստանութիւնը, որ քանի մը տարի առաջ արհամարհելով հայ զօրավարին իմաստուն խորհուրդները, այնպիսի պարտութեան դիպելով հռոմէական պատիւն ու դրօշակները, նախատէր էր եւ երկրին աւերակաց ու կործանման պատճառ էր եղէի կիմաըներ նաեւ թէ նոր կայսրը զթէոդորոս Երիզացի չուզելով հեռացնել անձեն` նորա խորհրդով զթումայ ընտրէր էր այս պաշտօնին եւ յոյս ունէր թէ սիրով եւ միաբանութեամբ գործելով միասին մեծ փառաց պիտի հասնին թէ՛ ինք եւ թէ՛ հայոց զօրավարը:

Այս նամակն առնելով Ռշտունին, շուտ մը ելաւ Կ'արինեն եւ առանց ժամանակ կորսնցնելու հասաւ Երիզայ, ուր յունաց քանի մը հազար զօրք ժողւուած գտաւ, եւ յունաց զօրավարաց քաղաքավար յարգանօք ընդունելութիւնը զինք բողորովին ապահովեցին: Մինչեւ որ Թումայ մէկ-երկու օրէն հասաւ պոնտացի զօրքերով եւ ամենայն բիւգանդական կեղծաւորութեամբ շնորհակալութիւնք յայտնեց սորա գալստեան, եւ թէ ինք ինչպէս որոշած էր առանց նորա խորհրդեան շարժմունք մը անգամ չընելու:

Հայոց զօրավարը, եթէ ի ձեռին չունենար այդ վերոյիշեալ նամակները, մանաւանդ Երիզացիեն, ամենեւին չէր վստահէր յունաց, բայց նա հաւատարմութեան արժանի մարդ էր. ուստի հանհոգս եւ զբաղեալ էր արաբաց արշաւանքին վրայ խորհրդակցելով յոյն զօրավարաց հետ` երբ յանկարծ քանի մը հարիւր սպառազէն շրջապատելով իւր վրանը` հայ իշխանը զինաթափ ըրին, եւ առանց ամաչելու` ոտքերը, ձեռքերը շղթայեցին, եւ այն ատեն միայն երեւցաւ Թումայ` երգիծանք եւ ծանականք երեսաց եւ շրթանց վրայ նկարեալ:

Թէոդորոսի սրտին մէջ երկիւղ ըսուած բանը մուտք գտած չէր, վասնզի մահն արհամարհել իւր սովորութիւնն էր ի տղայ տիոց, բայց երբ միտքը կ'ուգային ընտանիք, որ իրեն կը սպասէին, ազդն անտէրունչ, որու վրայ մտածողք շա՛տ քիչ էին, յունական դաւաճանութիւնը իւր բոլոր անարգութեամբ, արաբաց մոլեռանդն անգթութիւնը իւր բոլոր կատաղութեամբ, հայ նախարարաց յիմար շահասիրութիւնը, որ հասարակաց օգտին իրենց շահը ընկերացնելու մէջ չէին հասկնար իրենց անձանց եւ իշխանութեանց ապահովութիւնն եւ փրկութիւնը, իրեն այնպիսի դառն խորհրդածութիւնք կը պատճառէին, որ եւ ոչ Թումայի անարդ կերպաբանաց ակնարկութիւն ձգել եւ իր կերպը նշմարել միտքն ինկաւ, այլ նոյնպէս անտարբեր նայեցաւ, ինչպէս զբաղեալ մտօք ոք կը նայի` անտաշ քարի եւ հասարակ կոճղի վրայ:

Թումայ այս նայուածքը արհամարհանաց վերջին աստիճան համարեց, եւ ուզեց աւեւի սաստիկ պատասխանել.

– Քու մի՞տքդ է, հա՜յ, – ըսաւ, – այն օրը, որ Պրոկոպիոսի` յոյն սպարապետի մը դէմ համարձակեցար բերան բանալ եւ իր արդար բարկութիւնն այն ատեն գրգռեցիր, որ մինչեւ իւր գաւազանը դասալիք փախստականիդ ետեւեն նետել պարտաւորուեցաւ: Ես այնտեղ ներկա էի:

Թէոդորոս ոտից գլուխ ակնարկ մը նետեց միայն անարգ մարդուն վրայ, ճիշտ նոյն ակնարկը, որ կը նետէ դաւեալ սէգ առիւծը երկաթեայ վանդակին մէջեն, երբ շուրջը կը պատեն ապուշ ամբոխ մը ամէն աստիճանի մարդկանց, որ իւր Ափրիկէի ոչ անապատները կը ճանչեն եւ ոչ սաղարթախիտ անտառները գիտեն, ուր իւր որ եա տալից ձայնը մարդ եւ գազան սարսռալից ծակասոյզ կընէ:

Այդ նայուածքը միայն Թէոդորոսի պատասխանն եղաւ:

Նոյն ժամ ոյն հրամայեց Թումայ ճամփայ հանել հայ զօրավարն ի Կոստանդնուպոլիս, ոչ թոյլ ընել եւ ոչ դադար գիշեր ու ցերեկ, մինչեւ որ հասնի մայրաքաղաք: Նոյն էր եւ Թէոդորոսի փափագը, որպէսզի ժամ առաջ վերջր գա այդ անտանելի վիճակին: Սակայն ծանր էր իրեն հաս ար երկու խօսք չի կարէնալ ձգել իր տունը, միայն այն կը մտածէր նոյն միջոցին: Իսկ Թումայի շտապը այն էր, որ լսէր էր, թէ սոյն այս Թէոդորոսի ցեղեն Դաւիթ Սահառունի` այսպէս դառնացեալ Մժեժ Գնունիէ` իւր կապերը կոտրէր, ազատէր, եւ սոսկալի հարուած բերելով յունական զօրքը խորտակէր եւ զմժեժ իւր վրիժառու ձեռոք սպաննէր էր: Ուստի այս վտանգը հեռացնելու համար գլխեն` կը շտապեցնէր իւր կալանաւորին երթը, շրջապատելով բազմաթիւ հեծելոք, եւ խիստ սպառնալիք նոցայ գլխաւորին վրայ դնելով. եւ պատուէր նաեւ աւելացնելով, որ փախստեան ամենափոքր առթի սպաննեն հայ իշխանը: Այսպիսի հրամաններով` խումբը երբ հասաւ Առիւծ գաւառի Արօրակ աւանը, հանգչելու պէտք անհրաժեշտ լինելով` սենեկի մը մէջ բանտեցին ղթէոդորոս, որ քիչ մը բան ուտելով հազիւ քուն եղաւ, դուռը բացուեցաւ եւ երիտասարդ մը մտաւ, որ ճրագ, թուղթ, գրիչ ի ձեռին` յարգանօք մօտեցաւ, եւ քովը դնելով սեղանին վրայ, մաքուր հայերէնով ըսաւ.

– Իշխան քաջ, եթէ կ'ուզես վստահանալ հայ տղու մը, որ քու անունդ եւ քաջութեանցդ համբաւը միայն լսելով զքեզ կը յարդէ եւ կը սիրէ, եւ Ռշտունիք հրաման մը կամ տեղկութիւն մը տալ կը փափագիս, ես կենացս վտանգաւ յանձն կառնում երթալ եւ տանիր Եթէ երդումը արժէք ունենար ժամանակիս մէջ…

– Մի՛, – ըսաւ Թէոդորոս` քննիչ աչք մը ձգելով երիտասարդին վրայ, – բաւական է այսչափը, – եւ գրիչն առնելովքանի մը տող միայն գրեց, եւ տուաւ տղուն: Նամակին մէջ այս միայն գրած էր «Ռշտունեաց Տիկին Սէթայ. ես յոյն զօրսւվարեն դաւաճան եալ կ'երթամ Կոստանդնուպոլիս, բացի Ատոմ Շահունիէ մարդու հաւատարմութիւն մ՚ընէր. կառավարէ երկիրը ինչպէս գիտես, վարժն զվարդ կառավարութեան, ամրացու երկիրը եւ եթէ յարկ դատես քաշուէ Աղթամար, տեսնենք աստուած ի՛նչ կընէ: Թէոդորոս»:

– Պատուէր մը ունի՞ս, իշխան, – հարցուց երիտասարդը թուղթը գրպանը դնելով:

– Պատմէ՛ վիճակս ինչպէս որ կը տեսնես:

– Յուսամ հաստուած, որ Կոստանդնուպոլիս հասնելեդ քիչ վերջ այս թուղթին պատասխանը կը բերեմ:

– Կարելի է, – ըսաւ Թէոդորոս սառն ձեւով:

Երիտասարդը այլեւս չի խօսեցաւ. ժողուեց իր բերածը, յարգանօք ողջունեց զթէոդորոս, դուռը նոյնպէս գոցուեցաւ եւ գնաց, եւ քանի մը ժամ վերջը, երբ Թէոդորաս կալանաւոր կ'ելնէր ճամփայ իջնելու Կեռասուն, նա էլ հակառակ ճամուաւ Հայաստան Ռշտունեաց երկիրը կ'ուղղէր իւր ընթացքը: Պէտք չէ զարմանայ ոք այս երիտասարդին վրայ, վասնզի ինչպէս եղած են եւ միշտ պիտի լինին անձնամոլութեան, ստութեան, անզգամութեան հակամէտ ոգիներ, նոյնպէս են եւ միշտ պիտի լինին ճշմարտին, բարուոյն, գեղեցկին սիրահար ոգիներ, որ կրօնքի, հայրենեաց եւ ազնուական գաղափարաց մարտիրոսներն կը տեսնենք ամէն գարու մէջ: Թէոդորոս` փորձառու մարդկային սրտին, ցուրտ դիմոք ընդունեց երիտասարդը, վասնզի կրնար դաւաճան մը լինիլ, թումայի պէս սեւ յօդի մը ունենար, եւ նորա գործիք լինէր. բայց կրնար, եւ որ աւելի հաւանական կ'երեւէր իրեն նորա կերպարանքի պարզութենեն – ազնիւ ոգուոյ մը տէր լինիլ, ուստի այդ տողերը գրեց եւ իրեն յանձնեց` որոց յայտնութենեն ոչ մէկ վտանգ չէր կրնար յառաջ գալ եւ որ գիտէր թէ Սէթայ ի գործ պիտի դնէր առանց այդ նամակին:

Ցռկանաւ մը Կեռասուն իրեն կը սպասէր, եւ որ գարնան առաւօտ մը կանուխ հասաւ կայսերական քաղաքը, մտաւ ոսկեղջիւրն ներս եւ խարիսխ ձգեց. նաւամատոյցի առաջ քանի մը զինուորք միայն մնացին, իրենց գլխաւորը եւ մեծ մասը թողին գնացին քաղաք: Թէոդորոս այն ատեն յարմար ժամանակ գտնելով, երիտասարդ մը, որուն շահասիրութիւնը եւ ագահութիւնը առակի եւ կատակի նիւթ եղած էր իւր զինուորակցաց` քովը կանչեց եւ իրեն ըսաւ.

– Դու եթէ ուզես` հիմա այս վայրկենիս կրնաս հարիւր ոսկի ստանալ առանց մեծ աշխատութեան:

– Միթէ՞, – հարցուց երիտասարդը զարմացած:

– Այո՛, եւ շատ դիւրաւ:

– Խնդրեմ, իշխան, ինչպէ՞ս:

– Այս նաւակներէն մէկը կը կանչես` կը մտնես եւ կ'երթաս սա դիմացի ծովեզրը փոքրիկ եկեղեցուոյն քովի պալատը, կ'ըսես, որ Թէոդորոս Ռշտունուոյն կողմեն կ'ուգամ` Ստրատելատին հետ պէտք է տեսնվիմ, վայրկենին քեզ իրեն առաջը կը տանին, կը ցցնես այս նաւը, կ'ըսես թէ Ռշտունին հոն է շղթայակապ եւ կը խնդրէ, որ ինձ հարիւր ոսկի տաս:

– Եւ այդպէս հարիւր ոսկին ինձ կուտածն, – հարցուց երիտասարդը աչքերը մեծ-մեծ բանալով:

– Եթէ դեռ ուշանաս` Ստրատելատ կելնէ կ'երթայ, եւ ետքը իմ գալս երբ ուրիշեն իմանայ դու հարիւր ոսկին կը կորցնես: Իսկ եթէ հիմա երթաս, հարիւր ոսկին եթէ ինք չի տայ` ես քեզ երկու հարիւր ոսկի կ'ուտամ:

Վայրկեան մը մտածեց տղան, բայց շատ չուշացաւ` ցատկեց նաւակ մը, եւ երբ ելաւ ծովեզրեայ պալատր, իրօք Ռշտունուոյն անունը տալուն շատ չանցաւ` հանեցին զինք ծեր զօրավարին առջեւ, որ նոյն ինք Թէոդորոս Երիզացին էր: Կը պատրաստուէր նոյն վայրկենին արքունիք երթալու, երբ «Շղթայակապ այդ նաւուն մէջն է» ըսաւ տղան, ծեր Ստրատելատը ցատկեց տեղեն` եկաւ պատուհանին քով եւ չկարէնալով հաւտալ, դարձեալ կը հարցնէր թէ իրօք այդ նաւուն մէ՞ջն է շղթայակապ: Իսկ երբ երիտասարդ զինուորը կրկնեց նոյն պատասխանը, ձայն տուաւ ծառաներուն եւ հրամայեց շուտով իւր նաւակը պատրաստել ու ինք սկսաւ իջնել սանդուխներէն:

– Բայց զքեզ չուզեց այդ հայ իշխանը, Ստրատելատ, – ըսաւ տղան, – այլ միայն ինձ հարիւր ոսկի տալ խնդրեց:

– Դու այստեղ նստէ, ետքը կառնուս քու ոսկիներդ, – դու ուստի՞ց ընկերացար Թէոդորոսի:

– Ես Երիզայ բանակին մէջն էի, երբ Թումայ զօրավարը հայը կապեւ տուաւ, եւ մեր գունդին հրամայեց, որ մինչեւ հոս բերենք զինքը եւ յանձնենք Վաղենտինոսի:

– Այ՜ս կերպով կ'իմանայ Թումայ իր պաշտօնը. անմի՜տ…

– Իսկ հայը ինձ ըսաւ, թէ գնա հարիւր ոսկի ուզէ իմ անունովս:

– Դու այստեղ նսաէ, ես հիմա կ'ուգամ եւ հաշիւդ կը տեսնեմ:

Այս ըսելով վեց թիակով նաւակը մտաւ եւ քանի մը վայրկեանեն ելաւ ցռկանայ վին վրայ, ուր Ռշտունին նստած այս նոր Բաբելոնին այս երկրորդ անգամ կը նայէր, երբ ահա իւր բարեկամ եւ անուանակիցը վազելով գիրկը դիմեց, եւ հրամայեց, որ նաւուն դարբինը գա շղթայները հանէ, որ նախատինք էին ոչ հայոց իշխանին, այլ նորա բարեկամաց:

Երբ պալատը դարձան մեր երկու Թէոդորոսք, Ռշտունուոյն առաջի գործը եղաւ երկու հարիւր բիւգանդական ոսկին վճարել տալ արծաթասէր զինուորին, եւ յետոյ այս խօսակցութիւնը տեղի ունեցաւ երկու բարեկամաց մէջ. Երիզացին կ'ըսէր Ռշտունուոյն.

– Շատ կը ցավիմ, որ իմ պատճառաւս դու վստահացեր ես այդ անզգամ Թումայի, բայց լաւ ժամանակի կը հասնիս քաղաքս, վասնզի քեզ պէս քաջի մը պէտք ,ունինք այս վայրկենիս:

– Ի՞նչ կը նշանակէ այս խօսքը:

– Այն կը նշանակէ, որ կայսրը տասնվեց տարու պատանի մ՚է, առաջին օրերը, երբ գահը նստաւ, Փիլակրիոսի ազդեցութիւնն էր, որ կը կառավարէր, բայց քիչ-քիչ Վաղենտիոս, որ զինուորականաց գլուխն էր` զօրաց թիւը շատցուց, այնպիսի բռնաւորական ձեւ մը առաւ, որ կայսեր դէմառդէմ հրամայական կերպեր սկսաւ գործածել եւ այս օրերը շատ կասկած կայ, որ յայտնի ապստամբութեան դրօշ բարձրացնելով` ինքզինք կայսր հրատարակել նաեւ յանդգնի:

– Ինչչա՞փ զօրք ունի այդ մարդը այդպիսի մեծ գործի ձեռնարկելու համար:

– Երբ Մարտինէ եւ իր որդին գահազուրկ եղան եւ գործելու գլուխը այս Վաղենտիոսն էր` 3000 սպառազինաց խումբ մը կար ի ձեռին:

– Երեք հազար հոգուով դուք կայսր մը կը դնէք եւ կ'իջեցնէք: Գեղեցի՜կ ելեւէջ:

– Բայց այդ երեք հազար հոգուոյ քամակին կան ծերակոյտը…

– Անարգ պալատականաց խումբ, որ միշտ յաջողութեան երկրպագու է:

– Այո՛, բայց կայ նաեւ ժողովուրդը, որ…

– Զզուելի՜ խաժամուժ, բի՜րտ մարդկութեան:

– Այո՛, բայց որ շատ անգամ, արդար պատուհաս մ՚է նոցայ դլխուն, որ կառավարել չգիտեն: Բայց մենք ժամանակ չունինք երկար խորհրդածութեանց, զօրավար, վասնզի ո՜յ գիտէ թէ այսօր ի՜նչ կրնայ պատահիր ժողովուրդը ժողւուած է Ս. Սոփիա եկեղեցին, եւ գիշեր-ցերեկ ահագին բազմութիւն մը կրկէսը եւ հրապարակները կը լեցնեն եւ սաստիկ գրգռուած են Վաղենտիոսի դէմ, վասնզի գիտեն թէ նորա ազդեցութիւն է, որ կը կառավարէ, տխմար եւ հասարակ շինական` ի շնորհս իւր անձնական գեղեցկութեան, այդ քու Թումայի քրոջը հաճոյանալով, որ տղայ կայսեր վրայ ազդեցութիւն ունէր ինչպէս նորա հօրը վրայ, հիմա կուզէ գահակից լինիլ կայսրույեան: Եգիպտոսի եւ բոլոր Ափոիկէի կորուստը սովալլուկ ըրաւ մայրաքաղաքր, եւ այս յիմար մարդը յարկ հարկի վրայ կաւելցնէ եւ իւր զօրաց թիւը կը շատցնէ: Ես, որ Մարտինէի եւ իր որդուոյն դէմ էիք հիմա այս կոշտ զինուորին դէմ պարտաւորեցայ գտնուելու:

– Բագրատունին ո՞ւր է: Գրեր էիր թէ հաքսորանաց դարձի հրովարտակն առի եւ կը սպասեմ:

– Դարձաւ եկաւ, բայց դարձեալ Վաղենտիոսի ազդեցութեամբ` հոս մօտ Իշխանաց կղզիներն երթալ ընտանեօք քանի մը օրուան համար հրաման եղաւ: Եւ այս ինձ հարուած մ՚է, վասնզի Վաղենտին հայոցմէ կը կասկածի. քու Արծափայ յաղթութեանդ լուրը եւ արաբացի նժոյզներու ընծան երբ հասան Պոլիս, ոմանց յոյս, բայց զինուորականաց շատին տհաճութիւն պատճառեց, վասնզի քանի որ այս կատաղի ժողովուրդը փրցաւ ելաւ իւր աւազներուն մէջեն եւ աշխարհքիս երեւցաւ, դեռ պարտութիւն կրած չէր է ուստի այդ երկու արաբացի զօրավարաց Օթմանի եւ Օւզայի գլուխները, որ յուղարկած էիր, եւ որ ես դնել տուի կրկէսին մէջ ի տես ժողովրդեան` զծեր Պրոկոպիոս կատղեցուցին, եւ զինուորականք իրենց ազդեցութիւնը գործածեցին, եւ Վաղենտին հիմա ի հայոց կասկածելով, ամէն բանի մէջ նոցայ ազդեցութիւնը կուզէ ջնջել` ինձմէ սկսելով, որ այստեղի հայոց գլխաւորը կը համարվիմ: Այս բանիս համար պատանի կայսեր թէ լա դրեցին իմ տեղս Թումայ անուանել արեւելից զօրավար. առերեսս այնպէս ցոյց տալով, թէ կայսրը զիս անձեն չէր ուզէր բաժնել:

– Հիմա իմացայ վիճակը: Դու ի՞նչ պիտի ընես, ինչպէ՞ս պիտի գործես:

– Իմ առաջս երկու ճանապարհ կայ, եղբայր. առաջին` Վաղենտինի հետ ինչպէս մինչեւ հիմա վարուեցայ` բարեկամ ձեւանալով, կայսեր աչքը բանալ եւ վտանգը ցցնել, երկրորդը` համարձակ իրեն եւ իւր կուսակցութեան դէմ թշնամութեան դրօշակ պարզել, ծերակոյտին եւ ժողովյրդեան գլուխ անցնիլ կանգնիլ:

– Բայց այդ վերջինին համար զինուորական գոնէ փոքրիդ զօրութիւն մը ունենալու է:

– Ես էլ այդ փոքրիկ զօրութիւնը պատրաստելու վրայ եմ: Հիմա` այս իմ պալատիս մէջ` բոլոր սպասաւորք հայ փորձ զինուորներ են, երեք հարիւր մը կ'ելնեն: Այստեղ մօտ կը բնակի եւ ինձ հետ լաւ կապուած է բարեկամութեամբ Գէորգ Մագիստրոս, որու պալատը կան երկու հարիւրի չափ նոյնպէս հայ սպասաւորք. նոյնչափ մ՚էլ կան Մանուէլ Արշակունուոյ` այդ առաքինի ծերուն ծառայութեան մէջ` քաջ տղամարդիկ, որ մահուանէ երկիւղ չեն ճանչեր:

– Այդ ամէնը բաւական ապահովութիւն կրնային համարուի` եթէ անմիջապէս քու այս պալատիդ դիմաց չի տեսնէի զինուորական նաւարանը:

– Այդ կողմեն վտանգ չի կայ, յոյն ծովապետը Վաղենտինի ոխերիմ թշնամին է, եւ ես եմ նորա պաշտպանը կայսեր մօտ:

– Ուրեմն ինչի՞ կը սպասես, եղբայր: Գործէ՛: Քու նկարագրութենեդ ինձ այնպէս կը թուի, որ շարժուելու ժամանակն հասած է:

Այս խօսքիս վրայ սկսաւ մտածել Երիզացին, որ շատ խոհեմ մարդ էր եւ աւելի քաղաքագէտ, քան թէ զինուորական:

– Բայց ես վայրկեանէ վայրկեան կը սպասեմ, որ այս մեր յոյն եղբազրք շարժմունքի սկիզբն տան, որպէսզի շարժմունքը հայկական կերպարանք չառնու, եւ իրենք թեւերնին կախած մեզ միայն չի թողուն: Եւ ապահով եմ, որ սովը մէկ կողմեն, յարկաց ծանրութիւնը միւսեն խռովութեան փոթորիկ մը պիտի հանեն: Եւ ժամեժամ այդ բանին կը տպասեմ:

Հազիւ թէ այս խօսքերը զրուցեց, եւ ահա երիտասարդ մը ներս մտաւ շնչասպառ…

– Խռովութիւնն սկսաւ Ս. Սոփիա, ժողովուրդը կատաղած զանտօնիոս այրեց, – ըսաւ:

– Դու քիչ մը շունչ առ, որ պատմես, – պատասխանեց Երիզացին առանց իւր հանդարտութիւնը կորսնցնելու, եւ դառնալով Ռշտունուոյն` կը տեսնե՞ս եղբայր թէ գործելու համար ի՛նչ վայրկենի կը սպասէի:

Երիտասարդը, որուն երեսր կարմրած` քրտինքը ճակտեն եւ մազերեն կը կաթէին եւ մեծ-մեծ շունչեր կ'առնէր եւ կուրծքը կ'ելնէր կ'իջնէր հեւալով, երբ քիչ մը հանդարտեցաւ սկսաւ պատմել.

– Երկու օր է, որ ես ձեր հրամանաւ ծպտեալ ժողովրդեան հետ էի, որ մայր եկեղեցին լցուած պատրիարքը կը խնդրէր աղաղակաւ. իսկ նա, որ երեսը կը ծածկէր` վերջապէս այս առաւօտ իջաւ եւ նստաւ հայրապետական աթոռը, ժողովրդեան խելօքներն սկսան գանգտիլ Վաղենտինի դէմ, նորա զինուորաց անկարգութեանց դէմ, յարկաց ծանրութեան, հացի թանկութեան դէմ եւ կը պահանջէին, որ երթայ ինք անձամբ խօսի Վաղենտինի հետ: Նա երկու մետրապոլիտ եւ ժողովյրդեան առաջնորդներէն ոմանք պատգամաւոր ուղարկեց զօրավարին: Ժողովուրդը պատասխանի կը սպասէր եւ ահա Անտօնիոս տեղակալը հազար սպառազէն մարզիկներով խուժեց եկեղեցին եւ ժողովրդեան գլխաւորներն հրամայեց գանակոծել: Հայրապետը այն ատեն կանգնած խստութեամբ յանդիմանեց Անտօնիոս եւ ըսաւ. «Աստուծոյ տաճարին մէջ` աստուծոյ ժողովրդեան հետ բարբարոսք եւ անօրէնք միայն այդպէս կը վարուին, զօրավար. եւ դու կը համարձակիս եւ աստուծմէ չե՞ս վախեր»: Իսկ Անտօնիոս յարձակեցաւ ելաւ բեմին վրայ եւ պատկառելի ծերուն` «Չա՛ր ծեր, դո՞ւ ես, որ կը յանդգնիս այս անարգ խաժամուժը գրգռել իւր տեարց դէմ եւ զիս յանդիմանել», – ըսաւ, եւ ապտակ մը զարկաւ աստուծոյ մարդուն. աղաղակաց որոտմանց ձայն մը բարձրացաւ ամբոխեն, եւ անզէն ժողովուրդը կատաղի գազան դարձաւ, դաշոյններ յայտնեցան եւ փայլեցան, աթոռ, աշտանակ, ջահ, քշոց, հայրապետական գաւազանք զէնք եղան, տաճարը խառնակութեան եւ պատերազմի դաշտ դարձաւ, արիւնը սկսաւ վազել, ժողովրդեան ինկածներուն տեղ նոր մարդիկ յաջորդեցին, մինչեւ Անտօնիոսի հազարքն անհետացան, եւ ինք ողջ-ողջ հանեցին դուրս տաճարեն եւ կապած փայտակոյտի մը վրայ բարձրացնելով այրեցին. կատաղի տղայք եւ կանայք պար կը բռնէին խարոյկին շուրջը, երբ ես թողի, եկայ լուր տալու:

Yaş sınırı:
12+
Litres'teki yayın tarihi:
26 haziran 2017
Hacim:
250 s. 1 illüstrasyon
ISBN:
9781772467987
Telif hakkı:
Aegitas
İndirme biçimi:
Metin
Ortalama puan 5, 1 oylamaya göre
Metin PDF
Ortalama puan 0, 0 oylamaya göre
Metin
Ortalama puan 0, 0 oylamaya göre
Metin
Ortalama puan 4,5, 2 oylamaya göre