Kitabı oku: «Թէոդորոս Ռշտունի», sayfa 12
ԳԼՈՒԽ ԻԳ
Երբ այս պատմութիւնը լսեցին եւ երիտասարդը դուրս եղաւ, Ռշտունին պատուհան են դուրս կը նայէր քամահաբար, եւ կարծես թէ խոր խորհրդածութեան մէջ էր: Իսկ Երիզացին քովը մօտենալով, եւ իբր թէ քունէ արթնցնելու համար առաջ ուսը կամաց մը ծեծելով եւ ժպտելով`
– Եղբայր, այդ քու մտածութիւնքդ իմ քովս շատ հին են, – ըսաւ, – բայց միտքդ դիր թէ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ կապրինք, այս կայսրութիւնն այսպէս նկեր, այսպէս պիտի երթայ. յիմար, վատ զօրական մը ոչ միայն զօրապետ կը դառնա կնոջ մը շնորհիւ, այլ կայսերական թագը գլուխը եւս դնելու կը ձգտի: Ես արքունիք կ'երթամ հիմա, դու ճաշդ ըրէ, եւ պատրաստ եղիր, ահա սա սենեկին մէջ ի՛նչ զէնք եւ սպառազինութիւն կուզետս կրնաս գտնիլ. ես քեզի իմաց կ'ուտամ` եւ ըստ այնմ կը շարժիս: Ուրեմն մնա,ս բարով:
Ժամ մը հազիւ անցած Թէոդորոս Ռշտունի նամակ մը կառնուր իւր բարեկամեն, որ զինք կը յորդորէր անցնիլ պատրաստական գնդին գլուխը, եւ իւր անձնապահապետին առաջնորդութեամբ գալ կրկէսը առանց վայրկեան մը կորսնցնելու: Երբ Թէոդորոս սպառազինեալ իջաւ պալատին ընդարձակ գաւիթը, ,որ ցամաքային դռան առաջն էր, տեսաւ փառաւոր ձի մը եւ երեք հարիւր սպառազէն հեծելոց խումբ մը, որ իրեն կը սպասէին. հազիւ թէ փողոցին մէջ քիչ մը յառաջացաւ երկու խումբ պատրաստական զօրաց միացան իւր խմբին հետ եւ այդ հազարաց գունդին առջեւ ամբոխը կը բացուէր, կը խոսէր, մինչեւ անարգէք կրկէսին մօտեցան, բայց ահա հոն ահաւոր֊ տեսարան մը ներկայացաւ Թէոդորոսի առաջ, Վաղենտիանոսի սպառազէն հինգ-վեց հազար յօդուոյ խումբը հրապարակը գրեթէ բովորովին գրաւէր, ժողովուրդը Ս. Սոփիա եկեղեցին վտարէր եւ գաւթին մէջ կատաղի կոտորած մը կը շարունակէր: երիզացուոյն անձնապահապետին դարձաւ նա`
– Տղա՛յ, ո՞վ է մեր թշնամին, – հարցուց:
– Այդ սպառազէն Վաղենտինի զօրքերը, – պատասխանեց երիտասարդը:
– Քալեցէ՛ք ետեւես, տղաք, – գոչեց Թէոդորոսի ահագին ձայնը:
Եւ մերկ սուրբ ձեռին յարձակեցաւ իւր զնդով այդ սպառազինաց կողքին վրայ կրկէսին մէջտեղ, եւ աջ ու ձախ կոտորով երկու բաժնեց թշնամի խումբը, որու մէկ մասը ազատ ճամփայ ունելով սկսաւ փախչել, իսկ միւսը փակուած Թէոդորոսի եւ եկեղեցուոյ մէջ ջախջախեցաւ բոլորովին եւ զրեթէ անհետացաւ: Այս դիւրին յաղթութեան վրայ Թէոդորոս ինք զարմացած կը մտածէր, երբ արքունի դռան կողմեն երեւցաւ փոքրիկ խումբ մը կայսերական թիկնապահաց, որոց գլուխը կանգնած հասաւ Երիզացին եւ հրաւիրեց Ռշտունին եւ իւր զօրքը կայսերական պալատը` ներկայանալու երիտասարդ կայսեր:
Դեռ պատանի մ՚էր կայսրը, շփոթութիւն եւ երկիւղ երեսին վրայ նկարուած էին, հազիւ գահը բարձրացած` կը տեսնէր թէ այն մարդը Վաղենտին, որ իւր թագաւորութեան առաջին զօրծիքն եղած էր, առաջին գաւաճանն էր, ուստի բնական կասկածոտ աչօք կը նայէր շուրջանակի, բայց բիւզանդական քաղաքավարութեամբ եւ կեղծաւորութեամբ գիտէր ինքզինք քօղարկել: Երբ Երիզացին իմացուց իրեն թէ` «Ամէն վտանգ հեռացաւ, եւ Վաղենտինի փախստական էր ի շնորհես Թէոդորոսի քաջութեան` որ նոյն Վաղենտինի հրամանաւ կապեալ եկէք էր Հայաստանէ», կայսրը` «Վաղենտիոսի զլուխը թող բերուի, հիմա՛, հիմա՛», – կ'ըսէր: Բայց նոյն միջոցին, երբ լրտեսներ եկան իմացուցին, թէ ժողովուրդն արդէն սպաննէր է Վաղենտին եւ եկեղեցուոյ հրապարակին վրայ կ'այրէր նորա մարմինը, ուրախացաւ: Յարմար ժամանակ համարեց այն ատեն Երիզացին` Բագրատունի Ասպետին համար խնդրել, եւ հրաման եղաւ նորա աքսորանաց վերջ տալ: Նաւակներ կը թռչէին Իշխանաց կղզիքը բերելու համար Վարազտիրոց:
Միեւնոյն օրուան մէջ Ռշտունին ազատեցաւ շղթայներէ, Վաղենտիոսի զօրութիւնը խորտակեց, եւ Բիւզանդիոյ արքունեաց մէջ տեսաւ իւր տղակութեան ընկերն ու բարեկամը եւ «արտասուք կը թափէին Ասպետ ու Ռշտունեաց տէրն իրարու պարանոցի վրայ, վասնզի սննդակից էին Խոսրովու Պարսից արքային Դուռի»: Իսկ կայսրը Վաղենտինի տեղ զօրավար կ'անուանէր զթէոդորոս Երիզացին, Թէոդորոս Ռշտունուոյն հրաման կ'ուտար հայրենիք դառնալու եւ սուրհանդակ կը հանէր Թումայի Կոստանդնուպոլիս գալու: Իսկ Վարազտիրոցի ազատութիւն կ'ուտար Կոստանդնուպոլիս բնակելու ընտանեօք, որ դարձեալ աքսոր կը նշանակէր, վասնզի տարիներէ ի վեր հայրենի երկրին էր ծարաւի:
Այն գիշերը Երիզացուոյն պալատը ուրախութեան տօն կը կատարէին այս երեք հին բարեկամք, որ տարիներով իրարմէ հեռու բնակելով, մեծութեան եւ աքսորանաց, յաղթութեան եւ պարտութեան, արքայական շնորհից եւ նախատանաց եւ վերջապէս բախտին զանազան արկածից մատն եալ, միշտ ակնածելի եղած էին նաեւ թշնամեաց եւ արքայից: Ուստի երբ առանձին մնացին, Հայաստանի վիճակին վերա եկաւ խօսքը, եւ Բագրատունին տխուր ու դառնացեալ` ըսաւ.
– Ի՞նչ կրնայ ընել մարդ, երբ իմ վիճակիս մէջ գտնուի. այս մայրաքաղաքը իւր բոլոր պերճութեամբ, իւր բոլոր գեղեցկութեամբ իմ Տայոց մէկ զիւղեն աւելի արժէք չունի աչացս. դու, Ստրատելատ, հոստից կրնաս օգտակար լինիլ հայրենեաց եւ մեզի, ինչպէս եւ եղար մինչեւ այսօրս. իսկ ես` հոն հայրենի հողին վրայ միայն կրնամ ծառայութիւն մ՚ընել ազգիս:
– Եւ մեծ ծառայութիւն, – ըսաւ Ռշտունին, – ինչպէս ձեզի հասկըուցի, վասնզի քու ներկայութեամբդ կրնանք միաբանել այդ նախարարները, որոց աչքին ես վտանգի եւ կասկածի նիւթ եղած եմ:
– Ես այսօր միջոց մը գրեթէ համոզէր էի, – ըսաւ Երիզացին, – երիտասարդ կայսրը քեզ հրաման տալ դառնալու հայրենիք, բայց դժբախտաբար այդ Փիլակրիոս վրայ հասաւ եւ ամէն խորհուրդ վեր-վայր շրջեց: Եր՞բ պիտի համոզուին յոյնք, թէ հայոց հետ ար-
դարութեամբ վարուիլն է միմիայն ճանապարհ կցորդելու զիրենք:
– Ի՞նչ կրնայ սպասուիլ այդ մարդիկներէն, որ իրենց օգուտը նաեւ չեն ճանչեր, եւ որ կարծեն թէ զհայերը նեղելով կրօնթի մասին, նոցայ դաւանութիւնը բռնաբարելով, անպաշտպան թողլով երկիրն եւ աւար աւազակաց , յարկաց ծանրութիւն բեռնաւորելով եւ ժողովուրդն աղքատցնելով` Հայաստանի կատարեալ տէր կը դառնան, – զրուցեց Ռշտունին:
– Բայց այդ երիտասարդ կայսրը, – պատասխանեց Երիզացին, – ես կը յուսամ, թէ օրաւուր ճշմարտութեան կը համոզեմ, եւ քանի որ ապականութիւնը սրտին խորը չէ թափանցէր` կարելի է զինքն ազնուութեան եւ արդարութեան հէեւցնել:
– Ող՜ջ լեր, իմ պատուական բարեկամս, աստուած հաւատքդ աւելցնէ, դու կը յուսա՞ս թէ այս կրօնամոլութեան եւ յիմարութեան քաղաքի մէջ ու գահույից վրայ կարելի է ազնուութեան եւ արդարութեան սերմ հասցնել: Թո՛ղ այդ տղայական երազներդ եւ ջանանք միատեղ մեր հայրենի երկրին փրկութեան:
– Զրուցէ՛ համարձակ, քեզ խօսք կ'ուտամ ինչ կրնամ ընելու:
– Իմ միմիայն փափագս ինձ հետ Ասպետը Հայաստան տանիլն է, մնացածը աստուած կը յաջողէ եթէ ուզէ:
– Այդ… քանի մը օրուան մէջ կարելի չէ. պէտք է որ կայսրը քոռնայ Փիլակրիոսի յորդորները: Դու եթէ կ'ուզես` սպասէ, մինչեւ Յարմար առիթը հասնի…
– Ո՞վ կրնայ երաշխաւորել թէ յարմար առիթ չհասած անյարմար առիթներ չեն հասնիր այս անիծեալ քաղքիս մէջ, նոյնպիսի առիթներ, որ Վարազտիրոցի հետ զիս նաեւ առնուն օւկիանոսի կղզի մը չի նետեն, քաղաք մը, ուր մատնութիւն, զրպարտութիւն, շոգմոգութիւն սովորական բանէր են: Ի բաց թողունք, որ քու այդ երիտասարդ կայսրը այնպիսի նայուածք մը ունի եւ այնպիսի կերպարանք, որ ինձ ամենեւին վստահութիւն չի տար: Երբ այդ կայսրդ «Վաղենտինի գլուխը, հիմա, հիմա» կ'ըսէր` ես վատութեան չափ անգթութիւն կը նշմարէի: Դու եթէ կ'ուզես հայրենեաց եւ բարեկամաց ծառայել` հնարք զտիր Վարազտիրոց ազատելու:
– Կ'ուզես ըսել փախցնելու, բայց այդ նաեւ դիւրին չէ, վասնզի այս վայրկենիս` հիմա շատ խստութիւն կայ մայրաքաղաքիս մտնող ելնողներուն համար, եւ Վարազտիրոցի պէս ահագին եւ նշանաւոր մարդ փախցնելն դիւրին բան չէ, բայց վերջապէս հնարքը կը գտնուի: Իսկ դու իրաւունք ունիս չի վստահանալու քաղքիս եւ եթէ կ'ուզես ինձ լսել մի՛ կենար եւ ժամ առաջ դարձիր հայրենիք, քանի որ հրաման ունիս:
– Ուրեմն որոշենք. – Ռշտունեաց Տէրը թո՛ղ երթայ, եւ դու կը խոստանաս հնարքով զիս հեռացնել:
– Այդ իմ պարտքս է, – պատասխանեց Երիզացին:
Եւ ութ-տասն օր վերջը Թէոդորոս Ռշտունի կը մտնէր նաւ երթալու Տրապզոն: Անյաջող քամիներ, որ զինք կարգելուին` կ'օգնէին իւր թշնամուոյն Թումայի, որ թէպէտ յաջողութեամբ կը հասնէր կայսերական քաղաքը, բայց անյաջող ընդունելութիւն կը գտնէր Վաղենտիոսի կողմնակից համարուելով, եւ իւր քոյրը Անկելինայ նաեւ կորուսէր էր իւր ազղեցութիւնը, վասնզի դեռահասակ կայսրը կասկածոտ` հազիւ թէ Փիլակրիոսի խորհրդոց ուշ կը դնէր: Փիլակրիոս եւս իւր կողմեն Երիզացուոյն ազդեցութիւնեն ազատելու համար Թումայի տեղ զնայ Հայաստանի յունական զօրաց սպարապետն անուանեւ տուաւ: Այնպէս որ Վարազտիրոց մնաց մայրաքաղաքն իւր գլխաւոր պաշտպանը կորսնցնելով:
Ան ատեն Վարազտիրոց փոխեց կեանքին ձեւը, մեծ եւ փառաւոր պալատ մը վարձեց ու զարդարեց, տուաւ զինք ուրախութեան եւ գիներբուաց, Բագրատունեաց սեփական խնայողութիւնն անհետ եղաւ, հանդէսք եւ խնջոյք իրարու կը յաջորդէին, բոլոր բիւզանդացի պալատականք խուռն կը դիմէին նորա հրաւիրանաց, Փիլակրիոս ինք նաեւ սկսաւ ընտանենալ Ասպետին հետ: Երկու-երէք ամսուան միջոցին` Վարազտիրոց` շուայտութեանց մէջ` կայսերական քաղքին զուարճալի կեանքը վեր կը քարոզէր իւր լեռներուն փապարներէն: Եւ այս կեանքը շարունակելով` աղերսադիր տուաւ կայսեր, որ չորս հոգի իւր հաւատարիմներէն ուղարկէ Տայոց գաւառը իւր ստացուածքը եւ գանձերը բերել տալու համար: Եւ այս չորս անձանց համար հրովարտակ առնելով, ինքն ծպտեալ թիկնապահաց հետ նաւ մտաւ եւ յաջողակ հողմով եկաւ Ճորոխի ափանց վրայ, եւ թռչունի արագութեամբ հասաւ Տայոց գաւառը: Տայեցիք մեծ ուրախութեամբ ընդունեցին զինք. աւելորդ է պատմել Բագրատունեաց պառաւ իշխանուհուոյն երջանկութիւնը իւր սիրելի զաւկին տեսութեան: Բայց ուրախութեան ժամանակ չէր. մէկ կողմեն բերդերը կ'ամրանային, ժողովուրդք գիւղերը կը թողէին` անառիկ տեղեր կը բարձրանային, զինուորներ դրօշակներու տակ կը ժողւուէին, եւ բոլոր Տայոց գաւառը քանի մը օրուան մէջ այնպէս պատրաստութիւն տեսաւ, որ իբր թէ յունաց բոլոր բանակները հոն պիտի թափէին: Եւ միւս կողմեն Ասպետը` գաղտնի սուրհանդակ կը հանէր Դվփն` իմացնեւու համար Ռշտունուոյն, որ դեռ նոր հասեր էր հոն, իւր գալուստը, եւ սա որ պատրաստութիւն կը տեսնէր Ռշտունիք դառնալու, շտապաւ նամակ կ'ուղարկէր Սէթայի` յայտնելով իւր գալուստը եւ զօրաց պէտք ունենալը:
Նոյն միջոցին կայսերական հրաման կը հասնէր առ Թէոդորոս Երիզացի սպարապետ յոյն զօրաց, որ ճամփաները բռնէ եւ ամրութիւնքը փնտրէ գտնելու համար Ասպետ եւ դարձնելու Կ. Պոլիս: Եթէ Թէոդորոս կամք նաեւ ունենար` անկարելի էր այդ հրամանը կատարել, վասնզի Վարազտիրոց իւր բոլոր զգուշութիւններն ըրած էր: Ուստի բանագնացութեան մտաւ, կայսեր դրեց, Ներսէս կաթողիկոսը դեսպան ղրկեց առ Ասպետն, որ ապստամբութեան չդիմէ եւ հնազանդի կայսեր, եւ խոստացաւ բերել տալ կինն ու զաւկները մայրաքաղաքեն, միայն թէ հնազանդութեան թուղթ գրէ կայսեր: Բագրատունին շուտ մը նամակաւ յայտնեց կայսեր թէ «Այնչափ տարի անիրաւ աքսորանաց տանելով ապստամբութեան միտք չէր ունեցեր, այլ միայն երկիւղը դարձեալ նոյն աքսորանաց մատնուելու եւ հայրենի երկրին սէրը զինք բռնադատէր էին փախչելու»: Այս թուղթին փոխարէն կիւրապաղատութեան պատիւ, պսակ, արծաթեղէն գահոյք եւ կինն ու զաւկները կայսրեն ընդունեցաւ:
Թէոդորոս Ռշտունի գոհ այս եղածներէն, իւր այնչափ ժամանակի խորհուրդները կը տեսնէր վերջապէս զլուխ ելնելու մօտ. ուստի միաբանութեամբ Ասպետին ու կաթողիկոսին հրաւիրանաց նամակներ գրուեցան առ ամենայն նախարարս հայոց, որ ղան ժողովուին Դուին խորհիլ ազղին կանոն մը դնելու: Այսպիսի յարմար ժամանակ քիչ կը հանդիպէր, հայոց նախարարաց մեծ մասը արդէն համոզուած էին, թէ բան մը պէտք էր ընել, ուստի յօժար էին միաբանելու. իսկ Ներսէս կաթողիկոս ոչ միայն քաղաքագէտ մարդ էր, այլեւ ուսմունք սովրած, Յունաց կայսրութեան մեծ մասը պտրտածդ ամէն բանի տեղեակ, արդէն դաշնագրին գլխաւոր կէտերը Թէոդորոսի հետ գրի առած էին, եւ Ասպետը, որ Թէոդորոսի ուղղութեան վրայ կատարեալ վստահութիւն ունէր` առանց երկմտութեան ընդունեց իրենց պայմանները: Հակասութիւն երկու նախարարութեանց կողմանէ միայն կարելի էր. Մամիկոնեանց եւ Մոկաց:
Դաշնագրին պայմանները պարզ էին, նպատակը անիշխանութեան տարտամ վիճակեն հանել էր Հայաստան եւ կեդրոնական կառավարութիւն մը հաստատել, որ թէ օտարեն յարձակմանց եւ թէ ներքին հարստահարութեանց կարէնար ընդդիմանալ եւ ժողովուրդը անտանելի յարկաց ծանրութենէ եւ երկիրն աւերմունքէ կարէնար պաշտպանել:
Արդէն կայսեր կողմանէ կիւրապաղատ եւ զօրավար անուանեալ անձինք որոշուած էին, ուրեմն դատաստանական բարձր ատեան մը եթէ հաստատուէր, մեծ նախարարաց նվփրակներէ կազմեալ, որուն վճիռներուն ամէն ոք պարտաւորուէր հնազանդիլ, եթէ ժողովք մը նաեւ կազմուէր որոշելու համար յարկաց արդար բաշխումը, եւ կանոնաւորեալ զինուորութիւն մը ըստ մարդաթուոյ, Հայաստան ապահովեալ կը համարուէր:
– Եւ մինչեւ այս մեծ գործը կատարելու վրայ էր, ահա յանկարծ Վարազտիրոց քանի մը օրուան մէջ կարճ հիւանդութեամբ մեռաւ Դուին, եւ միաբանութիւնն վտանգեցաւ: Վասնզի թէպէտ կայսրը, նորա որդին Սմբատ հօր տեղ կիւրապաղատ անուանեց, բայց հօր ազդեցութիւնն ունենալէ շատ հեռու էր:
ԳԼՈՒԽ ԻԴ
Ամէն կրօնքներու առաջինն է իւր կրօնքը պահել, եւ երջանկութեանց ամենեն մեծն է զայն լաւագոյնը կարծէր
ՊԻՒՖՈՆ
Բայց այդ հարուածն նաեւ չի յուսահատեցուց զթէոդորոս. գնաց Կարին իւր բարեկամ եւ անուանակցին հետ տեսնուելու, եւ դեռ քաղաք չի մտած յունաց սպայակոյտին վրայ գոռոզ փոփոխութիւն մը նշմարեց: Առանց կարեւորութիւն տալու, Ստրատելատին բնակարանը ուղղուեցաւ եւ տեսաւ սպասաւորաց եւ թիկնապահաց երեսները գունատ եալ եւ պատրաստութիւն ճանապարհի: Եւ երբ բարեկամին սենեակը մտաւ, տեսաւ, որ նա զբաղած էր շատ մը թղթեր այրելու:
– Ժամանակին հասար, բարեկամ, – ըսաւ Երիզացին, – վասնզի ես առանց զքեզ տեսնելու նաեւ պարտաւորուած էի երթալ: Դու լաւ կշռէր էիր այդ երիտասարդ կայսրը. գազան մը գահին վրայ հանեցինք:
– Պաշտօնեդ կը զրկէ՞ քեզ այդ տղան:
– Եթէ վտանգն այնչափ է, գոհ պէտք է լինիմ: Երեւակայէ, որ երեք օր է չորս սուրհանդակ ստացեր եմ մայրաքաղաքեն, եւ ահա հինգերորդը, որ այս առաւօտ կը հասնի, ինձ սաստիկ հրաման կը բերէ վայրկենին զօրավարութեան պաշտօնս յանձնել Մաւրիանոսի եւ դառնալ Պոլիս: Եթէ կին եւ զաւակներ, եւ ամէն բան այդ գազանին ձեռքին մէջ չլինէին, գիտէի ի՛նչ ընելիքս:
– Բայց ի՞նչ է իւր արարքը, այն պատմէ՛, եղբայր:
– Աստուածաբանութեան կատաղութիւնն ունի այս երիտասարդը, կ'երեւայ թէ այս կայսերական աթոռին վրայ ժառանգական է այդ հիւանդութիւնը: Իւր պապը Հերակլիոս վերջին ժամանակները երբ պատերազմին դաշտը թողած դարձաւ Պոյ,չիս, ես ի պաշտօնէ բռնադատ եալ, իւր քով մտայ իմացնելու համար, թէ Եգիպտոս եւ Աղեքսանդրիա նաեւ մահմեդականաց ձեռքն են ինկեր: Ծեր կայսրը չուր վարդապետներէ շրջապատեալ նստած էր. իմ տխուր կերպարանքս տեսնելով հարցուց, թէ ի՛նչ նոր լուր ունէի. ես երբ զգուշութեան ձեւերով եւ երկիւղով իմացուցի աշխարհին կորուստը, նա վայրկեան մը մտածութեան ինկաւ. եւ վերջը ինձ հարցուց. «Թէոդորո՛ս, դու ինչպէ՞ս կը հաւտաս, Քրիստոս, որ երկու բնութիւն ունի, մի՞ կամք ունի, թէ՞ երկու»: Ես շփոթած այս անակնունելի հարցմունքին վրայ, պատասխանեցի թէ «Այսպիսի խնդիրներ կ'արողութենես վեր են, ինչ որ եկեղեցին որոշէ` այն կընդունիմ»: Բայց մտքես ցաւեցայ, որ այդ մարդը, որ մենք դիւցազն մը տեսեր էինք պատերազմի դաշտին վրայ, այդ զառամութեան էր հասեր: Երեւակայէ՛, եղբայր, որ թոռը հիմա այդ աստուածաբանական խնդրոյն վրայ հաւատոյ դաւանութիւն մը կը հրատարակէ , եւ Մաքսիմոս պատրիարքը, վասնզի դէմ գրեր եւ քարոզէր է այդ դաւանութեան ու հերետիկոսական անուանէր է, աստուծոյ քահանային լեզուն եւ աջը կտրել տուեր էր:
– Այսչա՞փ միայն:
– Ո՛չ, դեռ կայ, մէկ հատիկ եղբայրը` Թէոդոս, սարկաւագ ձեռնադրել տուեր է, նորա ձեռքեն հաղորդուէր է եւ դարձեալ գոհ չլինելով` սպաննել տուեր է:
– Ուրի՞շ:
– Բանտերը լցնել տուեր է այն մարդիկներով, որոց վրայ հաւատոյ կամ իւր անձին դէմ կասկած ունեցեր է:
– Դեռ ուրի՞շ:
– Եղբա՛յր, քեզի էլ բռնաւոր հաւնեցնել յիրաւի շատ դժուար է: Այսչափը բաւական չէ՞:
– Ո՛չ այդպէս, շատ կը սխալիս, ես բռնաւորի կը հաւնիմ, բայց ոչ այդպիսի յիմար բռնաւորներու, որ ոչ նպատակ ունին եւ ոչ գիտեն, որ ի՞նչ կ'ուզեն եւ ո՞ւր կ'երթան: Ես իմ ուզած բռնաւորս եթէ գտնէի…
– Բռնաւորին լաւը չի կայ, Ռշտունի, ես կը զարմանամ թէ ինչ դիպուածով իմ գլուխս ուսերուս վրայ մնացեր է եօթանասունհինգ տարի. ութ հատ կայսր տեսեր եմ, որոց առաջին երկուքը` ամենեն լաւերը` չեմ կրնար դատել, իսկ Մորիկէ սկսած մինչեւ այս Կոստանդ ամէնն էլ արիւնկզակ բռնաւոր: Ի՞նչ օգուտ ունեցեր են աշխարհքի եւ իրենց անձանց ու րնտանեաց: Իսկ թէ հայ ազգը ի՛նչ է քաշէր սոցայ օրով եւ թէ ի՛նչ քաջ նախարարք եւ իշխանք զոհ գնացեր են այսչափ միջոցի մէջ, եթէ մէկիկ-մէկիկ համրեմ…
– Մի՛ համրէր, անօգուտ է, ես լաւ գիտեմ: Թէ որ կարէնայի զքեզ մեր Ոստանը տանիլ, կրնայի ցցնել այս վերջի հարիւր տարուան միջոցին հայոց բիւրաւորաց կոտորածներու ցուցակը ի յունաց եւ ի պարսից, հօրս եւ պապուս ժամանակեն դրուած ճշտութեամբ: Բայց ո՞ւմ է յանցանքը, մեռնողի՞ն թէ՞ մեռցնողին:
– Երկուքին հաւասար: Ես հոս Կարին` այս պաշտօնիս մէջ աւելի բան իմացայ մեր երկրին վերաբերութեամբ, քան թէ ինչ որ իմացեր էի այնչափ տարի Բեօլզանդիոյ արքունեաց մէջ: Այս Կարնոյ դիւանատան մէջ գտայ թղթակցութեանց շարք մը պարսից եւ յունաց մէջ, Մօրիկ կայսեր եւ Խոսրովու ժամանակի. տե՛ս թէ ինչպէ՛ս իրարու հետ կը խօսին:
Եւ այս ըսելով Երիզացին հանեց թուղթի մը օրինակ եւ տուաւ Ռշտունուոյն, որ լռութեամբ կ'արդալեն վերջ այդ ուղթը, ուր յոյնը կը գրեր պարսկին` հայոց համար. «Խոտոր եւ անհնազանդ ազդ մի են, մեր մէջ կացած պղտորութիւն կը ձգեն: Բայց եկ, ես ինձ հնազանդեալքը կը ժողուեմ եւ Թրակիոյ կողմն կանցնիմ հոնաց եւ նմանեաց հետ պատերազմելու համար. դու քուկիններուդ հրամայէ ժողուել եւ Արեւելք տանիր Վասնզի եթէ մեռնին` թշնամիք կը մեռէին, եւ եթէ սպաննեն զթշնյյյմիս կը սպաննեն, եւ մենք խաղաղութեամբ կապրինք: Զի եթէ դոքա իրենց երկրին մէջ մնան` մենք հանգստութիւն չպիտի գտնենք»: Բարձր ձայնով կարդաց երկրորդ անգամ եւ հեգնական ծիծաղով ըսաւ.
– Ողորմելի՛ քաղաքագիտութիւն, որ իւր ներքին վիճակը չի տեսնէր, եւ ուրիշին թշուառութենեն օգուտ քաղել կը կարծէի աշխարհք մը կոչնչացնէ, եւ իւր անձին զօրութիւն չի գտնէր եւ աւելի կը տկարացնէ: Խոսրով այդ նամակի իմաստր յայտնած էր Սմբմատայ: Բայդ դժբախտաբար Հայաստանի համար` եւ Խոսրովու իւր անձին համար, Սմբատ շուտ մեռաւ, եթէ ոչ ի՛նչ գեղեցիկ ու մեծ խորհուրդներ ունէր այդ մեծ` մարդը, որ քուշանաց զօրութիւնը ջախջախելեն վերջ, Հայաստանի վերականգնութեան խոստմունքն առած էր արքայից արքայեն: Եւ այն` ինչ որ ես տկար ձեռոք կը փափագիմ գործել, նա հզօր ձեռոք ապահով ի գլուխ կը հանէր. բայց մահը ամէն խորհուրդ առաւ տարաւ…
– Հիմա էլ իւր որդուոյն` Ասպետին մահը ամէն յոյսեր փչացուց:
– Ի՞նչ ընենք, քանի որ շունչ ունինք պէտք է աշխատինք: Բայց դու որոշած էիր երթալ:
– Ուրիշ ի՜նչ Կարելի է ընել…
Մտախոհ լռութիւն յաջորդեց այս խօսակցութեան, երբ մասնաւոր սուրհանդակ մը Երիզացուոյն բերաւ նամակ մը, որ կ'իմացնէր նոր-նոր դաւանութիւնք, նոր բանտարկութիւնք եւ նոր արեանց հեղմունք, այնպէս որ ժամանակին պատմաբանք կը պարտաւորին կոտորածներն յիշելով ըսել թէ` «Ոչ մնաց ի թագաւորութեանն այր խորհրդական, զի միահամուռ սպառեցան բնակիչք աշխարհին եւ իշխանին»: Նամակը կ'իմացնէր նաեւ հայ իշխանաց մէջ Գրիգոր Մագիստրոսի եւ Մանուէլի եւ Մարդունիի մահը, որ անէր էր Բագրատունի Ասպետին եղբօր, եւ կը յորդորէր զթէոդորոս ժամ առաջ հասնիլ, որպէսզի կասկածոտ կայսեր միտքը չի կատղեցնէ իւր ընտանեաց վրայ: – Ծեր Ստրատելատը իւր ընթերցմունքը լմնցնելեն վերջ` ամէն բան իմացուց Ռշտունուոյն եւ իւր վերջին հրաժարականը տուաւ իմացնելով, որ այլեւս յոյս չունէր ուրիշ տեսութեան. Հայոց զօրավարը Դուինի ճամփան բռնեց, երբ Երիզացին կ'երթար դէպի Պոնտոս մտնելու նաւ` դառնալու Պոչիս, ուր հիւանդ հազիւ հասնելով, բնական մահն եկաւ ու Կոստանդինի ձեռքեն զինքն ազատեց:
Թէոդորոս Ռշտունի այս անակնունելի դիպուածոց վրայ դառնացեալ, այլ ոչ երբեք սրտաբեկ, երբ հասաւ Դուին, միտքը դրած էր երկրին կարեւոր գործերն կարգի դնել, եւ դառնալ Ռշտունիք, վասնզի Տիկինը սուրհանդակ սուրհանդակի վրայ կ'ուղարկէր եւ անհամբեր էր դարձին, «զի ընտանեկան պարագայներ կային, որ իւր «գալուստը կը պահանջէին եւ որ նամակաւ դժուար էր իմացնել»:
Բայց հազիւ երկրին մատակարարութեան գործերը կարգի դրաւ Ներսէս կաթողիկոսի, Սմբատ Կիւրապաղատի եւ քանի մը ուրիշ իշխանաց հետ, ահա հրովարտակ կը բերէր Յունաց կայսրեն Դաւիթ անուն մարդ մը աստուածաբանական ուսմանց տեղեակ` բաղարանցի, որ կը հրամայէր վերցնել ամէն խտիր եւ միաբանիլ յունաց հետ ի դաւանութիւնս: Ուստի կաթողիկոս եւ նախարարք պարտաւորեցան հրաւէր յուղարկել ամէն կողմ, եւ իշխանք եւ եպիսկոպոսք զանազան գաւառաց ժողուեցան ի մայրաքաղաքն Դուին, եւ ամիսներով կը վիճէին, կը խոսէին հրովարտակին պատասխանը պատրաստելու համար:
Կային հայ նախարարաց մէջ այնպիսի անձինք նաեւ, ինչպէս էր Համազասպ Մամիկոնեան, տեղեակ աստուածաբանական խընդրոց, որ եպիսկոպոսաց հետ կը խառնուէին վիճաբանութեանց եւ գործը կ'երկարէր: Իսկ Թէոդորոս, որ ամենեւին չէր խոսէր` այլ տխուր, ուշադրութեամբ մտիկ կ'ընէր, երբ իր կարծիքը հարցուցին օր մը, այսպէս խօսեցաւ.
«Աստից գրեթէ տասնհինգ կամ տասնվեց տարի առաջ, Կարնոյ քաղաք, Հերակլ կայսեր հրամանաւ ժողովք մը եղաւ. Եզր կաթողիկոսի հետ ես դարձեալ այս նիւթերու վրայ տեսայ, որ խորհրդածութիւնք, վիճաբանութիւնք տեղի ունեցան. վիճեցին, խօսեցան, ճառեցին. եւ հետեւանքը այն եղաւ, որ կաթողիկոս, եպիսկոպոս եւ վարդապետ կայսեր հետ հաղորդուեցան, նորա դաւանութիւնը դաւանեցան, ընծաներ, պարեւներ առին, եւ երբ ժողովքեն դուրս ելան` հայ ազգը` ժողովքը տարբեր, ժողովուրդը տարբեր լինիլն յայտնի ըրաւ, եւ այդ որոշմունքներուն մէկը չընդունեց, եւ Եզր իւր զաւկներուն խորթ հայր մը եղաւ եւ այնպէս ատելի մեռաւ: – Ես` ա՛յն Շաւարշ Ռշտունուոյն թոռն եմ, որ երբ բոլոր հայ ազդը մկրտուիցաւ Եփրատայ մէջ ի Ս. Լուսաւորչէ, Ասորեստան էր իր գնդով, եւ ձմեռը դառնալով եկաւ Վաղարշապատ, Տրդատայ հրամանաւ յանձն առաւ քրիստոնէութիւնը. Լուսաւորիչ եւ թագաւորը Տարօն էին, ուստի ասորի եպիսկոպոս մը` կը պատմեն յիշատակարանք` զինք պիտի մկրտէր: Երբ, մէկ ոտքը դնելով աւազանին մէջ հարցուց. «Իմ հարցս` Ռշտունեաց նախարարաց հոգիք ո՞ւր են հիմա. նոյն արքայութիւնն ե՞ն, ուր դու ինձ քարոզեցիր թէ՞ ուրիշ տեղ մը»: Եպիսկոպոսն անհանճար` շուտ մը պատասխանեց թէ` «Դժոխքին մէջտեղն են»: Շաւարշ ետ քաշուելով` «Եթէ այդպէս է` ես իմ նախահարցս քով կ'ուզեմ երթալ, քու արքայութիւնդ քեզ լինի, ասորի», – ըսաւ եւ քաշուեցաւ: Վերջը Լուսաւորիչ ջանաց համոզել այդ Ռշտունեաց տէրը` թէ աստուծոյ դատաստանի գաղտնիք են, իէք ողորմած է հեթանոսաց, որ Քրիստոսի Աւետարանին տեղեկութիւն չունին, մարդս չի կրնար դատապարտութեան վճիռներ տալ, եւ թէ եպիսկոպոսը մեծ յանդգնութիւն ըրած էր այդպիսի վճռողական պատասխան տալով: Յիշատակարանք չեն զրուցէր, բայց ես կ'երեւակայեմ թէ առանց Տրդատայ օգնութեան Լուսաւորիչ ինքն լինելով` համոզած չէ կատարելապէս այդ Ռշտունեաց Տէրը աւազանին մօտենալու երկրորդ անգամ: Ես` Թէոդորոս Ռշտունի, այդ Շավարշայ թոռն եմ, եւ ճիշտ այդ յետին շինականին պէս կը մտածեմ, որ առանց աստուածաբանական ուսմունք ունենալու կը զրուցէր. այդ Եզր կաթողիկոսը Թադէոսէ, Բարդուղիմէոսէ, Լուսաւորչէ լաւ՞ գիտէ հայութիւնը, քրիստոնէութիւնը. մեղա՜յ աստուծոյ, մենք Լուսաւորչայ դաւանութիւնը թողո՞ւնք, որովհետեւ այդ Եզր Կողբաց աղեհանք կը սեփականացնէ, աստուած հեռի՜ ընէ, ինքն աղն ուտէ եւ մեզ աղու տա: Բացի հայն, մտաբերեցէք, որ այդ պահանջմանց վերջը չի կայ, այդ յունաց ազգն ամէն օր նոր բան կստեղծէ ի հաւատս, այդ Կոստանդին կայսրը իր եկեղեցուոյն Հետ միաբան չէ, պատրիարքներ, եպիսկոպոսներ կը չարչարէ, կաքսորէ հաւատոյ խնդիրներու համար: Կայսրը մեզնէ հաւատարմութիւն ուզէք պատրաստ ենք իրեն ծառայելու, բայց մեր հաւատքին, մեր խղճմտանքին չի հպի լաւ կընէ»:
Հրովարտակին երկար պատասխան մը գրուեցաւ, ուր հայոց կաթողիկոս, նախարարք եւ եպիսկոպոսունք կը յայտնէին,թէ Նիկիոյ դաւանութենեն աւելի բան մը ընդունիլ իրենց անկարելի էր: Այն ատեն յոյնքն եւ իրենց սակաւաթիւ համախոհք սկսան աւելցնեւ հակառակութիւնը եւ Հայաստանու արեւմտեան զավառաց մէջ յայտնի հալածանք եւ բռնութիւն ի գործ դնել ընդդէմ հայոց: Սմբատ Կիւրապաղատ թոյլ մարդ էր, Ներսէս կաթողիկոս յունական դաստիարակութեամբ աւելի հակամէտ սկսաւ երեւիլ, յունաց նախարարք անհոգ միաբանութեան կապն էլ խզեցին, եւ Թէոդորոս այնչափ հոգերէ ու տառապանքէ վերջ` կը տեսնէր թէ իւր բոլոր աշխատութիւնք ոչինչ դարձած` ամէն բան իր խորհրդոց դէմ իբրեւ թէ դաւադիր կը լինէր: