Kitabı oku: «Թէոդորոս Ռշտունի», sayfa 14

Yazı tipi:

ԳԼՈՒԽ ԻԷ

Առաւօտն հա սէր էր, եւ Սուրէն չէր կրցեր աչքերը գոցել, ուստի ելաւ շրշան մ՚ըրաւ գիւղին մէջ, որ ոչ գիւղ էր եւ ոչ քաղաք, բոլոր լեռը շարունակութիւն մ՚էր խրճիթներու, հիւղերու եւ բաւական լաւ տուներոս անտառ եւ պարտէզ իրարու էին խառնուած, տեղ-տեղ պատուարներ եւ պատնէշներ ամրացուցեր էին բնիկ անառիկ դիրքեր, կանայք եւ աղջկունք, երիտասարդք եւ տղայք մրջիւններու պէս կը վխտային, այր մարդիկ գրեթէ բոլորն էլ անբաժան ունէին իրենց զէնքերը: Յայտնի կը տեսնուէր, թէ ասորուոց զանազան քաղաքաց եւ գաւառաց թնակիչք լեցուէր նոր ժողովուրդ մը կազմեր էին. հռչակաւոր եւ մեծ Անտիոքի բնակիչքը իրենց քաղաքականացեալ նրբութեան հետ բերէր էին իրենց բարուց զեղծմունքը, ինչպէս երուսաղէմացին իւր կրօնասէր նախապաշարմունքը: Ասորի լեզուին հետ գրեթէ հաւայ սար կը քալէր աղաւաղեալ յունարէն մը: Խեղճուկ եկեղեցեաց մէջ ոսկեղէն եւ արծաթեղէն ճոխ հանդերձանք եւ կարասիք կը փայլէին: Մահմեդական երկրագործը ահագին տեղափոխութիւն բերած էր նիւթական եւ բարոյական Ամանոսի եւ Լիբանանու լեռանց վրայ, եւ երկայն դիտողութեանց պէտք չի կար Սուրէնի սուր աչաց համար:

Կը տեսնէր նաեւ թէ ինչպէս ձիուն շուրջը իբրեւ թիկնապահք տասներկու լաւ զինեալ մարդիկ կը պտըտէին, գիշերուան խօսակցութենեն եպիսկոպոսին կ'ամա-ակամայ բառերն այդ փոքրիկ խումբին կրկնակի պաշտօնը իրեն յայտնի կ'ընէին: Ուստի ինք իւր միամիտ կերպը առանց թողլու կը շարունակէր ընթացքը, երբ սրընթաց հասան քանի մը պատանիք իմացնելու, թէ իշխանուհին հասած կը սպասէր:

Քահինայ էր այս կնոջ անունը, լեռնական խոշոր գեղեցկու– թեան մէջ բիւզանդական նրբամտութիւն ի նմա նշմարեց Սուրէն, առջի նայուածքով: Մեծ յարգանօք ընդունելութիւն ըրաւ Տիկինն իրեն, նոյն տախտին վրայ քովն առաւ նստեցուց, շնորհակալութիւնք ըրաւ իւր դիւցազնական օգնութեան համար, երկնառաք հրեշտակ զինք անուանեց: Սուրէն` արաբական լեզուին մէջ իւր տկար գիտութիւնը յայտնելով` համառօտեց պատասխանը, եւ ինչպէս կինը զինք կը դիտէր` ինք նաեւ կը դիտէր իւր շարժմունքը, որ ազատ էր քան թէ ինչ որ կնոջ մը կը վայլէր: – Իւր զգեստները, ուր ծիրանին եւ բեհեզը եւ հնդքւկ շալը կը փողփողէին հարուստ ապարանջաններու եւ մանեակներու հետ, մէջքը ոսկի գօտին, ուր ականակուռ դաշոյն մը աչք կը շլացնէր, իւր բարձր հասակը, մեծ եւ փայլուն աչքերը, թանձրկեկ շրթունքը` նշան սիրահորդ բնութեան, իւր գրեթէ առնացի ձայնը, վերջապէս ամէն բան Սուրէնի ճաշակին յարմար չէին, մանաւանդ որ ինք անհամեմատ գեղեցկութեամբ կին մը կ'որսնցնելեն ի վեր ամէն կնոջ երեսին անտարբեր էր, եւ միեւնոյն եպիսկոպոսին յափշտակութիւնը չունեցաւ եւ իրեն այնպէս թուեցաւ, որ Քահինայ նաեւ իրեն համար նոյն զգացմունք ունեցաւ առաջին նայուածքին:

Թեթեւ ճաշ մ՚ընելեն վերջ, որու մասնակցեցաւ եպիսկոպոսը միայն, Քահինայ հրաւիրեց Կամսարական իշխանը իւր պալատը, որ մէկ-երկու ժամաւ հեռի էր, գեղեցիկ ոսկեկազմ ջորիի վրայ հեծած ինք տառաջեն կը ձիավարէր, երեսունի չափ երիտասարդ թիկնապահք զինք կը շրշապատէին: Հազիւ քառորդ մը ճամփայ ըրին` երեւցաւ պալատը իբր թէ օդին մէջ կախուած, ժայռի մը գլուխ կանգնած, ամէն կողմէ տեսանելի բերդ, որ շատ մօտ կը կարծուէր, բայց հոն հասնելու համար այնչափ կիրճերէ, այնչափ նեղ եւ պտոյտ ճամփաներէ, այնքա՛ն ելեւէջ պէտք էր ընել, որ իրօք բարձրանալը երկու եւ աւելի ժամ տեւեց: Բաւական ընդարձակ եւ վայելուչ էր ամրոցր, ահաւոր տեսարան մը ժայռերու, գահավէժներու եւ անտառներու կը բացուէր նայողին, եւ հեռուն կ'երեւար արծաթի պէս ծով եւ Կիլիկիոյ ընդարձակ դաշտը:

Քահինայ արքայավայել մեծարեց իւր հիւրը. ինչ-որ պակասութուն ունէր` ամէնքը հոգաց. ծառաներ եկան զինք բաղանիս հրաւիրեցին, եւ անտի ելնելեն վերջ բազմախորտիկ ընթրեաց տարին զինքը, ուր հռոմէական ձեւով բաստեռանց վրայ տարածեալ իշխանուհին իրեն կը սպասէր, եւ զինք ես իւր դիմացը նոյնպիսի բազմոցի մը վբայ հրամցուց: Ուրիշ կոչնական չի կար, այլ, որ ամէն բանէ աւելի զարմացուց հայ իշխանը` այն էր, որ կնոջ հետք անգամ չէր երեւէր, այլ ծաղկապսակ, նորահաս եւ զեղեցիկ պատանիք կը ծառայէին սեղանին. Արաբիս քաղցրահոտ խունկեր կը բուրէին, զանազան գինիք խաղողի եւարմաւի սեղանը կը զարդարէին, աներեւոյթ եւ մեղկ երաժշտութիւն մը կը նուազէր. վերջապէս ինչ-որ շուայտութիւնը եւ պագշոտութիւնը կրնային ստեղծել` ամէն բան Հոն կատարեալ կար: Սուրէն առանց զարմանք յայտնելու կը տեսնէր այդ ամէնը իբր անտարբեր աչօք, մինչեւ իսկ այդ կնոջ մատռուակը` պատանեաց ամենեն գեղեցիկը, որ շարունակ Տիկնոջ գաւաթը կը լցնէր, եւ որ նա անդադար կը խմէր` յորդորելով Սուրէն իւր օրինակին հետեւիլ: Վերջապէս ակնարկի ըրաւ, եւ սպասաւորք հեռացան, այն ատեն ըսաւ Քահինայ Սուրէնի.

– Իշխան, զիս կը տեսնես այնպէս, ինչպէս եմ միշտ, կրնայի քեզ խաբել քանի մը օր, ծածկել իմ մոլութիւնքս, եւ երբ երէկ ինձ իմացուցին քու գալդ, առաջ այնպէս շարժիլ որոշեցի, որ ծածկեմ քէնէ իմ այս շուայտ կեանքս, բայց վերջը մտածեցի, թէ ո՞րն աւելի լաւ էր. կեղծաւորութիւ՞ն, որ մարդկանց մեծ մասին ախտն է` եթէ ազատ համարձակ երեւիլ ինչպէս որ եմ. եւ այս վերջինն ընտրեցի: Բնութիւնը զիս այսպէս է ստեղծէր, դաստիարակութիւնն էլ առնէր է, վասնզի փոքր հասակես անսանձ, համարձակ աճէր եմ ըստ քմաց` մեր անտառներու կաղնիներուն պէս: Քու կերպարանքդ, քու նայուածքդ տեսնելով` մէկեն իմացայ, որ ես քեզ համար ստեղծուած չեմ, ինչպէս դու ինձ համար. վասնզի դու էլ կը նմանիս իմ հանգուցեալ էրկանս` միայն այն մեն տարբերութեամբ, որ քու գլուխդ այնչափ ուղեղ կայ, ինչչափ նորա գլխուն մէջ ոչինչ չի կար. մարմնական ուժ մը միայն ունէր եւ յաջող զինաշարժութիւն. բարեբախտաբար հարուած մը երկուքս էլ ազատեց. զնայ` կ'եանքեն, զիս` գերութենեն: Հիմա` այս յիմար ժողովուրդը` եւ իւր աւելի յիմար առաջնորդներն եկեղեցական եւ աշխարհական` ծեր եւ երիտասարդ ամօթ կը համարին կնոջ մը իշխանութեան հնազանդիլ, ինձ, որ սովորական կին չեմ, այր մարդու պէս ձի կը հեծնեմ, զէնք կը շարժեմ, երկիւղ ըսուած բանը չեմ գիտէր եւ կը զղամ թէ կրնամ նաեւ իրենց առաջնորդել պատերազմի մէջ: Քանի մը անգամ ուզեցի իրենց հասկցնել, բայց իրենք խոնարհաբար իմացուցին (այնպիսի խոնարհութեամբ, որ սպառնալիքէ տարբերութիւն չունէր) թէ պէտք էր ինձ էրիկ մը ընտրէի, եւ երբ ես այս ընտրութեան վրայ հնարք կը մտածէի մեր եպիսկոպոսն ինձ իմացուց սուրհանդակաւ քու գալդ, քու քաջութիւնդ, քու պատմութիւնդ եւ կերպարանքդ, վերջապէս մինչեւ կ'էս-գիշէր տասը պատգամաւոր եկաւ քու իւրաքանչիւր խօսքդ, իւրաքանչիւր շարժմունքդ ինձ իմացնելու. այս կը նշանակէր էրկան մը ընտրութիւնը ինձ թողելեն վերջ, այդ յիմարները` կը ներես, այդ խելօքները` էրկան ընտրութիւնն էլ իրենք կը կատարէին, իբրեւ թէ իրենք ամուսնանային: Ուստի այս դատարկ գլուխներուն հետ խօսիլ աւելորդ համարեցի, եւ խօսելեն աւելի իմ ներքին կեանքս ցոյց տալ քեզ պէս սրամիտ մարդու կարեւոր դատեցի: Հիմա իբրեւ հին բարեկամի մը քեզ խորհուրդ հարցնեմ. ի՞նչ ընենք: Դու, անտարակոյս, կ'ուզես այս կ'եանքեն ազատիլ, ես էլ նոյնպէս քեզմէ աւելի, ես, որ այս լեռներուն մէջ ծնած եւ կենացս մեծ մասը անցուցած եմ, կը փափագիմ ժամ առաջ թողուլ ելնել աստից, բայց իմ պատրաստութիւնքս դեռ չեմ ամբողջացուցել. մինչեւ այն ատեն քեզ հետ ինչպէ՞ս անցնենք, ահա խոդիրը: Միայն համարձակ եղիր ինձ հետ ինչպէս ես եղայ քեզ հետ:

– Բայց, իշխանուհի, – ըսաւ Սուրէն ծիծաղելով, – ինչե՞ն յայտնի է թէ զիս փորձելու համար այս երկայն խօսակցութիւնը չըրիք, եւ այդ համարձակախօսութեան տակ ուրիշ գաղտնիք մը չի ծածկուիր: Ինչե՞ն գիտեմ թէ քու իմ վրաս վստահութիւնդ անկեղծ է:

– Ես շատ եւ չափես աւելի գինի խմեցի այս իրիկուն, որ դու վստահանաս յարմար առակեն, որ կըսէ թէ դինին գաղտնապահ չէ:

– Լաւ՛, բայց ուրիշ փորձ մ՚էլ կարելի է:

– Ի՞նչ, զրուցէ:

– Դու ըսիր թէ վարժ ես զինավարժութեան մէջ:

– Փորձը դիւրին է, ե՛կ ինձ հետ, այս սենեակը մտնենք: Տղաք, լուսաւորեցէք մարզարանը:

Քանի մը վայրկեան ետքը մտան րնդարձակ սենեակ մը, ուր պատերէն կախուած էին շատ մը զէնքեր. երկու գուլ եւ ծայրերը բութ սուրեր առաւ Քահինայ եւ տուաւ մէկը Սուրէնի. թաշկինակով ջ ստինքը վեր բարձրացրւց կապեց եւ աջ բազկեն բեհեզեայ շապկին թեւը ամփոփեց եւ սկսինք, ըսաւ:

Սկսան հարուածները եւ սուր սուրի հետ վեզ գալ. Սուրէն առաջ կարծեց թէ տղու մը հետ գործ ունէր. եւ թոյլ կը կենար, բայց քանի կ'երթար կը համոզուէր թէ սովորական ախոյեան չէր դիմացինը, եւ այնպիսի միջոցներ եղաւ, որ սկսաւ կւասկածիլ թէ չպիտի կարէնայ գլուխ գալ կնոջ մը հետ, որ երբեմն նենգութեամբ տեղի կ'ուտար կը քաշուէր եւ բուռն յարձակմունք իրարու վրայ կը պնդէր` եւ միշտ լաւ զգուշանալով: Սակայն Սուրէն սովորական զինաշարժ չէր, իւր ջղէըը եւ մկանունքը յոգնիլ չէին դիտէր: Երբ կէս ժամու չափ տեւեց այս մենամարտը, եւ տեսաւ դիմացինը շնչասպառ ու քրտինքը, որ ջուրի պէս կը վազեր եւ տեղի չէր տար, հասկցաւ, որ արհեստին չէր պակսութիւնը:

– Ճանչցանք զիրար, իշխանուհի, – ըսաւ, – ապրիս, այս չափս բաւական է, – եւ սուրը նետեց:

– Զիս կը խնայե՞ս, – ըսաւ Քահինայ նոյնպէս սուրբ գետին նետելով:

– Ոչ, – պատասխանեց Սուրէն, – պէտք է խոստովանեմ թէ իմ ցեղիս մէջ ուր ժառանգական է զինավարժութիւնը, շատ քիչ կը գտնուի մէկը, որ զիս այսչափ յօդնեցնէ: Ապրիլս, լաւ պատերազմող ես դու: Միայն թե…

– Շարունակէ՛, ինչո՞ւ կ'եցար, մենք բարեկամ ենք ըսինք, տո՛ւր ձեռքրդ, համարձակ եղիր ինձ հետ:

– Կ'ուզէի ըսել պէտք է միշտ վարժութիւն ընես չյոգնելու համար:

– Ես ամէն օր վարժութիւն կ'ընեմ: Այս պա տան իքը եւ երիտասարդքը միայն զուարճութեանս համար չեմ պահէր, այլ իրենց մարզարանն է այս սենեակը. վա՛յ անոր, որ իր մարզից մէջ թոյլ գտնուի, նայէ՛, տե՛ս սա խարազանները զէնքերու քով կախուած, առանց արեամբ ներկուելու տեղերնին չեն դառնար: Այս գիշեր ես համարձակութիւն առնլու համար գինուոյն չափն անցուցի, բարեկամ, իմ հեւալս ու քրտինքս նորա հետեւանքն է… Դառնանք սեղանատուն:

Զարմանքով կը նկատէր Սուրէն այս կինը, որ Մեսսալին չէր այլեւս իրեն համար, այլ Զենոբիա մ՚էր, ո՜յ գիտէ թէ նորա սերունդներէն չէր, վասնզի վերջը պատմութիւնը զինք պիտի յիշէր դիւցազնուհի անուամբ` երբ դա` այդ կինը մահմեդականութիւնը Ափրիկէի մէջ` Կարքեդոնի ափանց վրայ վայրկեան մը պիտի սարսեցնէր եւ ընկրկէր:

– Հիմա, – կ'ըսէր Քահինայ, – յայտնեմ քեզ իմ միտքս: – Այս յունաց կայսրերը այնպիսի վատ եղան, որ իրենց հնազանդիլ նախատինք է մարդու. ուստի ես որոշած եմ խումբ մը ընտիր զօրք կազմել, շատ չէ, հազար հոգուոյ, ելնել Ափրիկէի այն կողմերը, ուր լսած եմ թէ նոցայ կարողութիւնը տկարացեալ է եւ ժողովուրդը դժգոհ, հոն խառն գոթացի, յոյն, հին փիւնիկեցի ազգութիւն մը կայ, իմ լեռնականոքս ես դիւրութեամբ կը տիրեմ երկրի մը, ուր ժամանակով իմ ազդես կին մը գնացեր եւ մեծ, զօրաւոր տէրութիւն մը հաստատէր է, եւ այդ բանին համար սկսած եմ աշխատիլ. արդէն ունիմ հինգ-վեց հարիւր երիտասարդ, որ զիս կը սիրեն եւ կը պաշտեն, չորս-հինգ հարիւր մ՚էլ կը հասցնեմ, բաւական է: Մնաք բարով կ'ըսեմ այս ափանց եւ կ'էրթամ: Բայց աս յիմար ժողովուրդն բոլոր խորհուրդներս կապականէ, ես անունով իշխանուհի եմ, իրենց բուն իշխանքն այդ եպիսկոպոսները, այդ ծերերն են: Երեւակայէ՛, որ անցեալ օր կայսրը հրովարտակ մը ղրկէր էր. չեմ հասկնար, հասկնալու էլ միտք չունիմ, հաւատոյ խնդիր մը վերջապէս զօր Թիփոյ կ'անուանեն եւ այս ընդունեցէք կ'ըսեն. ես կը հաւատամ թէ յիմար մ՚է ղրկողը, բայց տասն անգամ աւելի յիմա՞ր չեն այս մեր կրօնականք, որ «Կը մեռէինք, այդ հերետիկոսութիւն է, չենք ընդունիր», պատասխանեցին: Ինձ հասկցնել ուզեցին այնպիսի վերացեալ բաներ, որ խելքս պղտորեցաւ: Իրենց ըսի թէ մենք հազիւ կրնանք մահմեդականաց դէմ այս լեռները պաշտպանել, յոյնք էլ ետեւնուս մեր վրայ եթէ ընկնին մեր վիճակն ի՜նչ կը դառնա: Դարձեալ` «Կը մեռնինք չենք կրնար ընդունիլ», – ըսին: «Մեռէք, քարը գլուխնիդ», – ըսի ես էլ մտքես, երեսնուն «շատ լաւ կ'ընէք» պատասխանեցի: Ուզածնին գրեցին, ղրկեցին Պոլիս, միտքս դրի թէ մինչեւ կայսրը իւր սպառնալիքը կատարէ տարի մը կանցնէ, ես իմ գունդս կը պատրաստեմ եւ կ'երթամ, իրենք էլ կ'ուզե՛ն մեռնին, կ'ուզեն` սատկին: Բայց հիմա դու մէջտեղ ելար, թէ որ կ'ուզես հոս մնալ ասոնց իշխան լինիլ, ես քեզ չեմ արգիլեր. բայց ինձ տարի մը ժամանակ պէտք է, ես իմ ազատութիւնս չեմ ուզէր ծախել երկրորդ ամուսնութեամբ: Կարելի չէ՞ որ խաղաղութեամբ տասը-տասներկու ամիս իրարու խօսք հասկնանք, վերջը դու քու ճամփադ երթաս` ես իմս:

– Ես նաեւ ուխտ ըրած եմ չամուսնանալու, ուրեմն զիս թո՛ղ, ես կ'երթամ, եւ դու կազատիս:

– Ես քեզ կը թողում, բայց այդ անպիտան եպիսկոպոսը եւ իւր բոլոր խորհրդակիցքը երկիրը լրտեսներով լցուցեր են, այնպէս որ քայլ մը առնուլ անկարելի է առանց իւրեանց գիտութեամբ, կիրճերուն պահապանք իրենց մարդիկն են, միայն իմ հրամանաւ անցնիլ կարելի չէ. իսկ քեզի համար անշուշտ զգուշութիւնք կան եւ մասնաւոր հրամանք տրուած են: Ես նաեւ բանտեալ մ՚եմ, բաւական չէ, որ ես ուր երթամ կ'իմանան, կ'ուզեն նաեւ, որ աղախիններով լեցնեմ այս իմ պալատս, բայց ես ծառայող կանանց հետ այնպէս վարուեցայ, որ մէկը չդիմացաւ` գնաց: Մէկ քանի հատ որ կան, նոքայ էլ իմ անձես հեռու եւ անարգ պաշտօններու կը գործածեմ, վասնզի այս լեռանց կանայք ամէնն ալ գերի են եկեղեցականաց:

– Քեզ չեն կրնա՞ր թունաւորել:

– Եթէ ես քոյր մը, ժառանգ մը, մերձաւոր ազգական մը` ունենայի` դիւրին էր, բայց ոչ ոք չի կայ. իրենք զիս կ'ուզեն ամուսնացնել, որպէսզի զիս մէջտեղէն վերցնեն երբ ժառանգ մը ունենամ, ես այս էրկանս մահուանեն վերջը իմացայ:

– Բայց դու ի՞նչ ըրած ես իրենց այս ատելութեան արժանանալու համար:

– Իրենք կ'ուզեն, որ ես ուրիշ կանանց պէս իրենց ամէն ըրածին հաւնիմ, իրենց ամենախոնարհ աղախինն լինիմ, իրենց սուտ հրաշքներուն հաւտամ, իրենց համար մեծածախ եկեղեցիք, վանքեր, առաջնորդական պալատներ շինեմ, իմ հայրենական գանձս վատնեմ բոլորովին: Վերջապէս ինձ ձանձրալի ըրին այս լեռները, սոցայ մեծ եւ իշխող մասը օտար են. մենք առաջ խաղաղութեամբ կ'ապրէինք, հիւրասիրութեան պարտքն է, որ կը քաշենք, վասնզի քահանայ եւ ժողովուրդ մահմեդականաց փախստականք են, որ մեր լեռներն ընդունած ենք:

– Ունի՞ս եկեղեցական հաւատարիմ բարեկամ մը:

– Իմ հօրս բարեկամ աւագերէց մը կայ այստեղ պատուական ծեր մը. նա միայն ես կը յարգեմ եւ նա զիս կը սիրէ, վաղն առավոտ ինք կ'ուգայ, իրեն խորհուրդ պէտք է հարցնեմ:

– Եթէ այդպիսի բարեկամ ունիս, նա կրնայ մեր վրայ հանգուցելոց աւետարան մը կարդալ եւ ժողովրդեան կարծեցնել թէ պսակի արարողութիւնն է, որ կատարուեցաւ:

– Ես նաեւ այդ կ'արծիքեն եմ, այդ ծերը խելօք մարդ է, բան մը կը յարմարեցնէ մեզ համար: Ես շատ գոհ եղայ, իշխան, որ քեզ պէս անձ մը աստուած ինձ ուղարկեց* առաջին ակնարկես իմացայ, որ մարդու հետ գործ ոմնիմ, եւ ահա կը տեսնեմ թէ չի խաբուեցայ: Իրարու կ'օգնենք, կը պատրաստուենք, եւ երբ ժամանակը գա` կ'երթանք մեր նպատակին: Ես բոլոր իմ գաղտնիքս քեզ յայտնեցի իբրեւ հին բարեկամի. իմ կենացս անառակ եւ լուրջ կողմը ցոյց տուի. եթէ ունիս դու յայտնելու բան մը` վստահացիր եւ ապահով եղիր. եթէ պէտք ունիս դու ստակի, զէնքի, սպասաւորի, մի քաշ֊ վիր. ի՛նչ որ կրնամ կը ջանամ ընել:

– Շատ շնորհակալ եմ, բանի մը պէտք չունիմ: Միայն քու մէկ օրինակիդ հետեւելու փափադ կը զգամ, փոքրիկ գունդ մը կազմելու, բայց դժուարութիւնր հոն է, որ իմ ազգես մարդ չունիմ:

– Ի՞նչ ազգէ ես դու:

– Հայ եմ:

– Հա՛յ… լսած եմ թէ հոս Գերմանիկ հայեր կան… Բայց քեզ խորհուրդ չեմ տալ օտարներ բերել այս լեռներուն մէջ, եւ կ'ասկածելի երեւալ մեր մարդկանց. աւելի լաւ` իմ օրինակիս հետեւէ, այս տղաքը, որ կը տեսնես` կէսն արծաթագին ստրուկներ են, արաբաց որդիք, եւ մնացածն որբ տղայք, որ հայր, մայր, ազգական եւ բան մը չունենալով աշխարհքիս վրայ, կամայ` ակամայ, հոգուով մարմինով ինձ անձնուէր էակներ են. գիտեն, որ ուրիշէ յոյս չի կայ, ես եմ, որ կը պատժեմ, ես, որ կը վարձատրեմ: Երբ փոքրիկ տկարութիւն մը, հիւանդութիւն մը կ'ունենամ, տեսնելու բան է իրենց հուսակտուր տխրութիւնը, եւ նոքա նաեւ որ օրերով երեսի վրայ պառկած` չեն կրնար շարժիլ խարազանի հարուածներու սաստկութենեն եւ վէրքերեն, կը հարցնեն անձկութեամբ թէ` «Տիրուհին ինչպէ՞ս է»:

– Այդ խորհուրդը լաւ է, – պատասխանեց Սուրէն մտածելով:

– Եթէ մեր ամուսնութեան կատակերգութիւնը կատարենք, դու, իշխան, կրնաս քեզի համար առանձին ամրոց մը ունենալ Գերմանիկի մօտ, պատրաստել մարզել քու գունդդ ինչպէս կ'ուզես, եւ երբ ամէն բան կարգին գտնուի, ոչ իբր փախստական այլ իբր իշխան եւ իշխանուհի իւրաքանչիւր ոք մեր ճամփան բռնենք: Ես իմ նաւերս կ'երթամ, դու էլ քու հայրենիքդ: Ի՞նչ յարկ կայ արտորալու եւ վտանգի դնելու քու անձդ:

Կէսգիշերն անց էր, երբ Սուրէն բարի գիշեր մաղթեց Քահինայի եւ գնաց իւր սենեակր, խորհրդածելով այդ նորանշան կնոջ եւ իւր հետեւելու ճամփուն վրայ:

Գրեթէ տարի մը անցուց Սուրէն այդ լեռները, – մահմէդականաց դէմ կատաղի պատերազմներ վարելով մեծին եւ փոքրին սիրելի եղաւ, երեք հարիւրի չափ ձիաւորաց ընտիր խումբ մը կազմեց սեփական իւր անձին: Քահինայ որ շատ անգամ իրեն կ'ընկերանար պատերազմաց մէջ, ամէն վտանգ արհամարհելով, իւր երիտասարդ գնդին հետ վերջապէս լեռնականաց համակրութիւնը եւ համարմունքն ստացաւ, այլ ոչ երբեք զոհ եղաւ իրենցմէ, եւ այն օրը, որ Սուրէն դէպի Փոքր Հայոց կողմն ճամփայ ելաւ իր փոքր գնդով, Քահինայ եւս իջաւ Սկանդարուն իւր հազարաց ընտիր գնդով եւ գանձերով, ու մտաւ վարձուած տասը նաւեր, երկրորդ Դիդէ` երթալով Կարքեդոնի ափունքը, ուր իւր բարեկամութիւնը եւ դաշնակցութիւնը պիտի խնդրէին Բիւգանդական կայսրութեան վերջին զօրութիւնք:

ԳԼՈՒԽ ԻԸ

Սուրէն Գերմանիկ հասաւ առանց դիմադրութեան մտաւ Փոքր Ասիա, եւ երկրին վիճակին վրայ Հայելով կատարեալ անիշխանութիւն մը տեսաւ, որ կը տիրէր: Իբրեւ թէ Յունաց կայսրութեան մէկ գաւառն էր, բայց իրօք ոչ յունաց, ոչ արաբաց կը վերաբերէր, ուստի նստաւ Արապիսուս եւ սկսաւ իր գունդը մեծցնել, կանոնաւոր զօրաժողով շինելով ի հայոց: Խիստ ընտրութեամբ` շատերուն միայն երեսը եւ աչքին մէջ նայելով անդարձ կը մերժէր. կորովի, առողջ երիտասարդք էին ընդունեալ, շարունակ օրը հինգ-վեց ժամ կրթութիւն սովորական բան էր իրենց համար. ամենափոքր զանցառութիւն հրամայալ օրինաց կամ անիրաւութիւն խստիւ կը պատժուէր, մաքուր եւ սննդարար էր իրենց ուտելիքը, իրենց զգեստներն ու զէնքերն ընտիր: Իրենց ռոճիկն աւելի էր յունաց եւ արաբաց տրուած ռոճիկեն, աւարին կէսն իրենց պիտի բաժնուէր արդարութեամբ, կէսը զօրավարին: Պատերազմէ փախչողի պատիժը մահ էր:

Արապիսուսի յոյն իշխանը վախեն լաւ ընդունելութիւն ըրաւ Սուրէնի եւ գաղտնի իմացուց Կեսարիս կուսակալին այսպիսի կ'ասկածելի հիւրի մը ներկայութիւնը, որ առանց վնաս տալու արդէն զօրաւոր գունդ մը` աւելի եւս կը զօրացնէր, թէեւ ամենեւին բռնութիւն մը չէր տեսնուած ոչ իր, ոչ իր զօրաց կողմանէ: Կ'իմացնէր նաեւ, որ իւր հիւրը միտք ունէր քանի մը օրէն Մալաթիոյ ճամփեն երթալ Հայաստան:

Կեսարիս կուսակալ Վասակ անուն հայ իշխան մ՚էր, եւ այնպիսի վտանգաւոր դիրքի մը մէջ կը գտնուէր նոյն միջոցին, որ այս լուրը լսելուն` շուտ մը բարելաւման հրաւէր գրեց Սուրէնի, որ իւր գունդն առնու եւ գա Կեսարիա, երդմամբ ապահովցնելով զինք ամէն կերպով գոհ ընելու: Սուրէն ընդունեցաւ հրաւէրը եւ երբ հասաւ Կեսարիա, զարմացաւ, որ Վասակ անձամբ հեծելոց փոքր գնդով կ'ուգար զինք դիմաւորելու. եւ երբ մօտեցաւ, իջաւ ձիեն եւ պագտուելով իբր հին բարեկամ.

– Եղբայր, – կ'ըսէր, – ինչչափ ժամանակ է, որ քեզի կը սպասեմ. Թէոդորոս Ռշտունի քանի՛ նամակաւ է, որ զքեզ կը յիշէ, Կամսարական եղբարքդ զքեզ կը հրցնեն, քեռորդի մը ունիս եղեր Մամիկոնեան, նա ողջ-առողջ հասեր է հայրենիք, զքեզ մեռած` կը համարին, եւ. ես ուրախ եմ, որ ոչ միայն ողջ-առողջ զքեզ կը տեսնեմ, այլեւ լաւ գնդի մը զօրագլուխ: Շատ լաւ ըրիր, որ իմ հրաւէրս ընդունեցար եւ Հայաստան չգնացիր: Երթանք, ցցնեմ քեզ նամակներ:

– Բայց ես հայրենեաց վրայ լուր մը չունիմ, առաջին անգամ է, որ հինգ տարի ժամանակէ վերջ, ինձի ծանօթ եւ սիրելի անուններ տուող հայ իշխան մը կը տեսնեմ, – պատասխանեց Սուրեն, – պատմէ՛ ուրեմն Հայաստանի վրայ, ի՞նչ վիճակի մէջ է:

– Երթանք տուն, իշխան, հոն կը պատմեմ քեզ եւ կ'իմացնեմ վիճակը, ուր կը գտնուին բուն Հայաստան եւ մեր Փոքր Ասիոյ գաւառը:

Հոն Վասակ, Կոստանդին կայսեր աթոռ նստելեն ի վեր ամէն անգթութիւնքը, յիմարութիւնքը սկսաւ պատմել Սուրէնի, որ արդեն մեզ ծանօթ են, բայց երբ հասաւ իւր հօրեղբօր` Գեւորգ Մագիստրոսի մահուան վրայ` աչվները կատաղի փայլ մը առին եւ իմացուց նաեւ թէ ինք արդէն տաճկաց ամիրապետին հետ բանակցութեան մտած էր յունաց լուծը թօթափելու համար: Սկսաւ համրել այդ յիմար աստուածաբանական կատաղութեանց արդիւնքը, որ ամէն օր կրօնքի նորանոր փոփոխութիւն հնտրելով` նոր հաւատոյ հանգանակ ստեղծելով, դժգոհ վիճակի կը բերէր թէ Կոստանդնուպոլսոյ ժողովուրդը, թէ Իտալիոյ կողմերը, թէ հայերը եւ թէ մարտայիթները: Եւ թէ ինչպէ՛ս հայք կայսեր առաջարկութիւնքը համարձակ մերժելուն համար, նա էլ Կոստանդնուպոլիս սկսէր էր պատերազմի պատրաստութեան, եւ որ ինք Վասակ իմացուցեր էր Թէոդորոս Ռշտունուոյ, եւ թէ իւր որդին ղրկած էր առ նա դաշնադրութիւն մը կապելու համար միաբան գործելու, բայց հիմա կը տեղեկանար թէ կայսրը իմանալով խլրտմունքը` պատրաստի գտնուած զօրքով ուղղուէր էր Տրապզոն, եւ իրեն նաեւ հրաման ղրկէր էր նոյնպէս զօրքով Բարձր Հայք դիմել:

– Ուրեմն, – ըսաւ Սուրէն, – ի՞նչ կեցէր ենք, պէտք է ժամ առաջ երթանք քանի որ կայսրը Կարին չէ հասեր:

– Այո՛, – պատասխանեց Վասակ, – բայց Մամիկոնեան Մուշեղ միաբանութիւն կազմեր է ընդդէմ Թէոդորոսի, կաթողիկոսը եւ նախարարաց մեծ մասն էլ իրեն հետ համաձայն են, ինչպէս ինձ կիմացնէ Մանանաղեաց գաւառեն եկած նամակ մը. արդէն Եկեղեաց եւ Դարանաղեաց եւ Ապերոյ իշխանք սկսէր են ժողովուիլ իրենց զօրքերով:

– Է՜հ յիմարներ, – ըսաւ Սուրէն, – միշտ միեւնոյն մարզիկն են, միշտ նախանձ, ատելութիւն: Դժբախտութիւն հոն է, որ ոչ մեկը չի գտնուեցաւ, որ ամենմուն գլուխը միանգամայն կոտրէ:

– Ի՞նչ կ'ըսես, եղբայր, երբ նոքա էլ վերնան ի՞նչ կը մնա:

Համբերենք, այսօր-վաղը կ'ուգայ որդիս Տիգրան, նա արդէն Թէոդորոսի հետ տեսնուած` մեզ ճիշտ տեղեկութիւն կը բերէ: Իրօք երկու օրէն եկաւ Տիգրան` Վասակս, որդին եւ պատմեց ամէն բան: Նախ թէ Դուին ասած ժամանակ գտեր էր ամիրապետին պատգամաւորները, որ Թէոդորոս եւ բոլոր հայ նախարարաց հետ դաշնադրութիւն կը կնքէին, ուստի ինք այդ տեսնելով երբ Թէոդորոսի հետ առանձին խօսակցութիւն ունեցաւ, նկատեց, որ նա գոհ չէր, թէպէտ ամենեւին բան մը չէր յայտնէր. միայն նշանավոր խօսք մը զրուցէր էր. «Մենք կը խոստանանք, դաշինք կը կնքենք, բայց ոչ մեր խոստմունքը լուրջ է եւ ոչ դաշինքնիս ուղղութիւն ունի. տեսնենք թէ այս դաշանց ստորագրողներն ինչչա՛փ պիտի յարդէն իրենց խոստմունքը»: Պատգամաւորք դեռ Դուին էին, երբ լուր հասաւ թէ կայսրը Տրապզոն ելեր էր. Թէոդորոս ժողուեց զամենքը` յորդորեց միաբանել զօրքը եւ ժամանակ չի թողել յարձակիլ հունաց վրայ, եւ դիմադրել մինչեւ ամիրապետին զօրքն օգնութեան հասնին: Մուշեղ Մամիկոնեան եւ բոլոր արեւմտեան նախարարք առաջինն եղան այս խորհրդին դիմադրելու, կայսեր զօրութիւնն սկսան մեծցնել եւ ըսել թէ` «Եթէ մենք ամիրապետին հնազանդիլ խոստացանք, զմեզ պիտի պաշտպանէր ի կայսրէ. կայսրը ահա հասաւ, իսկ ամիրապետը դեռ Դամասկոս կը քնէ. պատգամաւոր ղրկելէ դիւրին բան չի կայ, մեզ զօրք պէտք է»: Զարմանալի կը պատմէր այդ խիստ Թէոդորոսի համբերութիւնը, որ երբեմն քաղցրութեամբ, երբեմն խստութեամբ կուզեր համոզել այդ մարդիկը թէ «Ստորագրյալ կնքեալ դաշնադրութեանց դէմ կարելի չէ մեղանչել, անքաւելի ոճիր է, եւ բարբարոս աւազակաց միայն կը վայելէ»: Բայց ամէնքն անօգուտ ցրուեցան ըսելով. «Ամէն մարդ իր գլուխը միայն պարտաւոր է փրկել այսպիսի պարագայի մէջ»: Դարձեալ Թէոդորոս վերջին ճիգ մը թափեց, համոզեց արաբացի պատգամաւորքը, որ ամիրապետին կողմեն երթան գտնեն կայսրը եւ զինք ջանան արգիլել մտնելու Հայաստան: Ուստի ես էլ իբրեւ անծանօթ այդ մարդկանց հետ ուղեւորեցայ Դերջան. հոն գտանք կայսրը եւ տեսանք, որ զօրաց թիւը կ'աւելցնէր: Խրոխտ պատասխան տուաւ պատգամաւորաց. «Իմ աշխարհն է Հայաստան, կ'երթամ, ոչ ոք չի կրնար արգելուլ»: Եւ կը սպառնար հրով սրով մաշել երկիրը: Ահա վիճակը այսպէս կը պատմէր Վասակայ որդին:

– Հիմա, եղբայր, – ըսաւ Վասակ Սուրէնի, – Լսեցիր պատմութիւնը. կարծեմ թէ ամէն խելօք մարդ սպասելէ զատ բան մը չի կրնար ընել: Տեսնենք Թէոդորոս ի՞նչ պիտի ընէ:

– Ի՞նչ կրնայ ընել, – պատասխանեց Սուրէն, – երբ դաւաճաններ չորս կողմը շրջապատէր են:

– Բայց դարձեալ, – ըսաւ Տիգրան, – երբ ես Դուին էի եւ կ'այսէր գալստեան լուրն հասաւ եւ նախարարք ամէնքը թողին ժողովն ու գնացին, Սիւնեաց, Աղուանից եւ Վրաց նախարարաց հետ, որ միաբան մնացել էին իրեն` դիմադրութիւն որոշեց: Անխռով եւ խրոխտ` իրենց յայտնեց թէ ինք միտք ունէր ամրանալու, ո՛ւր որ կրնար եւ դիմադրելու մինչեւ վերջին կէտը, թողլով դաշտավայրը թշնամուոյն. նոյն խորհուրդը տուաւ նաեւ իւր դաշնակցաց յայտնելով թէ «Այ՜դ Յունաց կայսրը երկար չէր կարող կենալ եւ պէտք էր երթար: Ուստի իւր օրինակին հետեւեցան այդ երեք մեծ աշխարհաց նախարարքր: Վահեւունեաց Տէրը իւր հրամանաւ ամրացաւ Արփայից բերդը. Վարազ Ներսէհ Դաշտկարի իշխանին հրամայեց առնուլ բոլոր աշխարհին, եկեղեցուոյն, իշխանաց եւ վաճառականաց գանձերը եւ անմատոյց լեռանց մէջ ամրանալ: Իսկ ինք իւր զօրքով անցաւ Արածանի գետին ձախ կողմը եւ նստաւ Աղիովիտ: Իւր այս քաջասիրտ շարժմունքով Համազասպ Մամիկոնեան եւս եկաւ իրեն միացաւ. եւ ամէն օր զօրաց կրթութիւն ընել կ'ուտար իւր ներկայութեամբ, եւ այնպէս զուարթ էր, որ ամենքը կը զարմանային:

– Ուրեմն, – ըսաւ Վասակ Սուրէնի, – մենք հոս այս աշունն ու ձմեռն կը պատրաստուինք, արաբաց օգնութեամբ նաեւ կը զօրանանք, եւ դարնան կը յարձակինք այդ Բիւզանդիոյ կայսեր վրայ, վասնզի արդէն իմ չերթալովս իւր հրաւէրին, յայտնի է թէ որոշված վճռուած բան մ՚է իր կողմեն, եթէ իմ հօրեղբայրս սպաննած օրէն այդ որոշմունքը չէր եղած: Դու զօրաժողով ելիր, ըրէ՛ ինչ որ կրնաս այս երկրին մէջ, ամէն դիւրութիւն ես քեզ կ'ուտամ, եւ ապահով եղիր թէ ամառը չի հասած` մեր բանակը կը միանայ Թէոդորոսի բանակին հետ, եւ քու Հայաստան մտնելդ փառաց եւ հաղթանակի մուտք կը լինի:

– Եղբայր, – պատասխանեց Սուրէն, – ես ոչ փառք եւ ոչ հաղթանակ կը փնտրեմ, իմ փափագս թշուառ հայրենեաց օգտակար լինիլն է միայն, եւ ցաւով կը տեսնեմ, որ այդ անօրէն արաբաց օգնութիւնն ուզելու կը պարտաւորինք ընդդէմ քրիստոնեայ տէրութեան: – Ի՞նչ կարելի է ընել, երբ այդ քրիստոնեայ տէրութիւնն նոյնպէս անգութ, նոյնպէս բռնաւոր է մեզ համար. Թէոդորոս Ռշտունի դաւաճանութեամբ շղթայներու մատնեալ, դարձեալ հավատարիմ կուզեր մնալ այդ քրիստոնեայ տէրութեան, յանկարծ ի՛նչ եղաւ, որ ինձ կը գրէ թէ` «Վերջին եօթանասուն տարուան մէջ` Բիւզանդական կայսրութեան դիւական խորհուրդները մեր ազգը ոչնչացնելու համար ինձ յայտնի եղան, երբ Թէոդորոս Երիզացին ինձ հաղորդեց Կարնոյ դիւանատան ամէն գաղտնի թղթակցութիւնք եւ հրամանագիրք. մեր նախարարաց անմիաբանութիւնք եւ վատութիւնք քիչ մը թեթեւցան իմ աչքիս, վասնզի տեսայ յայտնի թէ հունական ոսկին ի՛նչ մեծ ղեր խաղացեր էր այդ անխելք ու կարճատես մարդիկը մոլորցնելու»:

Պատրաստութիւնքը շարունակեցան` եւ նոյն միջոցին ինչ որ կ'անցնէր Հայաստանի Վասակ մանրամասն կ'իմանար: Կայսրը Կարին հասած վայրկենին` յունաց զօրավարք եւ հայոց իշխանք միաբան` Թէոդորոս Ռշտունի պատճառ ամէն չարեաց ամբաստանեցին. նա էր, որ Մարդոցէից պատերազմին մէջ պատճառ եղած էր յունաց պարտութեան, նա էր որ զամենքը գրգռած էր հապստամբութիւն, նա էր որ զամենքը վախցնելով պարտաւորել էր արաբաց հետ դաշինք դնելու:

Հոն եկաւ նաեւ Ներսէս կաթողիկոս, Բագրատունի իշխանաց հետ` Տայոց գաւառեն, ամրապնդելու համար այս ամբաստանութիւնը յունաց զօրք վատութեան նախատինքէ, հայոց իշխանք եւ կաթողիկոս ապստամբութեան յանցանքէ արդարացան, եւ ամէն ինչ Ռշտունի զօրավարին վերա բեռցնելով, նզովեցին եւ դատապարտեցին եւ ձգեցին զինք ամէն պատուոյ եւ իշխանութենէ, եւ իւր փոխանակ իշխան մը ղրկեցին քառասուն հոգուով եւ կայսերական հրովարտակաւ: Իսկ Թէոդորոս բռնեց կապեց այդ մարդիկը եւ ղրկեց ոմանք կղզիները, ոմանք Բաղէշու բերդը: Եւ Կոստանդին իմանալով այս եղածները, կը սպառնար ջնջել, ոչնչացնել բոլոր երկիրը: Եւ Մուշեղ Մամիկոնեան, Ներսէս կաթողիկոս եւ միւս իշխանք գետնամած կ'աղաչէին` իւր բարկութիւնն իջեցնել կ'աշխատէին, մինչեւ տարին զինք Դուին եւ հոն կաթողիկոսական եկեղեցուոյն մէջ, իւր եկեղեցիեն իբր հերետիկոս դատապարտեալ մարդուն ու քահանայից յետոյ հաղորդուեցան: Իսկ զօրքը ցրուեցան Վրաց, Սիւնեաց եւ Աղուանից երկիրները, աւերեցին ո՛ւր որ կրցան, բայց Սիւնիք եւ Աղուանք չխոնարհեցան այդ կայսեր առջեւ:

Երբ լուր հասաւ կայսրեն դեռ գարուն չեկած թէ Վասակ պատրիկ` կուսակալ Փոքր Հայոց ապստամբեցաւ, եւ թէ Կոստանդնուպոլիս նաեւ ապստամբութեան ցոյցեր կան, առաւ զօրաց մեծ մասը, դիմեց Կապադովկիա Վասակի վրան: Բայց յաղթուեցաւ չարաչար, եւ դարձաւ գնաց Կոստանդնուպոլիս կորակոր, շփոթած եւ հուսահատ. եւ հոն նոր անգթութեամբդ աւելի ատելի եղաւ ամէնուն:

Իսկ կաթողիկոսը Թէոդորոսի երկիւղեն Տայոց գաւառը փախաւ յունաց զօրաց հետ, բայց նոքա եւս չկրցան դիմանալ, վասնզի հայոց զօրավարը հասաւ ետեւնուն` հալածեց զիրենք անտից: Եւ խմբուեցան բոլոր յունաց զօրքերը Կարին. Մաւրիանոս իրենց սպարապետը մեծ պատրաստութեամբ կը սպասէր եւ կուշացներ պատերազմի գործը` որպէսզի իւր ցրուեալ զօրքը ժողուի, ինչպես Թէոդորոս կը սպասէր հայոց նախարարաց, որ մէկ կողմէ կ'ըհասնէին, ոմանք համոզուած, թէ իրենք իրենց վրայ պէտք էին հուսալ եւ ոմանք ակամայ եւ ի յունաց յոյսերնին կտրելով, ոմանք նաեւ տեսնելով թէ ամիրապետը Թէոդորոսի եօթ հազար հոգուոյ գունդ մը օգնութեան ղրկել էր:

Yaş sınırı:
12+
Litres'teki yayın tarihi:
26 haziran 2017
Hacim:
250 s. 1 illüstrasyon
ISBN:
9781772467987
Telif hakkı:
Aegitas
İndirme biçimi:
Metin
Ortalama puan 5, 1 oylamaya göre
Metin PDF
Ortalama puan 0, 0 oylamaya göre
Metin
Ortalama puan 0, 0 oylamaya göre
Metin
Ortalama puan 4,5, 2 oylamaya göre