Kitabı oku: «Թէոդորոս Ռշտունի», sayfa 13
ԳԼՈՒԽ ԻԵ
Թէոդորոս տաղտկացեալ` կուզեր դառնալ Ռշտունիք, երբ իրեն իմացուցին թէ կաթողիկոսը թողէր աթոռը վեախեր էր Տայոց գաւառը Սմբատ Կիւրապաղատին հետ: Այս երկու նախաթոռ անձինք Հայաստանի ծանր վիճակին մէջ ոչ միայն կը թողուին իրենց աթոռը, այլեւ համբաւ մը կը ձգէին, որ Թէոդորոսի երկիւղեն էր իրենց փախուստը, իբր թէ դաւաճանութիւն մը կար իրենց անձանց դէմ: Վասնզի կաթողիկոսը նոյն գիշեր, որ կը հեռանար, կնքեալ թուղթ մը կ'ուտար իւր հաւատարիմ վարդապետի մը, ուր դառն գանգատներ կ'ընէր ընդդէմ զօրավարին: Միւս կողմեն կ'իմանար Թէոդորոս թէ յունաց բանակն, որ ի Կարին էր` կը տարածուէր Բագրեւանդ եւ քիիքիէ առաջ անցնելով, կը մօտենար մայրաքաղաքին: Ուստի չկարէնալով հեռանալ հայրարատայ, տեղապահ մը սահմանեց կաթողիկոսին եւ գրեց Սէթայի օգնական զօրաց գունդ իրեն հասցնել:
Իսկ Ռշտունեաց Տիկինը շուտ մը երկու հազար հետեւակ եւ երեք հարիւր հեծեալ ու Վարդ որդին յուղարկեց Հայոց զօրավարին: Թէպէտ Վարդ շատ դժկամակ էր Ռշտունեաց Ոստանեն հեռանալու եւ ակամայ հնազանդեցաւ մօրը: Ի՞նչ էր պատճառն այս դժկամակութեան, ետ դառնանք երկու տարուան միշոց` երթանք Ռշտունիք եւ բացատրենք համառօտիւ:
Երբ Գրիգոր յաղթութեամբ ետ դարձաւ Հերաց կ'ողմերեն, զսէթայ եւ բոչոր երկիրը շփոթած ու տխուր վիճակի մէջ գտաւ: Վասնզի մինչ ամէնքը կը սպասէին իշխանին դարձին, Թումայի դաւաճանութեան եւ Թէոդորոսի շղթայակապ ի Բիւզանդիոն յուղարկուելուն լուրը կը հասնէր Վասպուրական, եւ անմիջապէս այն թղթի կտորը իշխանեն, որ կը պատուիրէր Սէթայի` «Հսկել երկրին եւ Ատոմ Շահունիէ զատ ոչ ումէք հաւատարմութիւն ընել»: Բայց դժբախտութիւն մ՚էլ այն էր Սէթայի վիճակին համար, որ Ատոմ կաթուածահար պառկած` իւր ամրոցն ի Բզնունիս, Վարդ դեռ Սիւնեաց երկիրն էր: Ուստի երբ Գրիգոր հասաւ իւր յաղթական գնդաւ, Տիկինն իրեն լաւ ընդունելութիւն ըրաւ, վիճակը յայտնեց եւ բոլոր պատերազմական գործերն իրեն յանձնեց թէ՛ զօրաց կրթութեան , թէ նոցայ թիւն աւելցնելու եւ թէ բերդերն ամրացնելու մասին:
Վասպուրականի բոլոր նաւերը գնեց եւ փոքրիկ ծովուն տէր դարձաւ, եւ Աղթամարայ կղզին, որ այն ժամանակ շատ աւելի ընդարձակ էր` վասնզի ծովը հիմկու բարձրութիւնն չունէր` շտեմարաններն ընդարձակեց ու մեծ քանակութեամբ պաշար եւ զէնք համբարեց: Դիտելով Գրիգորի անխոնջ աշխատութեան հետ սաստիկ տխրութիւնը, զզաւէն յուղարկեց առ Ներսէհ Կամսարական եւ Արփենին ուզեց հոստան, ի մխիթարութիւն եղբօրը: Կասկածելով իրաւամբ թէ՛ Մամիկոնեանց Մուշեղէն եւ թէ՛ դաւաճան Մոկաց Արդուկեն, որ կը խլրտէին` զօրաց մեծ մասը Գրիգորի յանձնելով Բաղէշ նստուց եւ բացարձակ հրաման տուաւ, որ ամենափոքր նշան թշնամութեան կամ յարձակումն տեսած ժամանակ նոցայ կողմեն սանձահարէ ամէն արարք: Նոյնպէս Ոստանի շուրջը մեծ խումբ զօրաց կը բանակէր Վարդի յանձնած: Եւ ինք անձամբ շատ անգամ կ'երթար շրջակայքը տեսնելու թէ իրօք պէտք եղած ամրութիւնք եւ գիւղերու պատսպարանք ըստ արժանուոյն շինուա՞ծ էին. ամէն գիւղ եւ աւան գանգատներ կը քննէր. իւր ճանապարհորդութեանց ընկեր առած երկու համեստ դատաւոր եւ Ռշտունեաց եպիսկոպոսը` նոցայ որոշմունքը շուտովի գործ կը դնէր. անիրաւները, հարկահան, աւանապետ կամ գիւղապետ, աւազակները, ազատ կամ անազատ Աղթամարայ բերդին մէջ շղթայակապ կ'ուղարկէր աշխատելու: Ռշտունեաց գաւառն այն օրերը տեսնողը կը զարմանար. երկրագործ, հովիւ, արհեստաւոր, երիտասարդ եւ պատանի, ամէնքը զինեալ, բայց ոչ ուրեք անկարգութիւն մը չէր նշմարուէր, վասնզի զէնք քաշել կռուի կամ վէճի մէջ սաստիկ խստութեամբ կը պատժուէր:
Ուստի Թէոդորոսի հեռաւորութեան միջոցին ոչ մէկ թշնամի չտեսնուեցաւ, որ համարձակէր մտնել այն երկիրը, իսկ երբ իւր Հայաստան դարձը լսուեցաւ` Սէթայի սիրտը հանգստացաւ բոլորովին, եւ օրաւուր կը սպասէր նորա դարձին, բայց տարին կ'անցնէր, կը լրանար, եւ մեծ իշխանն այսօր, վաղը կ'ուշանար: Գրիգորի հրաման եղած էր արդէն գալ բնակիլ հոստան, վասնզի բանակը, որ Բաղէշ կը սպասէր` ցրուելու միտք ունէր Տիկինը. շրջակայք բոլոր Թէոդորոսի գալստեամբ բարեկամ կը տեսնէր ինք եւ զօրքերն հետզհետէ տուներնին կը ճամփեր: Գրիգոր կուզեր դառնալ երթալ Բագրեւանդ, իւր հայրենի տան աւերակներուն, իւր մօր աճիւններուն այց ընել, ուստի թէպէտ իւր սրտին մեծ մխիթարութեօն էր Թենի, եւ նոյնպէս ուրախ աչօք կը տեսնէր նորա իւր մէկ հատիկ քրոջ վրայ ցցուցած սէրն ու բարեկամութիւնը, բայց երբ Թէոդորոս նստած էր Դուին, հոն էին իւր քէոիքն եւ հօրեղբօրօրղին Համազասպ, հոն գրեթէ հայոց բոլոր մեծ նախարարք, ինք զարմանքով կը մնար թէ ինչո՞ւ զինք չէին հրաւիրէր գալ եւ հայրենի ժառանգութեան տիրանալ: Ուստի Սէթայի հետ այս խօսակցութիւնն ունեցաւ…
– Որովհետեւ իշխանը, փառք աստուծոյ, ողջ-առողջ հասաւ, եւ վտանգի սպառնալիք չմնաց մեզ համար, Տիկին, կարծեմ թէ ինձ հրաման կրնաք տալ, որ երթամ եւ Դուին ու Բագրեւանդ շրջան մը ընեմ:
– Գրիգոր որդեակ, – պատասխանեց Սէթայ, – կարելի է մտքեդ անցաւ թէ երբ դու այս երկու տարուան մօտ ժամանակ, որ աջ բազուկ եղար մեզ վտանգի օրեր, եւ ես երբեք չեմ կրնար մոռնալ, չեմ յիշէր քու օգուտդ, վասնզի քանի որ եկեր ես օր մը այս նիւթին վրայ չի խօսեցայ. բայց պէտք է գիտնաս, որ իշխանին գրեցի քանի անգամ, իսկ նա ինձ իմացուց թէ` «Չէր մոռցեր երբեք քու իրաւունքդ, բայց Մամիկոնեանք ազգային միաբանութեան թշնամի չընելու համար` առժամս այս խնդիրը մէջտեղ հանել չէր կրնար» եւ զիս համբերութեան կը յորդորէր: Իսկ հիմա կարելի է որ զքեզ ինք ուզէք վասնզի ինձ նոր հրաման կընէ զօրքերը չի ցրուել եւ պատրաստի պահել չգիտեմ ի՛նչ նպատակաւ, վասնզի չի յայտնէր: Պէտք է գիտնաս նաեւ, որ ամէն անգամ նամակաց մէջ մեծ գոհութիւն եւ սէր կը յայտնէ քու ազնիւ ծառայութեանցդ համար, եւ որ ես չեմ ուզէր կրկնել, վասնզի զքեզ իբրեւ զաւակ համարել եմ հաւասար իմ Վարդիս:
– Այս խօսքերուն բացի շնորհակալութենեն ես ոչինչ չունեմ պատասխանելու, ձեր ազնիւ մայրական սիրոյն միշտ երախտագէտ եմ, եւ ինչչա՛փ ծանր էլ լինի իմ սրտիս Ռշտունեաց տունեն կարճ բաժանմունք մը նաեւ, Վարդանայ բերդի աւերակներուն եւ մօր մը գերեզմանին այց մը դեռ հեռուն ձգել ինձ յանցանք կը թուի:
– Շատ իրաւացի կը գտնեմ այդ զգացմունքդ, որդեակ, դու ինչպէս որ գիտես, այնպէս ըրէ:
– Դեռ քանի մը օր ժամանակ ունինք, իշխանուհի, այս նիւթիս վրայ մտածելու: Միայն խնդիրք մը նաեւ ունիմ. եթէ կարելի էր, Յուսիկի հրաման ընէիք, որ Հերա կողմեն եկած ցորենի վաճառականներու, որ երկու տարվնէ ի վեր իրենց առնելիքներն չեն ստացած` վճարէ. ես քանի անգամ խնդրեցի, բայց ինք այսօր վաղը ըսելով միշտ կը յետաձգէ եւ մարդիկը ամէն օր կը դեգերին ու կը գանգտին:
– Անիրաւը երկու տարի է այդ մարդկանց դեռ չի վճարէր , լաւ՛, ես հիմա իրեն կը հասկցնեմ, – ըսաւ բարկութեամբ եւ ոտք ելաւ:
– Խնդրեմ, իշխանուհի, ես ամբաստանութեան մտօք չեմ ըսէր:
– Կ'իմանամ, որդեակ, – ըսաւ Սէթայ, իւր բարկութեան ծիծաղ մը խառնելով, – տարին քանի մը անգամ պէտք է որ ես Յուսիկի հետ կռւում. ուստի այս` դարձեալ առիթն է, վասնզի այդ մարդիկը քանի անգամ ինձ խնդիրք մատուցին, եւ ես հրամայեցի, որ վճարէ. պէտք է անձամբ ես ի գործ դնեմ: Դու նստէ, ես հիմա կ'ուգամ:
Հազիւ իշխանուհին դուրս ելաւ` Թենի ներս մտաւ: Թենի տխուր էր, սովորական կերպարանքը չունէր, եւ Գրիգոր տեսնելով նորա տխրութիւնը` թէպէտ կրկին եւ կրկին կը հարցնէր տեղեկանալու համար, բայց որոշ պատասխան չառնելով, իւր տխրութիւնն էլ աւելցաւ, եւ քիչ մը լռութենէ վերջ ըսաւ դառն ժպիտով.
– Կ'երեւայ, որ Թենի բաւական վստահութիւն չունի վրաս, եթէ Ատոմ հայրիկ լինէր, կրնար թերեւս այդ սեւ ամպը իւր ճակտեն հալածել:
– Ինչո՞ւ, Գրիգոր, այդպիսի զրպարտութիւն մը կ'ընես իմ սիրոյս, իմ սրտիս. կարելի չէ՞, որ ես առանց պատճառի նաեւ կոտրածութիւն մը ունենամ, տկարութիւն մը, որ տխրութիւն երեւա:
– Ո՛չ, – ըսաւ Գրիգոր, – այսօրուան կերպարանքդ այն չի ցցնէր, ուրիշ պատճառ մը ունիս եւ ինձմէ կը ծածկես:
– Միթէ՞ կարելի չէ, որ իրաւունք ունենամ ծածկելու:
– Չեմ կարծէր, եթէ իմ սրտես դատեմ քու սիրտդ:
– Հիմա քեզ պատճառը զրուցեմ. կարելի է քեզ շատ անձնապաշտ թվիմ, բայց որ այդչափ հետաքրքիր ես` զրուցեմ. խնդիրը երկուքնուս հաւասար կը վերաբերի: Առաջին…
– Ո՜հ, – ըսաւ Գրիգոր, – երկուք կամ շատ են պատճառները, որովհետեւ առաջինեն կը սկսի:
– Կը տեսնես հիմա: Իմ պառկելու սենեակս բարակ տախտակամած մը միայն կը բաժնէ իմ պառաւ դահեկիս խուցեն. հոն ինչ որ խօսուի, ես աս դիեն կը լսեմ. երէկ միջոց մը ես քնած էի, երբ յանկարծ արթնցայ եւ լսեցի երկու պառաւ իրարու հետ կը խոսէին, եւ խօսակցութեան նիւթն մենք էինք: Է՛հ, – կ'ըսէր մէկը միւսին, – այդ անկարելի բան է, Գրիգորի հօրեղբօրորդին Համազասպը արդէն իշխանին (հօրս) եղբօր աղջկան հետ ամուսնացեալ է, Համազասպն էլ Գրիգորի հօրեղբօր որդի է, ուրեմն կարելի չէ, որ օրիորդը Գրիգորի հետ ամուսնանա…
– Իմացայ. թէ այդ է քու մտածութիւնդ. Թենի, ամենեւին պէտք չէ հոգ ընես* Համազասպ Մամիկոնեան ցեղեն է, եւ մեր բոլոր ազգականութիւնն այսչափ է. իւր հօր անունն էլ Դաւիթ է, ուստի օտարներէն ոմանք զմեզ եղբայր կարծած են նաեւ, բայց մենք ոչ եօթ աստիճան, այլ տասնեօթ աստիճան իրարմէ հեռու ենք: Գանք ուրեմն երկրորդ խնդրոյն, եթէ այդ էլ այսչափ ծանր է…
– Ոչ, կարծեմ քիչ մը աւելի ծանր է, Գրիգոր: Քու քոյրդ Արփենին գիտես թէ ես ինչչափ կը սիրեմ, բայց մէկ-երկու օր կայ, որ կասկած մը սիրտս մտաւ, ոչ Արփենիին համար, որ դեռ տղայ է, այլ եղբօրս` Վարդին համար, որ օրաւուր Արփենիէ չկրնար զատուիլ. շարունակ Արփենիի հետ կատակներ կընէ, եւ այն երիտասարդը, որ որսէ զատ ուրիշ բանէ զուարճութիւն չէր զգար, հիմա որսի երթալը նաեւ դադրեցուց, եւ նորա ընկերութիւնը միայն կը փնտըէ:
– Այդ խնդիրն աւելի ծանր է: Եթէ մենք սիրով եւ յոյսով կապուած չլինէինք հոգ չէր, բայց այդ նոր համակրութիւնը կամ զիրենք թշուառ կրնայ ընել կամ զմեզ. այդ բանին ճար պէտք է տեսնել:
– Ինչպէ՞ս, իրաւունք ունէի ուրեմն մտածելու եւ տխրելու:
– Ես մորմեդ խնդրեցի Բագրեւանդ երթալ, բայց նա արգելիչ պատճառներ ցցուց եւ հօրդ դրել խոստացաւ, եթէ իւր հրամանը զինք Շիրակ ղրկէ, խնդիրը այսպէս կը վերջանայ:
– Եթէ Ատոմ հայրիկ հոս լինէր եւ առողջ, ինչչափ մեզի կրնար օգնեմ:
– Ի՞նչ կ'ընէր:
– Նա մօրս կ'իմացնէր ամէն բան:
– Ի՞նչ կ'իմացնէր:
– Կ'իմացնէր թէ մենք զիրար կը սիրենք, Վարդ կը յուսահատէր եւ ամէն բան կը վերջանար:
– Մայրդ ինչ կ'ըսէր: Միթէ չէր ըսէր թէ անտուն անժառանգ երիտասարդի մը Ռշտունեաց Օրիորդ չէ կարելի տալ:
– Քու երկու տարուան բրած բարձր ծառայութիւնքդ. Ռշտունեաց տան համար իմ ծնողքս չեն կրնար մոռնալ, եւ փոքրիկ վարձատրութիւն մը կ'ընեն` իմ ձեռքս քեզի կուտան…
– Որ ինձ հա քար շնորհաց ամենամեծն է: Ո՛հ, սիրելի Թենի, այն օրն ե՜րբ պիտի գա…
– Լռէ՛, մարդ կ'ուգայ, – ըսաւ ադջիկը: Եւ Ռշտունեաց Տիկինը ներս մտաւ. երեսեն` աչաց փայլեն յայտնի էր թէ մեծ գործողութիւն մը կատարելէ կը դառնար:
– Քու վաճառականներդ ասկից վերջ քեզ չէն նեղէր, Գրիգոր, – ըսաւ, – ես երէկ պահանջներն ամբողջապէս վճարեցի:
– Բայց Յուսի՜կ:
– Յուսի՜կ, լացուցի նաեւ այդ անպիտանը:
Ի՞նչ էր ուրեմն եղածը, որ այդ ահագին ժայռի պէս աչքերեն ջուր բխէր էր:
Երբ մեթայ իջաւ գանձատունը եւ յանկարծ մտաւ ներս. Յուսիկ, որ նորա այցելութիւններէն գոհ չէր լինէր սովորաբար` կասկածոտ աչքերն անգամ մը վրան շրջելեն վերջ, իւր սիրուն ծիծաղը երեսին ոտք ելաւ:
– Այս ի՞նչ մեծ պատիւ է, որ կ'ընէք, իշխանուհի, – ըսաւ, – ի՞նչ հրաման ունիք:
Իսկ Սէթայ փայտեայ տախտակամածին վրայ նստաւ եւ ձեռոք մերժելով ոչխարի մորթը, որով զինք կը պատուէր Յուսիկ`
– Ի՞նչ ամօթ բան է, – զրուցեց, – որ շէնք շնորհք բազմոց մը շինել տուած չէս, որ եկող հիւրը կարէնայ նստիր
– Բայց հոս գործքի տեղ է, իշխանուհի, եկողները, երբ իրենց գործը կը վերջացնեն` գոհ սրտով կ'երթան` ամենեւին մտքերնեն չեն անցնէր թէ հասարակ փայտի վրայ նստած էին թէ կակուղ բազմոցի:
– Այս քու խօսքդ կը նշանակէ թէ հոս եկողները տանջարան կը մտնեն, եւ այս նաեւ սուտ չէ, վասնզի ամէն օր գանգատ գանգատի վրայ կը տեղա, ամէն օր քեզի դէմ խնդրագիրներ կան: Ոմանք ճամփու ծախք կը պահանջէն, ոմանք ռոճիկ, անկար սպասաւորներ թոշակնին կ'ուզեն, որ դու դադրեցուցեր ես. իշխանը երբ իմանայ գանձատունը գլխուդ կը փլցնէ: Ես քանի-քանի՛՛ անգամ է, որ մեր ելից եւ մտից հաշիւն ուզեցի` միշտ փախուստ տուիր` ցոյց չի տուիր: Քանի որ տարիներ կ'աւելնան, կ'երեւայ թէ ագահութիւնդ կը շատցնես:
Իսկ Յուսիկ այս խօսքերուն իւր քաղցր ժպիտով պատասխանեց.
– Այնպէս կը զրուցեն, իշխանուհի, դուք իրենց ուշ մի՛ դնէք, անխիղճ շռայլ մարդիկ շատ բան կը զրուցեն: Ես ձեր գանձին հաշիւները ճիշտ կը բռնեմ, դուք ձեր սիրտը հանգիստ պահեցէք: Նոքա որ ճամփու ծախք կը պահանջէն, անպիտաննե՛ր, ես գիտեմ թէ կամարները լեցուն եկան: Այն անկար սպասաւորները, որ թոշակդ կ'ուզեն, ողջ-առողջ պղնձի պէս մարդիկ են, կ'ուգան` կուտեն, կը խմեն, փոքրիկ ծառայութիւն մը չեն ընէր: Այո , ամէնքն ինձմէ կը գանզտին: Ատոմ Շահունի կը զանգտեր, ինչո՞ւ Գրիգոր իշխանը չի գանգտիր. նա ինձմէ գոհ է. ես էլ իրմէ գոհ եմ: Վասնզի իրաւ երիտասարդ` բայց կատարեալ եւ ազնուական մարդ է:
– Խնդրեմ բացատրէ՛, ո՞ւր է կատարելութիւնը:
– Դուք ինձմէ լաւ կը ճանչէք զինքը, Տիկին, ի՞նչ պէտք կայ բացատրութեանց:
– Ո՛չ, կ'ուզեմ քու կարծիքդ իմանալ:
– Շա՜տ բարի: Նախ որ աչքը կուշտ երիտասարդ է, դրամի սէր չունի: Զիս կը բամբասեն իբրեւ ագահ, ես ընդհակառակն` ագահները կ'ատեմ, իշխանուհի, հաւատացէք, որ չեմ ուզէր ագահ, ժլատ մարդու երես տեսնել. այն մարդկանց, որ ոսկին, արծաթը կը սիրեն ագահաբար: Եւ ըսածիս ապացոյց` ես Գրիգոր իշխանը կը սիրեմ, որովհետեւ ամենեւին ագահ չէ: Կը յիշէք, իշխանուհի, որ դուք իրեն առատ ռոճիկ նշանակեցիք, երբ Հերա կողմ յուղարկեցիք գնդաւ, ես դիտողութիւն ըրի թէ այդ ռոճիկը չափազանց է. եւ դուք ինձ բարկացաք ու նախատեցիք. ես, որ ձեր համբերող եւ հնազանդ ծառան եմ, ձեր հրամայած ռոճկին արծաթը առաջը դրի, եւ զարմանքով տեսայ, որ բուն` ճշմարիտ ազնուական` ձեռքն անգամ չերկնցուց, աչքը վրան չի դարձուց, այլ ըսաւ քաղցրութեամբ, թէ «Երբ պէտք ունենամ ստակի, Յուսիկ հայրիկ, ես քեզնէ կ'ուզեմ»: Այսօր այնօր, գրեթէ երկու տարի կը լցուի, փողի մը պէտք չունեցաւ: Եւ ի՛նչ զարմանք… խնդրեմ, իշխանուհի, մի՛ բարկանաք, ամէն բան հաշուով է… փառք աստուծոյ, ձեր սեղանը փառաւոր կուտէ, կը վայելէ, ծառան, ձին նոյնպէս, յարդն ու գարին առատ…
– Ապրի՜ս, Յուսիկ, – ըսաւ իշխանուհին լի բարկութեամբ եւ ոտքի վրայ ցատկելով, – այս ի՞նչ բան է ըրածդ. գերութենէ դարձած տղու մը երկու տարի փող մը չե՜ս տուեր… Եւ պարծանոք առանց ամաչելու կը պատմե՜ս… Տէ՛ր իմ աստուած… ե՞ս ինչպէս այդ ազնուական երիտասարդին երեսը պիտի նայիմ…
Իսկ Յուսիկ անխռով` ամենայն հանդարտութեամբ կ'ըսէր.
– Խնդրեմ, իշխանուհի, այսպէս մի՛ շփոթիք, ես ամէն օր կը նայիմ, ամօթի բան չի կայ, ինք շատ գոհ է, շատ էլ բարեկամ ենք իրարու, եւ շատ սիրով…
– Լռէ՛, յիմար, ինք քեզնէ շատ գո՜հ է, կը սխալիս, ինչպէ՜ս կարելի է քեզնէ գոհ լինիլ, երբ երկու տարի առաջ իւր զօրաց ալիւրի եւ գարիի ստակը չես վճարած, եւ վաճառականք, որ ինձ խնդրագիր տուին, նոյնպէս Գրիգորի գանգտեր են, այս ամօթ չէ՞, որ մարդիկը զօրավարին կնիքը իւր երեսին նետեն:
– Այո՛, իշխանուհի, շատ ամօթ բան է, այդ անպիտանները ես լաւ կը ճանչեմ, յանցանքը զօրավարին չէ, այլ այդ գողերուն, այդ աւազակներուն, որ զինք խաբէր են, մէկին տեղ երկուք կ'ուզեն արնուլ… դուք հոգ մ՚ընէք, իշխանուհի, նոքա կը կ'ակղնան, ես գործը կարգի կը դնեմ, եւ այնպէս որ ոչ ոք ձեր ազնուութիւնը չի նեղէ: Դուք, իշխանուհի, լաւ-լաւ կառավարել գիտէք, ամէն սիրտ շահիլ գիտէք, մեծին, պզտիկին, իշխանին եւ գիւղացիին տեղին խստութիւն, տեղին քաղցրութիւն գործածել գիտէք. բայց եթէ կը ներէք ըսել, ձեր հաշիւը, ձեր ծախքը չափաւորել չէք գիտէր:
– Այս ի՜նչ կնշանակէ, – կ'ըսէր Սէթայ բարկութեան ծիծաով, – կ'երեւայ թեւ դու հիմա զիս կ'ամբաստանես. ես իմ հաշիւս չեմ գիտէր, հաշիւ տուած ունի՞ս, որ գիտնամ:
– Կը ներէք, իշխանուհի, – ըսաւ Յուսիկ իւր քաղցր ժպիտով, – այդ նաեւ հաշիւ է:
– Ինչպէ՞ս, – ըսաւ Սէթայ այս անդամ կատարեալ բարկութեամբ:
– Խնդրեմ, կիրք մ՚ելնէք, իշխանուհի: Ձեր հաշիւը ինչչափ չդիանաք եւ չիմանաք, այնչափ օգտակար է ձեզ համար:
– Այս խօսքերով կ'իմացնես թէ գանձիդ վիճակը շատ լաւ է, միայն կը վախես թէ ես, որ իմանամ, աւելորդ ծախքեր կ'ընեմ, ուստի ինձմէ նաեւ պէտք կը տեսնես ծածկելու:
– Դուք շատ խելօք տիկին էք: Սաբա թազուհիի պէս, որ Սողոմոնի հարստութիւնը լսելով…
– Լաւ՛, լաւ, իմացայ, բաւական է: Աւելորդ եւ երկայն խօսքերու ժամանակ չունիմ, ես պէտք է որ Սաբա թագուհուոյ պէս դործ տեսնեմ, անցիր դու արկղիդ գլուխը նստէ:
– Ես ձեր ամենախոնարհ ծառան չեմ համարձակիր…
– Ես երբ կը հրամայեմ չե՞ս հնազանդիր, – ըսաւ Սէթայ այնպիսի բարկացայտ աչքերով, որ այլեւս դիմադրութիւն չէր վերցնէր եւ Յուսիկ իւր ժպիտը, իւր քմծիծաղը, իւր քաղցր ճարտարախօսութիւնը ի բաց թողլով` անցաւ նստաւ իւր տեղը, իւր ոչխարի հինաւուրց մորթին վրայ, բարակ շրթունքը բերնին մէջ ամփոփեւով ի նշան մեծ համբերութեան` նման կատարեալ այն փոքրիկ տղունք որ սրտահառաչ ակամայ դպրոց կ'երթայ եւ գիտէ թէ թաթն ու չոր հացն իրեն կը սպասեն:
Հերա վաճառականք եւ ուրիշ ամիսներով, տարիով ապասող պարտատերք վայրկենին վճարուեցան առանց քննութեան: Խեղճ Յուսիկ, որ իւրաքանչիւր պահանջի դիտողութիւն ընելու հազիւ թէ բերանը կը բանար, «բայց Տիկին…» ըսելու նաեւ ժամանակ չի տալով` իշխանուհին` «Դիտողութեանց ժամանակ չի կայ, վճարէ», – կ'ըսէր խիստ եւ կամաց ձայնիւ: Երբ պահանջ եւ պահանջող չի մնաց, ելաւ Սէթայ անյայտ ակնարկ մը հազիւ ձզելով Յուսիկի վրայ, որուն անմխիթար կերպարանքը, նուաղեալ աչքերը, տժգոյն երեսը կը յայտնէին սրտին վիճակը:
Խեղճ գանձապետր տխուր նայեցաւ մէկ մը իւր դատարկացեալ արկղին վրայ, մէկ մը այդ դռան վրայ, ուստից գնացեր անհետացեր էր Տիկինը, եւ ըսաւ հառաչանոք.
– Ապրի՜ս, շա՜տ ապրիս, Ռշտունեաց Տիկին, ի՜նչ մեծ քաջութիւն էր, որ գործեցիր: Փուճ տեղ չեն ըսէր պապերը` «Մազն երկան` խելքն կարճ»: Եւ սա ամենե՜ն խելօքն է: Ափսո՜ս, ափսո՜ս:
ԳԼՈՒԽ ԻԶ
Գրիգոր տխուր էր` վասնզի մարդուս կեանքին մէջ վիճակի անորոշութիւնը հիւանդութիւն մ՚է, մանաւանդ երիտասարդութեան մէջ երկայն են օրերը որ կանցնին, եւ ժամանակը երբ կը թռչի` կը սլանայ մէկ կողմեն, միւսեն կըսէ երիտասարդին` «Սպասէ, յուսա, քեզի էլ կ'ուգայ յաջողութեան կարգը, քու բոյնդ էլ կը շինուի, կ'ուգայ ատեն, որ երազներդ իրագործուին»: Եւ նա կը յուսա, կերազէ, երջանկութեան դրախտներու մէջ կանցնէ ծանր երեւակայութեամբ, առասպելներ կը շինէ, եւ նոյն միջոցին նիւթական աշխարհքիս մէջ կը կռուի տաժանելի պատերազմը, կը ջանայ կործանել արգելքները, որ պարագայներն իրեն դէմ կը ստեղծեն, յաջողութիւնք եւ ձախողութիւնք իրարու կը յաջորդեն, կեանքն էլ կ'անցնի, մինչդեռ երիտասարդութեան գարունն էլ կ'անցնի շատերուն համար, զարուն, որոյ շատ անգամ ծաղկունք ջարդուած կարկտի հարուածէ, խամրեալ կիզիչ արեւէ, ամայի պարտէզի տխուր կերպարանին կը ցցնեն: Բարեբախտութիւն մ՚է նաեւ երբ երիտասարդութիւնը ունի անուն մը, ունի ժառանգութիւն մը, ունի պաշտպան մը, ունի հայրենիք մը, ունի կին մը, որ զինք կը սիրէ. կենաց դժուարութիւնք այն ատեն կը դիւրանան անոնց համար, որ իրեն բախտեն աւելի մեծ սիրտ մը կը զգան հինքեանս, որ ուժով կը բաբախէք Գրիգոր մեծ անուն մ՚ունէր, բայց իւր հօրեղբայրը զայն իրեն կը զլանար, ժառանգութիւն ունէր, որ իւր ազզականք գրեթէ յափշտակէր էին, պաշտպան մ՚ունէր, որ գրեթէ երկու տարի կը կորուսէր էր եւ կենաց նշան չէր տար, – կին մը` դեռահաս աղջիկ մը կար, որ զինք կը սիրէր, ահա հոն էր իւր միմիայն մխիթարութիւնը: Բայց այդ սէրը նաեւ ունէր արգելքներ, եւ ինք քաջ թշնամեաց առջեւ չէր զգար քաջութիւն համարձակիլ զրուցելու կնոջ մը` նորա մօրը, թէ «այդ աղջիկը կը սիրեմ, գա իմս է»: Եթէ իւր պաշտպանը` Սուրէն հոն լիներ… Բայց ուր էր Սուրէն որ կովի մը, գինուց շկահմանց մէջ կորսուէր ձայն չէր տար: Եթէ ողջ է` ինչպէ՞ս մոռացեր էր իւր սիրելի քեռորդին: Մեռա՞ծ կամ դարձեալ գերութեան էր մատնուած: Բայց այդ մարդը յաջողակ, յանդուգն, որ դժուարութիւն մը չէր արգիլեր, այդ մարդը չէր կրնար մեռնիլ. – Գրիգորի համոզմունքն այդ էր:
Մենք Սուրէն թողինք իւր փրփրերախ երիվարին վրայ, որ կը դիմէր սրընթաց Ամանոսի լեռը, արաբացի հալածիչ գունդը ետեւին, որու ձեռքեն ազատիլն յայտնի էր իրեն` երբ անգամ մը փոքրիկ միջոց թողուց իւր եւ նոցայ մէջ: Բայց միշտ այն կը խորհեր թէ այս իրարու յաջորդող խումբերը միթէ՞ մեծ գունդի մը յառաջապահք չէին: Այս մտածութեամբ ահա ձիուն զօրութիւնը կը խնայէր եւ կը փափագէր, թէ ինչ որ պիտի գայ թող գայ, որպէսզի այս տարտամ վիճակեն ազատի քանի որ ինք եւ ձին դեռ կտրէին տոկալ, վասնզի իւր եւ կենդանուոյն պաշար չէր մնացեր: Արեւն սկսաւ խոնարհիչ, եւ երկիրն սկսաւ փոխուիլ. բարձունք երեւեցան եւ ինք վերջապէս աւազը թողուց եւ ամուր հողի վրայ սկսաւ երթալ, վտանգը թեթեւցած էր, վասնզի կ'երեւակայէր, որ արաբն այդ երկրները կոխելով` քրիստոնեան բարձունքը քաշուած էր. տեղ-տեղ հիւղեր կը նշմարուէին, եւ տեսաւ երկու-երէք հետեւակ մարդիկ, որ դէպի կիրճ մը կ'ուղղուէին, շտապեց ձին եւ հարցուց, թէ մօտ բնակութիւն կա՞ր. նոցայ կասկածոտ նա յուածքր, զգեստներուն աւելի մաքրութիւնը, զէնքերուն ձեւը յայտնի ըրին թէ քրիստոնեայ ասորիք էին, ուստի առանց սպասելու նոցայ պատասխանին` «Ես քրիստոնեայ եմ, – ըսաւ,– ինձմէ մի՛ կասկածիք, եթէ դուք քրիստոնեայ էք զրուցեցէք համարձակ»: Մարդկանց վստահ ձեւը եւ ուրախութիւնը նաեւ յայտնեց թէ քրիստոնեայ էին, ինչպէս խոստովանեցան, բայց իմացուցին թէ այն օրերը շատ վտանգաւոր յարձակումներ կրած էին յարաբաց, եւ թէ մօտերը նոցայ աւազակաց խումբեր կը թաււառէին եւ թէ իրենք Մարտայիթ ըսուած քրիստոնեայք էին, որ Լիբանանու եւ Ամանոսի մէջ ամրացուած կը կռուէին` այն կողմերը միակ պատուար մնացած քրիստոնէութեան:
Սուրէն ապահովեալ էր յարաբաց, գնաց հիւր եղաւ այն գիշեր նոցայ լեռնային խրճիթներուն մէջ, իմացաւ թէ Կ'իլիջայի մօտերն էր, ուստի հանգստացաւ, եւ առաւօտուն ելաւ ուղղուեցաւ հանտիոք Կ'ոմակենի, վասնզի կուզեր ժամ առաջ հասնիլ քաղաք մը, որ կարէնար իւր ազգայիններէն մարդ գտնել, եւ կը յուսար, բայց երբ հասաւ քաղաքը գրեթէ անապատ էր, ինչպէս բոլոր ասորուոց քաղաքները, ամէն ոք ինչքն առած` լեռներն ելեր եւ հիւղաբնակ էր եղեր. հազիւ քանի մը կրպակ կային, ուր կենաց ամենակարեւոր պիտոյք կը գտնուէին, ուստի ինք նաեւ Գերմանիկ երթալու համար Ամանոսի ճամփան բռնեց, բայց հազիւ ժամուան չափ հեռացեր էր լքեալ քաղքեն` բլուրի մը վրայ բարձրանալով տեսաւ որ երկու խումբ կատաղաբար կը կռուէին իրարու հետ: Իւր վարժ եւ սուր աչքը որոշեց մահմեդական արաբացին եւ քրիստոնեայ ասորին, առանց վայրկեան մը տատամսելու յարձակեցաւ` մտաւ այդ խառնուրդին մէջ, իւր զգեստներուն պերճութիւնը կամ արաբ նժոյգը չէր, որ քրիստոնեայ եւ մահմեդական զարմանոք եւ սոսկմամբ շփոթեց, այլ իւր ահագին սուրին փայլը եւ արագութիւնը, որ արեան գետեր կը հոսեցնէր, երկու կողմը գերմարդկային էակ մը զինք կարծեցին, եւ երբ մահմեդական գնդին պարագլուխը նաեւ կայծակնահար ինկաւ գլորեցաւ իւր Սուրէն երկու ճզքուած, հեթանոսաց զօրքը ցանուցիր սկսան փախչիլ, յաղթութիւնը քրիստոնէից եղաւ, ամէնքն օւսաննաներով Սուրէնի ձիուն առջեւ կը տարածէին իրենց վերարկուները եւ գովասանութիւն երգերով կ'առաջնորդէին Ամանոսի լեռը, որ այն ժամանակներէն եւ մահմեդականաց «Կեաւուռ տաղը» անունն ստացաւ:
Այդ օտարականը, որ քրիստոնեայ էր եւ արաբական ոչինչ չունէր բացի իւր զէնքերեն, ձիեն եւ զգեստներէն, որ այն նեղ վայրկենին իրենց օգնութեան հասեր էր, եւ որ այնչափ քաջութիւն եւ յաջողութիւն ունէր, իբրեւ սուրբ կամ իբրեւ երկնային էակ սկսան նկատել այդ լեռնականք եւ կը խնդրէին, որ չթողու, չերթայ. այլ մնա իրենց քով, լինի իշխան եւ զօրավար: Հազիւ հասան իրենց լեռնային գիւղը, որ Ամանոսի ըարձանց վրայ զետեղեալ խրճիթներու հաւաքմունք մ՚էր, ի՛նչ պատիւ եւ ի՛նչ յարգանք որ կրնային մատուցին, կանայք, աղջկունք, երբ կ'անցնէր, մատնանիշ զինք կը ցցնէին, եւ ծերերու պատկառելի խումբը բոկոտն կը մօտենար իրեն, մինչեւ եկաւ հրապարակի նման տեղ մը, ուր ընդարձակ խրճիթ խաչի նշան վրան` կը յայտնէր թէ եկեցեղին եկած էին: Հոն ասորի եպիսկոպոս մը իւր եկեղեցական դասուն հետ խաչիւ եւ Աւետարանաւ զինքն ընդունեց: Սուրէն այս կրօնական նշաններուն առջեւ իջաւ ձիեն եւ արժանի երկրպագութիւնը մատոյց, բայց խնդրեց, որ իրեն հանգստեան տեղ ցցնեն, վասնզի յոգնած էր կ'ըսէր, եւ մանաւանդ թէ յոգնած էր այն ցոյցերէն եւ չէր ուզէր յայտնել:
Գիւղին ամենալաւ խրճիթը տուին Մարտայիթք Սուրէնի, որ շէնքովն թէպէտ հասարակ եւ անտաշ փայտերու կերտուած մ՚էր երկու դռներով առանց պատուհանի, որոց մէկը պայծառ վտակի մը վրայ կը բացուէր դարաւոր կաղնիներով հովանաւորեալ: Ճաշի` խորովածն ու գինին առատապէս առաջը դրին, եւ ոչ ոք սեղանին չմասնակցեցաւ ի նշան յարգութեան եւ ոչ եպիսկոպոսն, որ խոնարհաբար նստած էր հեռու ժողովյյդեան ծերակոյտին հետ: Սուրէն հարցուց իրենց վիճակը եւ իմացաւ թէ այդ ժողովրդեան մեծ մասը մահմեդական կ'ատաղութենեն փախած այդ լեռներուն ապաստանեալ` գրեթէ շարունակ պատերազմի մէջ էին եւ թէ օրաւուր յուսահատութիւնը կը տիրէր իրենց վրայ, վասնզի Հերակլ կայսեր Ասորիք թողլով երթաւեն եւ մեծին Անտիոքայ իջնելեն վերջ` նոր կորուստ մը նաեւ ունէին, իրենց իշխանը, որ շատ քաջ մարդ էր` մեռէր էր դարանամուտ մահմեդականաց ձեռոք, եւ նոր դժբախտութիւն մը նաեւ հիմա կը հասնէր իրենց այն, որ Կոստանդին կայսրը` Հերակլի թոռը, իրենց ղրկէր էր հաւատոյ դաւանութիւն մը, եւ որ իրենց բոլոր աստուածաբանք հերետիկոսական գտնուելով չէին ընդունէր, բայց դարձեալ թուղթ մը հասեր էր կայսրեն նոյն այն միջոցին, որ կը հրամայէր խստիւ ընդունիլ իւր առաջարկած դաւանութիւնը` սպառնալով ջնջել զիրենք աշխարհքիս վրայեն: Այսպէս մէկ կը սղմեն մահմեդականութիւնն կը սպառնար իրենց, միւսեն` բիւգանդական նոր հերետիկոսութիւնր: Ինչ ընելնին շփոթած էին:
Սուրէն պարտաւոր եալ համառօտ պատմեց իր արկածքը, եւ երբ ամէնքը քաշուեցան, զնացին, իջաւ վտակը, լուացուեցաւ, եւ քանի մը ժամ քունէ վերջ` կաղդուրեալ արթնցաւ: Երբ կը պատրաստուէր ելնել շրջան մ՚ընելու գիւղին մէջ, ահա եպիսկոպոսը եւ ծերերու խումբը եկան դարձեալ, եւ այս անգամ կողովներով արմաւ, փւիստակ, չամիչ եւ ուրիշ այսպիսի չոր պտուղներու ընծաներով իրեն ներկայացան, խնդրելով, որ զիրենք չթողու, այլ մնա իրենց բով եւ հանգուցեալ իշխանին տեղ տիրէ այդ լեռներուն, խոստանալով հաւատարմութեամբ ծառայել իրեն:
Այսպիսի առաջարկութիւն մը Սուրէնի ծիծաղ եւ բարկութիւն բերաւ միանգամայն, բայց ինքզինք սանձել խոհեմութիւն համակելով պատասխանեց թէ` «Այդպիսի խնդիր մը մերժել իւր կողմանէ այնչափ տմարդութիւն էր` ինչչափ այդ խնդիրն ընողներուն սրտի ազնուութեան յայտնութիւն էր, որ իր փոքրիկ մէկ օգնութիւնը այդպիսի մեծ պատուով կ'ուզէին վարձատրել: Բայց խորհըրդածելով թէ ինք րնտանեաց տէր էր, եւ իւրայինք տարիներով կը սպասէին աչքերնին ճամվւան, ո՞ր հայրը իրենցմէ կրնար ներել իւր անտարբերութեան, եթէ մոռնար ընտանիքը»:
Այս խօսքերը թէեւ քաղցր կերպով զրուցուած` դարձեալ մերժումն էին, եւ ծերերը տխրեցան. իսկ եպիսկոպոսը, որ հայր չէր, սկսաւ սուրբ գրոց յարմար կամ անյարմար վկայութեամբք քարոզ մը տալ իրեն, ուր Յուդա Մակաբէ` Փրկիչ զինք կուզեր ընել, եւ իւր վերջին փաստը անջրելն եւ անհակառակելին մէջ բերաւ` երբ ըսաւ,
– Հիմա դու, ո՜վ քաջդ եւ ազնուական, երբ կ'ամա-ակամայ այս մեր լեռները կենաս, մեր իշխանուհին տեսնես որ քաջ է այր մարդու պէս, որ շուշան իւր սպիտակ մորթով եւ վարդ իւր շրթանց կարմրութեամբ, որու մեծ եւ գեղեցիկ աչքերը եղնիկի են, որու վիզը ջայլեման եւ հասակն արմաւենեաց, դու կը մոռնաս քու մեռած կամ թողած կամ զքեզ մոռացած կինդ ու զաւկներդ: Աստուած ձեզի նոր-նոր ընձիւղներ կ'ուտայ, որ իւր տան վայելչութիւնը շքեղանայ, այս բարձունք կը զարդարուէին փառաւոր, քան զսիոնի լեռը, կը ծաղկին, քան զզիթենեաց պարտէզը:
Մարտայիթ եպիսկոպոսին ճառը, որ Սուրէնի ճաշակին համար ախորժելի եւ անախորժ կողմերն ունէր եւ մանաւանդ հետաքրքրական էր, իր սովորական լուրջ երեսին ժպիտ մը չի կրցաւ արգիլել, եւ լեռնցի ծերակոյտր այդ ժպտին ծիծաղներով, ուրախութեան ձայներով եւ շշունջներով պատասխանեց: Սուրէն տեսնելով թէ այդ մարդիկը այնչափով գոհ եղան, էլ պատասխան չի տուաւ այդ ճառին: Երեկոն սկսած էր` ընթրիքն ծառայեցին իւր դռան առաջ դուրսը, ուր մեծ կրակ մը կը լուսաւորէր եւ միանգամայն կը տաքցնէր, եւ լեռնային երաժշտութիւն մը եւ կաքաւ գիշերուան մէկ մասը գրաւեց: Ինք քաշուեցաւ կ'էս-գիշերուան մօտ իւր խրճիթը, մտածելով Սեւ լեռան իշխանութեան եւ այրի իշխանուհուոյն վրայ, որ այնչափ գեղեցկութիւն հինքն կը պարունակէր, մինչեւ որ քունը աչքերուն իջաւ: Երկու-երէք ժամ քունէ վերջ արթնցաւ, դռան քով կամաց ձայնով խօսելու շշուկ կար, ուշ դնել սկսաւ, եւ լաւ լսեւու համար մօտեցաւ դռան, նայեցաւ` ծակէ մը տեսաւ դուրսի կրակին մօտ երկու զինեալ երիտասարդ պառկած քուն կը լինէին, երկուք էլ ծնկվնին ծալլած նստած կը խոսէին, մին կ'ըսէր. – Ո՞ւր պիտի երթայ, ձին որ Միքայէլ հրեշտակապետի ձիուն կը նմանի, միայն թեւեր կը պակսին, եպիսկոպոսին տունը կապուած է, իշխանուհին կ'ուգայ վաղն առաւօտ, կը տեսնէ, կրհաւնի այդ մարդուն անտարակոյս մէկ մաղ ճերմակ չունի ոչ գլխուն եւ ոչ ծնօտին վրայ, թէպէտ քիչ մը խորշոմեալ է ճակատը եւ դաժան նայուածքը: Բայց մեր վախճանեալ Ամիրն աւելի գեղեցիկ չէր, եւ ասկից աւելի քաջ չէր: Այս մարդուն գեղեցկութիւնը բազկին վրայ է:
– Լաւ՛, բայց կին ըսածդ իւր քմահաճոյքն ունի, մանաւանդ մեր իշխանուհին, որոմն ներքին կեանքը զարմանալի կը պատմեն, ո՛ւր մնաց որ այդ մարդն էլ իւր երկիրը կին, զաւակ ունի եղեր:
– Բայց երբ իրեն կին, իշխանութիւն կ'ուտան հոս, երբ իրեն ծառայելու համար այկչափ ժողովուրդ պատրաստ կը մնան, եւ ինք գոհ չլինիր, այն ատեն, երբ աղաչանք, պաղատանք բաւական չլինին զինք համոզելու բռնութիւն ի գործ կը դնեն: «Քանի մը օր բանտ կը մնա` կը համոզուի»: Այսպէս կ'ըսէին ծերերը, ես լսեցի:
– Աստուած խելք ու միտք տա այդ մարդկանց, զիս ուզէր իշխանուհին` ես ամենեւին չէի նազեր, սիրով յանձն կ'առնուի իր հետ ամուսնանալ, – ըսաւ մէկը ծիծաղելով:
– Նա էլ քեզպես ոչինչ երիտասարդն ի՞նչ պիտի ընէ. սա սովորական մարդ չէ, վտանգի, պատերազմի ժամանակ մեզ կարող է կառավարել: Մանաւանդ որ կայսրը մեր վրայ կը բռնանայ, մեզ հաւատքէ կուզէ հանել: – Բայց ժամանակ է, որ մեր ընկերներն արթնցնենք, բաւական քնացան:
Սուրէն այդ խօսակցութիւնը լսելով, կամաց մը դարձաւ իւր ընձենիներուն վրայ ընկողմանեցաւ, սկսաւ մտածել այս նոր վիճակին, որ իրեն շատ ախորժելի չէր: Չորս տարի գերութեան շղթայներէ ազատելեն վերջ` դարձեալ նոր տեսակ շղթայներու վտանգի ենթարկուել ծանր խնդիր էր` մանաւանդ, երբ հայրենեաց դռան էր հասել: