Kitabı oku: «Թէոդորոս Ռշտունի», sayfa 6

Yazı tipi:

ԳԼՈՒԽ ԺԱ

Անցան երկու տարի եւ աւելի ժամանակ այս դէպքերուն վրայ, ոտնակոխ եղած Հայաստանի այդ հարուստ գաւառաց ժողովուրդը սկսաւ քիչ մը հոգի առնուլ, շինականը իւր տունը դարձեալ շինեց գետնի խորը, զօր ոմանք որջ անուանեցին, առանց մտածելու առանց հաշուելու թէ անտէր, աւազակաց եւ անիշխանութեան մատնեալ Հայաստանի մէջ, ուր յենք, ասպատակք եւ գաղթականք անպատսպար երկիր մը կը դիմէին յամենուստ Քսենոփոնի օրերէն ի վեր, ուրիշ տեսակ տուն շինել անօգուտ էր:

Թէոդորոս կ'աշխատէր` կը դիմէր ամէն կողմ, ժողովուրդը կը քաջալերէր եւ կը պաշտպանէր, մեծամեծները միութեան եւ դաշնակցութեան կը յորդորէր առանց երբեք յաջողելու իւր մտածութիւնը ընդունել տալու համար: Յայտնի դիմադրութիւն ոչ ոք չէր ցոյց տալ, բայց զանխուլ դիմադրութիւն կար, որ անտարբերութիւն նաեւ չէր: Նախարարաց շատերը օտարեն աւելի Թէոդորոսէ կը վախէին. այդ մարդուն գործունէութիւնը, պատերազմի մէջ քաջութիւնը, խորհրդոց մէջ առաջնութիւնը, օտարաց առաջ իւր համբաւը, անիրաւութեանց դէմ խստութիւնը միմիայն պատճառ էին իւր առաջադրութեանց ընդունելի չլինելուն: Հեռաւորք` Վիրք, Աղուանք եւ Սիւնիք կը միաբանէին, մերձաւորք` Անձեւացիք, Արծրունիք, Մամիկոնեանք, Մոկացիք խէթիւ կը նայէին: Թէոդորոս շատ սրամիտ էր, որ չի հասկնար, ոճստի ամէն ջանք ի գործ կը դնէր Վարազտիրոց Ասպետը բերել տալու համար աքսորեն: Իւր բարեկամաց հետ ան անպակաս կը թղթակցէր, եւ հազիւթէ գործը կարգի կը դնէր կամ խռովութիւն մը պալատին մէջ կամ որսաց եալ զօրաւոր պաշտօնէի մը փոփոխութիւնը իւր ջանքերեն ի դերեւ կը հանէին: Եւ իրօք, եթէ Բագրատունեաց նախարարը դար` շատերու մտքին մէջ կշիռ մը կը կազմուէր զօրութեան եւ Թէոդորոսէ երկիւղ կրողները ուրիշ յենակէտ մը ունենալով, միաբանութեան դաշինքեն հեռու չէին կենար:

Այս միջոցիս Գրիգոր եւ Սուրէն Դամասկոսի մօտերը իրենց գերութեան շղթայները կը կրէին, նախատանաց` դժնդակ ծառայութեանց կը տանէին եւ աչաց առջեւ կը տեսնէին գունդագունդ ուրացողաց թիւը, որ ստրկութեան տառապանաց չդիմանալովդ ազատութիւն կը գտնէին ուրիշ տեսակ մը գերութեան մատնուելով, ուրանալով կրօնից հետ հայրենիք` վերջապէս ամէն հին կապերը խզելով, արաբացի կնոջ կամ մարդու մը հետ կապուելով:

Զաւէն նոյն ժամանակներուն Կարինէ մինչեւ Տրապզոն ծանր ճանապարհորդութեամբ ամէն քաղաք կենալով եւ հետազօտելով, իւր Արփենին կը փնտրեր եւ այնպէս կը հասնէր Կոստանդնուպոլիս. մշակութիւն, ծառայութիւն, շէնքերու մէջ բանուորութիւն, ամէն բան ընելով կ'ապրէր, խելքը, միտքը իւր կորուստին վրայ միշտ լինելով. խեղճ մարդը շատ անգամ բեռն ուսին` փոքրիկ տղայ մը տեսնելուն պէս կը վազեր կը սլանար, որ տեսնէ որոշ թէ միգուցէ Արփենին լինի: Իշխանաւոր, զինուորական կամ քաղաքական կը դիտէր, որ տեսնէ միգուցէ Թումայ լինի. վասնզի Կարին առած տեղեկութիւնքը զինք համոզած էին թէ Թումայ էր իւր աւազակը, բայց անօգուտ. հայկական յարատեւութեամբ միտքը դրած թէ օր մը չէ օր մը անշուշտ իւր կորուսեալ որդին կը գտնէ` թաղ-թաղ իւր աշխատութեան տեղերը կը փոխէր այդ ծովացեալ մայրաքաղաքին մէջ:

Այսպէս, Կ'աղզուանի գիւղացի զինուորը Բիւզանդիոյ փողոցները կը պտըտէր, մշակի հագուստներու տակ ծածկած ազնիւ սիրտ մը եւ անիրաւ գողութեան մը դէմ իւր մտքին մէջ պատերազմ հրատարակէր էր մեծ իշխանի մը հակառակ, եւ որ թուի թէ իրմէ կը փախչէր, վասնզի տեղ մը զինք չէր գտնէր: Չորս երկայն տարիներ անցան: Ոչ զթումայ եւ ոչ զարփենի տեսաւ. տխրութիւնը զինք պատեց, լքաւ, զօրութիւնը տկարացաւ, եւ ինքնիրեն, «Ո՜հ, աստուած իմ, – կ'ըսէր, – միթէ՞ կարելի է, որ քու Աւետարանդ զիս խաբէ, քու սեղանիդ առջեւեն ինձ ձայն եկաւ թէ` «Այս իմ որդին, որ կորուսեալ էր` գտնուեցաւ, եւ սուրբ մայր մը իր գերեզմանին մէջեն կրկնեց քու խօսքը. «խնդրեցէք եւ տրուի ձեզ» եւ այս չորս տարին կը կատարուի, որ պանդուխտ թափառական կը պտըտիմ, որբ մը` հրեշտակ մը կը փնտրեմ եւ չեմ գտնէր. ո՜հ աստտուած իմ, յիշէ քու արդարութիւնդ եւ ողորմէ՛ ինձ, ողորմէ՛ որբացեալ հրեշտակին»: Այսպէս կ'աղօթէր առաւօտ մը խեղճ Զաւէն, եւ այդ երկաթեայ մարդը իր ողորմելի բնակարանին մէջ` իր խշտիին վրայ ինկած արցունք կը թափէր: Յետոյ աչքերը սրբելով ելաւ փողոց, տեսաւ ժողովուրդն աղմկեալ, ամէն կերպարանաց վրայ երկիւղ եւ յոյս կը տիրէին, ամէնքն իրարու լուր կ'ուտային թէ կայսրը մեռած է եւ կը դիմէին Սուրբ Սոփիա եկեղեցուոյ եւ արքունեաց կողմը: Հերակլես մօտեն տեսած եւ իւր յաղթական դրօշակին տակ պատերազմած մարդ էր Զաւէն, իր մտքին մէջ դիւցազին յիշատակը միայն կենդանի էր, նորա վերջին տարիներուն մեղկութիւնը, որ վատութեան գրեթէ կը հաւասարեր, չէր կրնար զղալ եւ հաւատալ. զարմանալով կը նայէր ժողովրդեան` նորա մահուան համար տեսնուած անտարբերութեան վրայ, որ իւր յաջորդին համար աւելի եռանդուն էր: Ոմանք մեծ որդուոյն Կոստանդինի կողմնակիցք էին, ոմանք նորա հակառակ կյսրուհուոյն եւ փոքր որդուոյն Երակլոսի կողմը կը բռնուէին: Ուստի ինք, որ որոշած էր ճանապարհորդել դառնալ հայրենիք` թողած իւր շալակը իւր բնակարանին մէջ` սկսաւ հետեւիլ այդ խառնիճաղանջ ժողովրդեան, որու ալեկոծ ընթացքին մէջեն որոտման ձայներ կ'ելնէին, կեցցէ Կոստանդին, կամ կեցցէ Երակլեակ աղաղակելով: Զաւէն աչքը շուրջ պտըտցնելով եւ տեսնելով այդ խուժանին փրփրած վիճակը որ քանի կ'երթար կը շատնար կատաղի եւ զինեալ խումբերով, ձեռքը գօտիին կը տանէր երկսայրի պատրաստ վիճակի մը մէջ դնելով, եւ այնպէս ժողովյրդեան հետ մտաւ Մայր եկեղեցին, ուր գիշերվնէ բերուած էր կայսեր ոսկեղէն դագաղը եւ մէջտեղ դրուած բարձր արծաթեայ պատուանդաններ ու վրայ: – Վերջին անգամ մը տեսնելու Համար այդ քաջին կերպարանքը, որուն դրօշակին տակ Նինուէի դաշտերուն մէջ պատերազմած էր, իւր կորովի բազուկներուն ուժ տուաւ եւ ճեղքելով ժողովուրդը անցաւ հասաւ մինչեւ թիկնապահաց խումբին կռնակը, որ շրջանակ մը կը կազմէին դագաղին չորս կողմը. հոն ականակապ պսակ ի գլուխ ծիրանիներու մէջ տեսաւ կապկի դիակը այն քաջին, զօր ինք պատերազմի դաշտին վրայ առիւծ մը տեսեր էր. զզուանք եկաւ իրեն, կը ռւզէր ետ քաշուիլ, երբ խումբ-խումբ պալատականաց փառաւոր ամբոխը սկսան շարուիլ կարգաւ դագաղին շուրջը. եւ ահա կայսրուհին Մարտինէ եւ հարազատ որդին Երակլեակ եւ թագաժառանգը Կոստանդին եկան իրենց պատրաստ եալ գահույից վրայ բարձրացան: Անմիջապէս եկեղեցական երգեր լսուեցան, եւ պատրիարքը կրօնական շքեղ խումբով հանգստեան կարգն սկսաւ կատարել: Զաւէն` լուրջ մարդ` այս հանդէսին պերճանաց վրայ աչք մը պտտցնելէ վերջ` սկսաւ դիտել այդ ամէն կերպարանքները. կը տեսնէր Մարտինէ, որ իւր խորթ որդուոյն վրայ այնպիսի աչքեր կը դարձնէր, որ երկու թունաւոր սլաք կարելի էր համարէր կը տեսնէր Կոստանդին ժամանակեն առաջ ծերացեալ, աչվներուն լոյսը մարած, մարմնոյն կորովը կորած. իսկ Երակլեակ թեթեւ երիտասարդ հօրը դիակը չի տեսնելով` կանանց խումբին կը հառէր. պալատականք, սինկղիտոսք եւ բոլոր մեծամեծք իրենց նայուածքներէն, իրենց կերպարանքեն հա եանի կ'ընէին թէ աստուածային երգերուն ուշադրութենէ աւելի ուրիշ կարեւոր մտածութիւնք ունէին իրենց գլխուն մէջ: Այս դիտողութեանց ժամանակ յանկարծ Զաւէնի աչքին հանդիպեցաւ Թումայի կերպարանքը, որ թագաժառանգին մօտ կանգնած էր իւր հետեւորդաց մէջ: Կարծես նոր կեանք, նոր յոյս, նոր զօրութիւն առաւ Զաւէն. աչքերն այդ հրաշալի գմբէթին դարձնելով եւ միտքը գմբէթեն վեր թռչելով. «Փառք քեզ, աստուած, փառք քեզ», – ըսաւ. եւ իբրեւ թէ Արփենին թեւերուն մէջ` իւր նժոյգին վրայ Հայաստանի ճամփան կ'երեւակաչէր թէ կը սլանար: Սիրտն ուրախութեամբ կը տրոփէր եւ աչքերը Թումայի վրայ տնկած` նորա ամէն ակնթարթը, ամէն շարժմունքը կը դիտէր, որ աչքէ չի կորսնցնէ:

Բայց սրտի առաջին յուզմունքն անցնելեն վերջ` մտածեց թէ, երբ հանդէսը վերջանար եւ Թումայ այդ արքունական ամբոխին հետ անհետ լինէր, ինք ուսկի՞ց զայն պիտի գտնէր: Ուստի պէտք էր նոյն միջոցին տեղեկութիւն առնուլ այդ մարդուն վրայ, եւ այդ բանին համար աչքն սկսաւ շուրջը պտըտցնել. տեսաւ քիչ մը հեռուն թեթեւսոլիկ, շատախօս մարդ մը, որ շարունակ պալատականաց կը նայէր եւ քովփններուն հետ կը խոսէր. ամէն ջանք ընելով` հրելով, հրմշտկելով մօտեցաւ: Առաջ նորա ամէն խօսքերուն մեծ ուշադրութիւն տուող ձեւացաւ եւ վերջը քանի մը անձանց վրայ սկսաւ տեղեկութիւն հարցնել, մինչեւ կարգը Թումայի բերաւ հասուց: Իսկ այդ շաղակրատը Թումայի ազգաբանութենեն սկսելով կը պատմէր թէ Թրակացի էր նա, թէ Պրոկոպիոսի հետ դառնալով Հայաստանի պատերազմեն կորակոր` ինչպէս սովորութիւն էր այն ատեն դառնալ յունաց ամէն բանակներու ամէն տեղէ, թագաժառանգին հետ գնացեր էր հասորիք եւ նոյնպէս դարձեր էր կորակոր, եւ թէ դեռ քանի մը շաբաթ առաջ միայն եկեր էր Կոստանդնուպոլիս եւ սիրելի եղած էր արքայորդուոյն իւր ծառայական բնաւորութեամբ եւ թէ այդպիսի անպիտաններուն շուքն անկարելի էր, որ երկար տեւէր, վասնզի կայսրուհին շատ մեծահանճար կին էր եւ իր Երակլեակը պիտի թագաւորեցնէր: Իսկ Զաւէն, որ համբերութեամբ մըտիկ ըրած էր ամէն բան, հարցուց, ուր էր այդ Թումայի տունը եւ իմացաւ թէ Պրոպոնտիդի վրայ` ծովեզրեայ պալատ մը` իւր քրոջ հետ կը բնակէր, որ Փիլակրիոս անուն թագաժառանգին կինն էր: Եւ թէ այդ իւր քրոջը շնորհիւք, որ Կոստանդինի սիրուհին էր, այդ Թումայ զօրավար լինիլ յաջողէր էր:

Այս պատասխանը լսելով ծերը` տղու պէս ուրախութենեն պիտի ցատկէր եթէ չամաչէր եւ այդ սեղմուած վիճակին մէջ շարժէլու տեղ ունենար: Ուստի հանդէսը երբ վերջացաւ, մեծ եռանդով ինչչափ որ կրցաւ ջանաց շուտով դուրս ելնել եկեղեցիեն, եւ ամբոխին խուժանեն հազիւ թէ ազատած մտաւ իւր բնակարանը, առաւ իւր թեթեւ կարասիքը եւ թողլով այն կեդրոնական թաղը, հաստատուեցաւ նոյն ծովեզրին մօտ` իջեւանի մը սենեակ, ուր էր Փիլակրիոսի պալատը:

Թէպէտ կը տեսնէր ութ տասը պալատանման տուներ, բայց ապահով էր թէ պիտի զտներ Արփենին, ուստի նստած ծովեզրը տախտակէ նաւամատոյցին վրայ գեղեցիկ ծովուն հանդարտ ծուփը կը նայէր. այդ թաղը հանդարտ թաղ մ՚էր, մանաւանդ այն օրը, վասնզի խառնիճաղանջ եւ հասարակ ժողովրդեան բնակարանք քիչ կային, եւ ճամփաները մարդ չէր երեւէր. ամբոխը բոլոր թաղին կեդրոնը` վերն էր: Այդ մեծ պալատներու քանի մը մաքուր հազուած ծառայք իրարու հետ կը խռսէին, կը վիճէին, վասնզի նոքա ալ իրենց տեարց պէս Կ'ոստանդնի կամ Երակլեակի կողմնակիցք էին եւ ամէն աստիճանի մարդ քաղաքագիտութիւն ունէր իւր ծոցը հաւասար աստուածաբանութեան:

Զաւէն ուշադրութեամբ մտիկ կ'ընէր երկու սպասաւորաց մէջ խօսակցութիւն մը, որ երկու մեծ դռան մէջ կեցած կը վիճէին բաւական բարձր ձայնիւ.

– Ո՞ւր է քու Կոստանդինի առաւելութիւնը, կ'ըսէր մէկը միւսին, կնոջ մը տիրապետութենեն, որ դու վնասակար կը համարիս: Այսպիսի ժամանակ. ի՜բր թէ Հերակլի օրով եւ այդ քու Կ'ոստանդնի աչաց առջեւ Երուսաղէմ եւ Անաիոք չի կորուսի՞նք. եւ այսօր Եգիպտոսի կորուստը կատարեալ եղեր է, վասնզի Աղեքսանգրիայ նաեւ արաբաց ձեռքն է անցէր, եւ այդ քու Կոստանդինը իբրեւ զօրավար կայսրութեան բանակաց ոչինչ չի կարէնալով ընել անօգնական թողէր, փախեր եկեր է, եւ դուք նորա կուսակիցք կը ծածկէք ժողովրդեն: Բայց այդպիսի դուժ կարելի՞ է ծածկել, վաղը ինչպէ՞ս պիտի սնուցանէք այս էովու նման քաղքին բնակիչքը, որ իւր հացը Եգիպտոսեն կ'ընդունէր:

– Եթէ Կոստանդին` որ պատերազմաց մէջ այնչափ քաջութիւն ցոյց տուած էր` չի կրցաւ այդ կատաղի արաբաց դէմ դնել եւ յաղթուեցաւ ու ետ քաշուիլ պարտաւորուեցաւ, տկար կնոջ մը այդ ձեր ողորմելի Մարտինէի ձեռքին տակ ի՞նչ կը յուսաք, որ լինի այս ինքնակայ էութիւնը, վասնզի Երակլեակը մարդ չէ` թեթեւսոլիկ երիտասարդ մ՚է խեղճ, գործիք իր մօրը ձեռքին մէջ:

– Տէ՜, յիմար, կանանց վրայ մի՛ համարձակիր լեզուդ արհամարհանոք երկնցնելու: Առանց կնոջ մը աչաց քու վրադ խոնարհելուն ի՞նչ էիր դու եւ ո՞ւր պէտք է գտնուէիր հիմա. ինչ շուտ մոռցար քու երէկուան յարդանոցդ, ախոռապետի ծառայ, եւ հիմա չես ուզէր յիշել թէ սա րոպէիս վերեն Տիկնոջդ հրամանն` ամենափոքր ակնարկութիւնը զքեզ կը սարսեցնէ եւ իւր մտերմական հաճույից գոզալով կը ծառայես. ինչպէ՞ս կը մոռնաս, որ այդ Տիկնոջդ գեղեցկութեան շնորհիւն է, որ Փիլակրիոս իր էրիկը եւ Թումայ իր եղբայրը եղած են ինչ որ են:

Զաւէն Թումայի անունը լսելուն աչքերը բացաւ. տունը որ կը տեսնէր` հոն էր անշուշտ իւր Արփենին. ուստի բոլորովին ուշադրութիւն դարձուց բառ մը չի կորսնցնելու համար. կը ջանար իւր սրտին բաբախմունքը նաեւ դադրեցնել` եթէ կարելի լինէր: Բայց խօսակցութիւնը յանկարծ դադրեցաւ, վասնզի սրարշաւ ձիու մը սմբակներու ձայն լսուեցաւ, եւ արքունական սպասաւոր մը գահավիժելով ձիեն իջաւ, «աւետի՜ս, կեցցէ՜ Կոստանդին կայսր» աղաղակելով:

Զաւէն, որ դռան մօտեցեր էր, կը տեսնէր գաւթին ներսը սպասաւորք եւ սպասուհիք ուրախութեան ձայներով «աւետի՜ս, աւետիս» գոչելով տունը կը հնչեցնէին, սանդուխներէ վեր կը վազէին Պատուհաններ կը բացուէին աւետաբերը տեսնելու, եւ ահա երեւցաւ երիտասարդ կին մ՚էլ իւր բոլոր գեղեցկութեամբ Ափրոդիտի նման, որու երեսին վյւայ ուրախութիւն կը նշուլէր եւ լեցուն քսակ մը ձեռքը աւետաբերին կարկառէր:

Նոյն միջոցին միւս քովի պալատան` ուր Մարտինէ կայսրուհուոյն կողմնակիցքը կը բնակէին, դռները կը գոցուէին եւ վարագոյրները կը ծածկուէին, իսկ Զաւէն իւր տեսածով գոհ չի կրնալով լինիլ, կը դառնար ծովեզրը, կը նստեր նաւամատոյցին վրայ, եւ կը մտածէր թէ իր սիրուն Արփենին արդեօք հոն ներսը` այդ պալատին մէ՞ջն էր, այդ այնչափ գեղեցիկ եւ այդչափ անբարոյական կնոջ ճանկերուն մէջ ի՜նչ չար օրինակներու ենթարկուած էր:

Այս մտածութեամբք եւ մտատանջութեամբք երկայն ժամանակ մնացած` ծովուն ալիքներուն կը նայէր, երբ յանկարծ թիակներու ձայն մը լսեց եւ ճերմակ ներկուած ոսկենիշ եւ ոսկեզօծ թեւատարած արծիւ մը ծայրը մեծ նաւակ մը տեսաւ, որ ծովուն ափունքը կը քերեր. եօթ ջուխտ կորովի երիտասարդք կը թիավարէին. նաւուն խորը կ'երեւէր գեղեցիկ կին մը բեհեզներու եւ ծիրանիներու մէջ փաթաթ եալ, ոսկեթել բաստեռանց վրայ ընկողմանեալ: Շուրջը` վեց Հատ տասը-տասներկու տարեկան շքեղազարդ աղջկունք շարուած էին, իսկ կռնակը բարձրաւանդակին վրայ մաքուր հազուած սպասաւոր մը սիրամարգի փետուրներէ հովանոց մը կը բռնէր Տիկնոջ գլխուն վրայ` որու ծարիր աչքերը ուրախութեան մէջ կը լողային: Այս նոր Կը ղէոպատրան իւր քիչ առաջ տեսած Տիկինն էր, որ արքունիք կ'երթար, ուատի իւր սուր աչքերը տնկեց Զաւէն եւ քիչ մնաց, որ նաւուն մէջ նետեր ինքզինքը. վասնզի անմիջապէս դիմացը մօտը ճանչցաւ Արփենիի աննման աչքերը. «ո՜հ» ըրաւ եւ ինքզինք սանձեց. ինչչափ մեծցեր էր չորս տարուան մէջ: ուզեց ոտք ելնել եւ ոտքերը կ'ապուեցան. նաւակը սրացաւ անցաւ ճերմակ փրփուր մը եւ ճեղք մը թողլով ծովուն երեսին վրայ, որ քանի մը վայրկենեն անհետացաւ: Ծերը ծունկի եկաւ, «Փա՜ռք քեզ, աստուած իմ, փառք քեզ, դու որ այսօր այսչափն ինձ շնորհեցիր, անշուշտ իմ հրեշտակիս ազատութիւնը նաեւ կը շնորհես, դու չես ներէր, որ Մամիկոնեանց անարատ ծաղիկը այդ աղտեղի ձեռաց մէջ խամրի, եւ խեղճ Զաւէնի կը շնորհես տանիլ Արփենին իւր սուրբ մօր գերեզմանին քով չոքեցնելու եւ եղբօր ձեռքը յանձնելու»:

Այսչափ յուզմունքներ ունենալեն վերջ ազնուասիրտ զինուորը ելաւ կանգնեցաւ եւ մտքին մէջ հազար տեսակ հնարքներ կը ստեղծէր յափշտակելու համար իւր կորուստը, երբ մութն սկսաւ իջնել, եւ ինք քաշուեցաւ իւր խղճուկ բնակարանը, այն մեծ գոհութիւնն «ունենալով, որ իւր Արփենին իրմէ հեռու չէր:

ԳԼՈՒԽ ԺԲ

 
Ո՜վ անդունդք անսահման.
Ըզքնքուշ մանկութիւն քան մատնել պղծութեան
Չէ՜ր լաւ եւս ի վերա անպաշտպան այդ մահճին
Գերանդեաւ կտրատել գեղանի զայդ մարմին`
Ձիւնափայլ վիզն առնուլ ոլորել ոսկորներ:
Չէ՜ր լաւ եւս երկաթեայ ձեռնոցով կիր աւէր
Լուսատիպ երեսաց զերթ դիմակ զետեղել.
Քան հայլի ջինջ վտակ արտաքուստ ցուցանել`
Արտասփիւռ զծաղկունս` սըրարշաւ զաստեղունս,
Ի ծոցին ամրարեալ դըժոխոց ժահ ըզթոյնս:
 
ԱԼ. ՏԸ ՄԻՒՍԷ

Զաւէն, երբ ելաւ երկրորդ առաւօտուն իւր աղքատիկ բնակարանեն եւ աչքը դարձուց պալատին, ուր էր իւր Արփենին, ապշեցաւ մնաց. թէպէտ առաւօտ էր եւ շատ կանուխ` տեսաւ փառաւոր պատգարակներ, կառքեր ու ձիեր լցուցեր էին նաւամատոյցի հրապարակը մինչեւ այդ տան դռները, որոց երկու փեղկերը բաց էին: Եթէ առջի օրուան սպասաւորաց խօսակցութիւնը չլինէր` ծեր զինուորը պիտի կարծէր այդ պալատը արքունիքն էր, բայց յայտնի էր իրեն թէ Կ'ոստանդնի սիրուհին լինելով այդ կինը ամէնքը մեծ եւ պզտի կը դիմէին նորա պաշտպանութունն մուրալու: Իսկ որ Զաւէնի շատ տհաճելի երեւցաւ, այն էր, որ զինուորաց խումբ մը պահպանութիւն կ'ընէր:

Բայց տխուր կամ ուրախ պէտք էր հասնէր նպատակին, ուստի մտաւ իւր բնակարանը, հագաւ իւր մաքուր զգեստները եւ խառնուեցաւ կառապանաց, ձիապանաց, պատգարակ կրողաց խումբին մէջ, մտիկ ընելու համար նոցայ խօսակցութիւնը: – Նոյն միջոցին ծեր զօրավար մը բազմաթիւ սպասաւորաց խումբով կը հասնէր եւ կը մտնէր ներս, երբ ձիասպասը ձին դուրս հանեց եւ լսեց, որ ծառայքը հայերէն կը խոսէին` կենդանութիւն առաւ: Չորս տարուան ժամանակի մէջ երբեմն հայոց հանդիպած էր, բայց շատ քիչ անգամ նոցայ հայերէն խօսիլն լսած, ուստի գաղտնի զուարթութեամբ ուշ կը դնէր: Սոքա սպասաւորք էին Թէոդորոս Ելէիզացի հայ զօրավարին, որ Հերակլի հաւատարմաբար ծառայէր էր եւ որ անդրանիկին` օրինաւոր ժառանգի իրաւունքը չէր փափագէր ոտնակոխ լինիլ: Ուստի Ծերակոյտի ժողովքին մէջ ամէն ջանք ըրած էր զկոստանդին աթոռ բարձրացնելու համար: Եւ Փիլակրիոսի` որ մեծ հազարապետ անուանեալ էր արքունեաց եւ տէրութեան առաջին պաշտօնեայ` այցելութիւն կ'ուտար:

Զաւէն այն ատեն վիճակը յայտնի եւ պայծառ տեսաւ. – թշնամին, որ իր Արփենին գողցեր յափշտակէր էր, շատ զօրաւոր էր եւ նորա հետ պատերազմիլ իւր կ'արողութենեն վեր. բայց թողուլ երթալ, երբ աստուած իրեն յաջողութիւն ցոյց էր աւէր տեսնելու իւր սիրելի կորուստը, այս նաեւ անկարեւի էր, Ուրեմն կ'ըսէր. «Պէտք է համբերել եւ սպասէի այսպիսի անզգամաց յաջողութիւնը անշուշտ երկար չի տեւէր, եւ պէտք է նաեւ աղջիկը տեսնել անգամ մը` հետը խօսիլ, գուցէ յանկարծ չուզէ երթալ, եւ ես այն ատեն ի՜նչ ընեմ: Եթէ այնպիսի պարագայ մը հանդիպի, ակամայ իւր կամաց պէտք է այդ խեղճ աղջիկը այդ ապականութեան պալատեն ազատեմ. եթէ մեր Տիկինը` նորա մայրը ողջ լինէր եւ ինձ ըսէր. «Զաւէն, գնա՛, զաւակս գտի՛ր եւ ինձ բեր», ի՞նչ պիտի ընէի, տղու պէս պիտի խորհրդածէի, ոչ, այլ եթէ յարկ լինէր սուր ի ձեռին` զինք պիտի կորզէի… Այդ սուրբ Տիկնոջ մահուան` իր աս զաւկին ողջութեան աստուած ղիս վկայ եւ գործիք ըրաւ, որ իւր առաքինութեան ժառանգ եւ յաջորդ լինի Արփենին: Եթէ տեսայ եւ հետը* խօսեցայ եւ ուզեց ինձ հետ գալ սիրով, լաւ՛, ապա թէ ոչ բռնութեամբ նաեւ պէտք է զինք հանեմ այդ խորխորատեն»:

Այս խորհրդածութեամբք, սկսաւ ամէն օր այն տեղուանքը շրջիլ. թեթեւ ծառայութիւններ ընել, Փիլակրիոսի սպասաւորաց ձրի օգնել, այնպէս որ ամիս մը չեղած` Զաւէն անունը ծանօթ եղաւ պաղատի ծառայից, բեռ մը, ծանր բան մը վերցնելու օգնութեան եթէ պէտք լինէր դուրսեն մէկը փնտրել, զզաւէն կ'ուզէին եւ Զաւէն կը կատարէր ուրախութեամբ ամէն գործ, եթէ բան մը չի տային ձայն չէր հանէր, եթէ քիչ տային առանց վրան նայելու գրպանը կը դնէր, ոչ գանգատ եւ ոչ դժգոհութիւն ամենեւին չէր ցցնէր: Ուստի գոհ էին իրմէ ամէնքը, որոց առաջին շահ շորթումն էր: Իւր այս անշահասիրութիւնը դիտելով տնտեսը, որ իր պաշտօնին պարտաւորութեամբ պալատին առաջին գողը կրնար համարուիլ, հրաւիրեց զզաւէն իւր բնակարանը թողուլ եւ ծովեզրին մօտ` պարտէզին ծայրը գիշերային պահպանութեան համար փոքրիկ խրճիթը բնակիլ: Այս գերաղոյն առաջարկութիւն մ՚էր կորովի ծերուն համար, որ շուտ մը իւր թեթեւ կարասիքը բերաւ եւ այն խրճիթին մէջ զետեղեցաւ:

Հիմա իւր Արփենին կրնար տեսնել եւ միջոց նաեւ ունենալ հետր խօսելու առանձին, եթէ դիպուածը ներկայանար` եւ որ չուշացաւ: Նոյեմբեր ամսու գեղեցիկ առաւօտ մը կանուխ տեսաւ, որ պարտէզի դուռը բացուեցաւ, եւ Մամիկոնեան Օրիորդը ելաւ դուրս եւ առանց պարտէզին ուշադրութիւն ընելու շտկուեցաւ դէպի ծովեզրը: Զաւին իւր փոքրիկ լուսամուտեն կը դիտէր ոչ միայն նորա կերպարանքը, այլ ամենափոքր շարժմունքը. աչքերն այդ արտաքոյ կարգի սեւութիւնը եւ գեղեցկութիւնը պահած էին անփոփոխ, երկայն թարթիչները այնպիսի բնական քօղ մը ձգած էին այդ աչաց վրայ, անպատմելի քաղցրութիւն մը կ'ուտային իւր նայուածքին. արեւը տկար ճառագայթներ կ'արձկէր Խրիսուպոլսոյ կը սղմեն եւյրոպական ծովեզրին վրայ, ծովը հանդարտ լիճ մ՚էր, եւ Արփենի նստած այդ գեղեցիկ տեսարանին կը նայէր: Զաւէն տեսաւ, որ աղջկան աչքերը լցուեցան եւ այդ առանձնութեան մէջ իբրեւ մեծ մարդ խորհրդածելով արցունք կը թափէր: Այդ արցունքը ծերուն սիրտը ոչ տխրութեամբ` այլ ուրախութեամբ լցուց. ուստի ելաւ սիրտը թունդ իւր բնակարանեն եւ սկսաւ մօտենալ ծովեզրին:

Արփենի աչքը սրբեց եւ դարձուց դէպի ծերը. իսկ սա աւելի մօտենալով, քաղցրութեամբ եւ հայերէն

– Զիս կը ճանչե՞ս, Արփենի, – հարցուց:

Երկայն լռութիւն մը յաջորդեց այս հարցմունքին, աղջիկն անշարժ ծերուն երեսը կը նայէր. կարծես թէ այդ պշումին մէջ յիշատակութիւնը կ'ուգար ոչ միայն դիմացինին կերպարանաց` այլեւ լեզուին, որ չորս երկայն տարիներ ոչ խօսած էր, ոչ լսած: Եւ ահա տխուր ծիծաղ մը եկաւ այդ երեսին, եւ ծանր, հատիկ-հատիկ`

– Զաւէն հայրիկ, դո՞ւ ես, – ըսաւ Արփենիի քաղցրիկ ձայնը:

Այս չորս բառերուն մէջ` զրուցուած եղանակին ու ձեւին եւ այդ անշարժութեան մէջ այնպիսի անբացատրելի բան մը կար, որ ծերուն սիրտը տրորեց եւ աչքերն արտասուքով լցուեցան. այդ բոլորը կը զրուցէին իրեն, որ այդ աղջիկը կ'իմանար թէ որբ էր, թէ պանդուխտ էր, թէ թշնամեաց ձեռք գերի էր, թէ անպաշտպան էր, փրկութեան յոյս չունէր, եւ այս ամէնքը դեռ տասնմէկերորդ տարիքին մէջ: Ուստի ծերը մօտեցաւ.

– Սիրուն Արփենի, ինչպէ՞ս մեծցեր ես, ինչպէ՞ս գեղեցիկ ես:

Դարձեալ պատասխան չիկար. նոյն նայուածքն էր. իբրեւ թէ տղան բան մը կը փնտրեր, փնտրածը լեզուն էր. բառերը խառնակ կ'ուգային իր յիշողութեան մէջ, եւ վերջապէս դարձաւ ըսաւ. «Զաւէն հայրիկ» եւ մնացածը յունարէն.

– Ինչչա՞փ ժամանակ է, որ ես այստեղ եմ, եւ դու ո՞ւր ես. ես մէկը չունիմ, ամէնքը հայր, մայր, եղբայր, քոյր ունին, ես ոչ ոք, բայց կը յիշեմ թէ ունէի. մայրիկս միտքս է, իւր անկողնին քով կը պառկէի. նա զիս կը սիրէր, կը պագնէր, մենք պզտի ծով մը ունէինք. ես այս ամէնքը կը յիշեմ, երբ առանձին եմ: Մենք բարբարոս ենք, պէտք չէ այդ յիշատակութիւններն ընենք, այնպէս կ'ըսեն ինձ ամէնքը, բայց միշտ այդ բաներն իմ միտքս կ'ուգան. եւ ես կը սիրեմ այն տղայութեան ժամանակները, այն լեռները, այն ծաղիկները, հոն ոչ ոք ինձ չէր բարկանար, ամէնքը քաղցր էին ինձ հետ, ամէնքը զիս կը սիրէին:

– Քեզ հոս չե՞ն սիրէր, Արփենի:

– Չէ՛, ես հոս Արփենի էլ չեմ. Զոյի եմ: Մէկ նոր մարդ մը եկաւ հիմա, մեր տիրուհուոյն եղբայրն է. նա զիս կը սիրէ. բայց ես այդ մարդեն կը վախեմ, կը քաշվիմ, նա զիս իր փոքրիկ բարբարոսր կանուանէ, երբ զիս գիրկը կառնու, կը համբուրէ ինձ սոսկում կ'ուգայ, կը փախչիմ: Իսկ ուրիշները զիս չեն սիրէր, այդ մարդն էլ չեմ ուզէր, որ սիրէ:

– Բայց մենք քեզ կը սիրենք, Արփենի, չե՞ս ուզէր մեզի դառնալ, այն լեռները երթալ, այն ծաղիկներուն երթալ, որ դու ըսիր թէ կը սիրես:

– Կարելի՞ է դառնալ` հոն երթալ. ամէն բան կործանած է հոն, ըսին, բարբարոսք ամէն բան ոչնչացուցեր են, այրեր են. մարդիկը բոլոր սպաննէր են:

– Բարբարոսք ամէն բան կ'ուզեն ոչնչացնել, բայց մենք աստուծով կը շինենք, եւ բոլորովին չենք ոչնչանար, ինչպէս զիս կը տեսնես, որ աստուած պահէր, որ զքեզ դամ ազատեմ եւ տանիմ նորէն քու մայրիկիդ տունը: Աիս չե՞ս յիշէր, Արփենի:

– Ես զքեզ կը յիշեմ, որ զիս ձիուդ վրայ կառնուիր, բայց ես հիմա էլ չեմ ուզէր ձիու վրայ նստիլ, ետքը հիւանդ կը լինիմ:

– Խե՜ղճ Արփենի, այդ անզգամը զքեզ վախցուցեր է: Հիմա ինձ այն զրուցէ` չե՞ս ուղեր քու եղբօրդ, ազղականներուդ, քու տունդ երթալ, որ զքեզ կը սիրեն, եւ հոն տիրուհի լինիլ:

– Ինչպէ՜ս չեմ ուզէր, – ըսաւ աղջիկը աչքերը բանալով, – բայց կարելի է երթալ, ինձ այն զրուցէ:

– Ես պիտի երթամ, կ'ուգա՞ս հետս:

– Կ'ուգամ, բայց կը թողո՞ւն:

– Մենք ծածուկ կը փախչինք կ'երթանք:

– Քեզի հետ ամէն տեղ կ'երթամ, Զաւէն հայրիկ, բայց դու այսչափ ատեն ինչո՞ւ զիս մոռցար:

– Խե՜ղճ աղջիկ, քանի տարի է, որ զքեզ կը փնտրեմ եւ դեռ նոր գտայ:

– Երթանք ուրեմն, – ըսաւ տղան եւ ոտք ելաւ:

– Հիմա դեռ պատրաստ չենք, դու մեր այս խօսքերը պէտք չէ, որ մարդու յայտնես. դու զիս ճանչելդ, իմ անունս մարդու պէտք չէ իմացնես. ես գաղտուկ ամէն բան կը պատրաստեմ, կարգի կը դնեմ. եւ օր մը յանկարծ կ'երթանք քեզ հետ մայրիկին:

– Մայրիկն ուրեմն ո՞ղջ է, – ըսաւ Արփենի եւ աչքերուն արտաքոյ կարգի կենդանութիւն մը եկաւ:

– Նուրբերը ողջ են միշտ, իմ սիրուն Արփենի:

– Արփենի այս խօսքին զօրութիւնը չիմացաւ, եւ ծերուն ձեռքը բռնելով.

– Շուտ տես պատրաստութիւններդ, Զաւէն հայրիկ, – ըսաւ:

– Դու համբերէ. երբեմն եկ հոս այսպիսի ժամանակ, երբ ամէնքը քձնած են. կը տեսնուինք եւ կը խօսինք: Միայն մի՛ մոռնար, որ մարդ պէտք չէ իմանայ:

– Դու երեխա՞յ ես:

– Լաւ՛, – ըսաւ ծերը ծիծաղելով այս հարցմունքին, – գնա՛, որդեակ, ոչ ոք կասկած չառնու:

Եւ աղջիկը «մնաս բարով» զրուցեց ու մտաւ տուն: Իսկ Զաւէն կը նալեր ետեւեն եւ կը մտածէր ու կ'ըսէր ինքնիրեն. «Ի՞նչ վիճակ է ալս աղջկան վիճակը, ինչո՞ւ ալդ փոփոխութիւնը իւր վրայ, ես կարծէի թէ զիս տեսնելուն ու Կանչելուն ինձ պիտի դիմէ` գիրկս պիտի ընկնի… «Զաւէն հայրիկ» ըսաւ. բայց այն հին ոգին, հին եռանդը թուի թէ կասկածը, գերութիւնը, բռնութիւնը սպաննէր են: Այնպէս թուի, որ եթէ ազատութլան հասնելու փափագը չէ մեռած, յոյս եւ հաւատք գրեթէ մեռէր են լուր փոքրիկ սրտին մէջ… Այո՛, ալդ ճիւաղները փրկութլան յոյսը սպաննէր են սրտին մէջ: Հայաստան քանդեր խլէր են իր սրտեն: Տէր աստուած, ի՞նչ խօսք էր այդ` «Մենք բարբարոս ենք», եւ ինչ տխուր եւ յուսահատ եղանակ ալդ խօսքը զրուցելուն, եւ ալդ Մամիկոնեան ի մը` Վարդաններու եւ Վահաններու թոռներուն բերանը… Ո՜հ, եթէ Կամսարական Սուրէն իշխանը Հոս լինէր, տեսնէր լուր աշխոյժ քեռորդուն ալս ջլատ ձեւը եւ տխուր բարբառը… Բայց ի՜նչ խառնուրդ տղայութեան եւ արբունութեան իւր կերպին եւ խօսից մէջ… Եւ ալս ամէնքը հետեւանք չորս դառն ստրկութեան տարիներու…

«Օրինակ մը ահա իմ սիրտս կը յուզէ, իսկ անո՜նք, որ հազարներով գնացին ալդ Արաբաց երկիրը, ուր ոչ խաչ կայ, ոչ Աւետարան եւ ոչ Քրիստոս: Եթէ Գրիգոր կենդանի է, նա էլ այս գերութլան վիճակեն անցած կը լինի, ինչե՜ր քաշած է ալդ արաբաց ձեռք… բայց նա անշուշտ ազատութիւն գտած է հիմա. հօրեղբայրքն անշուշտ փրկանք տուած են… եթէ մեռած լինէր դիակը ես կը գտնէի, անտարակոյս գերի գնացել է, նոյնպէս Կամսարականը. եւ այդ վանահայրը, որ ալնպես լուրջ մարդ էր ինձ խոստացաւ Մամիկոնէից ամէնուն իմացնելու, որ մարդ ղրկեն Արարատ երկիրը… Աստուած, որ Արփենին պիտի ազատէ` Գրիգոր էլ կազատէ. Հիմա ես երթամ պատրաստութիւն տեսնեմ զնայ փախցնելու: Մանչ տղու մը զգեստներ, նաւ մը մեզ Տրապզոն կը հանէ կամ Ճորոխի ափանց մօտ տեղ մր, էլ Հայաստան ոտք դրած կը համարիմ: Ելլենք անգամ մը եւ ժամ առաջ ալս անիծեալ քաղքեն… ո՜հ անզգամ Թումայ, քու փոքրիկ բարբարոսդ, Մամիկոնեանց եւ Կամսարականաց սերունդը՜… եւ ալդ մարդիկն են, որ աշխարհք կը կառավարեն. անմեղութիւնը` դեռաբոյս գեղեցկութիւնը իրենց գարշելի կրից խաղալիք ընել կը փափագին… բայց դու, աստուած իմ, չես ներէր ալս պղծութեանց, դու ինձ յայտնեցիր Արփենին, դու զնայ պիտի փրկես»:

Բայց թողուք Զաւէն երթալ ի գործ դնել իւր խորհուրդը, մտնենք վայրկեան մը Արփենիի հետ պալատին ներքին կեանքը տեսնելու:

Թողունք նաեւ հայ աղջիկը, որ երթայ իւր սենեակը, ուր տարեկից աղջիկներ ամէնքը դեռ քնած տեսնելով սիրտը կը հանգստանայ` ապահով լինելով թէ ոչ ոք չէ իմացեր իւր տեսութիւնը հայ գիշերապահին հետ:

Երթանք վայրկեան մը այդ Անկելինայ տիկնոջ սենեակը, ուր փափուկ գորգեր, ոսկեզարդ մահճակալներ, փետրալից անկողինքեւ բաստեռունք, զանազան ձեւերով աթոռներ, ծիրանի վարագոյրներ, արծաթի հայելիք, մետաքսեայ եւ բեհեզեայ հանդերձանք միայն կ'երեւէին: Ի՛նչ որ բիւգանդական հեշտութիւնը հնարած էր պերճանք եւ զեխութիւն եւ անառակութիւն, ամէնքը հոն կարելի էր տեսնէի մինչեւ պատերը այնպիսի նկարներով էին զարդարեալ, որ կրնային սուրբ ճգնաւորները անգամ գայթակղեցնել եւ սատանայի աշակերտ ընել: Անկելինայ նոր ելած անկողնեն բեհեզներու եւ ազնիւ մուշտակներու ծածկուած փափուկ բազմոցի մը վրայ ընկողմանեալ էր, երբ եղբայրը` Թումայ ներս մտաւ:

– Ես կ'ուզէի քեզ տեսնել, եղբայր, – ըսաւ Տիկինը, – շատ հարկաւոր խօսք ունէի քեզ ըսելու:

– Ի՞նչ է արդեօք այդ հարկաւորը` շատ հետաքրքիր եմ իմանալու:

– Հարկաւորն այն է, որ դու այդ հայ աղջիկը բոլորովին ինձ պիտի թողուս:

– Միթէ՜ քեզ թողած չեմ, դու իր տիրուհին չե՞ս:

– Ոչ, իմ խօսքս չես ուզէր իմանալ. այդ աղջիկը գիտեմ ի՛նչ նպատակաւ յափշտակէր ես, բայց այդ նպատակդ պէտք է մոռնաս:

– Հիմա որ աղջիկը հասաւ, դու էլ ինձմէ՞ կ'ուզես յափշտակել, – ըսաւ ծիծաղելով Թումայ, – այդ անկարելի բան է, այդ պզտի բարբարոսը այնպիսի աչքեր ունի, որոց նմանը բոլոր Կոստանդնուպոլիս կ'արեւի չէ գտնել:

– Ահա այդ բանին համար, որ այնպիսի աչքեր ունի, դու պէտք է իրմէ հրաժարիս բոլորովին:

– Այս ի՞նչ կը նշանակէ, այս ի՞նչ բռնութեօմն է, Անկելինայ. դու իմ պզտի քոյրս, որ այնչափ խնամքով, այնչափ հոգերով, այնչափ զոհողութեամբ այս վիճակը հասուցի, այս հրամայական ձեւերը ինձի՞ հետ նաեւ կը գործածես. էրկանդ հետ մինչեւ հիմս: վարուեցար ինչպէս ուզեցիր, խեղճ մարդը բաւական չէ, որ գերի ես ըրեր, հիմա զիս էլ կ'ուզես հար եւ նման գերի ընել եւ ոտքերուդ տակ ճզմել: Բայց մտածէ, լաւ մը չափէ, որ իմ անունս Փիլակրիոս չէ…

– Գիտեմ թէ քու անունդ Թումայ է, գիտեմ նաեւ թէ ո՛ւր կը հասնի քու սրտիդ ազնուութիւնը, բայց իմ անունս էլ Անկելինայ է, – ըսաւ Տիկինը հեգնութեան ծիծաղով: Եւ յանկարծ կերպարանքը փոխելով` շտկուելով եւ սլաքի պէս աչքերը փայլեցնելով, – ի՜նչ եւ ո՜ւմ կը պարծիս թէ խնամք, հոգ եւ զոհողոկթիւն ունեցեր ես իմ վրաս, եւ այս վիճակի ես հասուցեր. քու շահուդ համար` քեզի պատուանդան շինելու համար իմ գեղեցկութիւնս, իմ մարմինս, զիս` որբ քոյր մը` առիր սնուցիր, ինչպէս այդ որբ թշուառ աղջիկը քու ապագայ անարգ պագշոտութեանց յագուրդ պատրաստեցիր: Երանի թէ քեզ նման եղբայր չունենայի, եւ գեղացի աղջիկ մը պարզ ու համեստ մնայի:

– Ո՜վ կարգիլէ քեզ դարձեալ պարկեշտ ու համեստ լինիլ, քաշուիլ գիւղի մը մէջ, սոխ սխտորով ապրիլ, անառակ պերճութիւնդ ուրանալ, հաստ կապերտի մը վրայ ընկողմանիլ, փոխանակ արքայական գգուանաց` կոպիտ էրկան մը բռնցի հարուածներուն տանիլ, փոխանակ բռնաւոր տիրուհի լինելու խոնարհ աղախին…

– Տէ՜, տէ, երկայն ճառերու պէտք չի կայ: Որովհետեւ ուզեցիր եւ ջանացիր զիս բռնաւոր տիրուհի մը ընել` դու պէտք է հնազանդիս իմ կամացս եւ իմ հաճույիցս:

– Այ՞ս աստիճանի կ'իջեցնես զիս, Անկելինայ:

– Այո, այս աստիճանի:

– Բայց վերջը կը զղջաս:

– Յիմա՜ր, անմիտ մարդ: Չե՞ս իմանար, չե՞ս տեսնէր, որ ել քեզմէ զօրաւոր եմ. մոռցա՞ր թէ ինչ որ ես եւ եղեր ես իմ շնորհիւքս է, եւ ինձի՜ կը սպառնաս: Դո՛ւ վատ եւ անպիտան` զօրավար լինելու մա՞րդ էիր առանց իմ կամացս, դու պատճառ Հայաստանի բանակին պարտութեան եւ առաջին փախստական, ինչպէ՞ս պիտի արդարանայիր Պրոկոպիոսի ամբաստանութենեն եւ զինուորական դատաստանեն, եթէ իմ ազդեցութիւնս չի հասնէր, դու գող աւազակ, որ բանակներ անօթի, անզէն թողէր էիր, եւ իմ շնորհիւ քեզմէ հաշիւ պահանջողներուն բերանը կարկեցաւ: Եւ հիմա ելեր ի՞նձ կը սպառնաս:

– Բայց դու կը մոռնա՞ս, Անկելինայ, որ մենք մինակ ենք այս սենեկիս մէջ, եւ ես սուր մը ունիմ…

– Սո՜ւր ունիս դու եւ ինձ կը պարծենաս, յիմար, բիւր անգա՜մ յիմար: Այդ սուրովդ գնա ուրիշներուն պարծի՛ր: Նայէ՛, դա աս գաւաթին եթէ ձեռք դպցնես, քովեն անցնիս` ես հեռուեն կանցնիմ. դու կրնաս թունաւորին քու այդ քաշութիւնդ գիտեմ եւ փորձը տեսեր եմ. բայց սո՜ւր քաշել, քաւ՜ լիցի, քեզի պէս քաշ զօրավարի գործ չէ:

Բայց շա՛տ եղաւ, Անկելինայ:

– Մանաւանդ թէ շատ քիչ եղաւ. եւ եթէ ուզես դեռ շատ բան կրնամ գտնել խօսելու:

– Բայց դու, սիրական քուրիկս, զրուցէ անգամ մը թէ ի՞նչ կրնաս ընել ինձ, որ կը պարծիս թէ զօրաւոր ես:

– Հա՛, այդպէս անուշ խոսէ, թատերական ձեւերդ մոռցի՛ր, երբ ինձ հետ ես: Աղուէս, առիւծ մի՛ ձեւանար, կատու, օձու պէս մի մռնչէր. քու հին արհեստդ ձեռք ա՛ռ, սողուն, գետինը գալարիր որպէսզի թունաւորես:

– Ես չեմ ուրանար թէ անզգամ մ՚եմ, բայց դուն էլ, Անկելինայ, ինձ արժանի քոյր ես:

– Այո այս նաեւ ճշմարիտ է, միայն հոն է մեր երկուսին տարբերութիւնը, որ դու ի բնէ անպիտան ու վատ ծնէր ես, իսկ ես ինչ որ անզգամութիւն ունիմ քու չարութեանդ հետեւանքն է, եւ վտանգի առջեւ գոնէ անխռով քաշութիւն ունիմ:

– Ո՜վ իմ սիրելի քոյրս ինչչա՜փ ազնիւ յատկութիւնք ունիս, ինչչա՜փ առաքինութեանց եւ մոլորութեանց խառնուրդ ես…

– Լռէ՛, թո՛ղ ձեռքս, մի՛ հպիր ինձի, հեռո՛ւ:

– Կը վախես ինձմէ` քու մէկ հատիկ եղբօրմեդ:

– Թումայ, լաւ համոզուի, որ քեզմէ չեմ վախեր, եւ ինչո՞ւ, գիտե՞ս:

– Ինչո՞ւ:

– Ստութեան, խաբէութեան սատանայ, չգիտե՞ս. ես քու մտքիդ մէջինը գիտեմ, եւ դու չդիտե՞ս: Լաւ, զրուցեմ, որ գոհ լինիս: Ես քեզ պէտք եմ, առանց ինձ դու ոչինչ ես, այդ բանին համար սեպենք թէ վաղր դու յաջողիս զիս թունաւորել եւ ես մեռնիմ, ո՜վ քեզ պիտի պաշտպանէ. ահա միմիայն պատճառը, որ ես իրաւունք ունիմ քեզմէ չի վախելու: Դեռ երէկ կայսրը կ'ըսէր ծիծաղելով. «Եղբօրդ պէս վատթար զինուոր եւ անամօթ գող հատ մ՚էլ չի կայ բոլոր կայսրութեան մէջ: Քու սիրոյդ համար միայն կարելի է համբերել, եթէ ոչ տասն անգամ կախաղանի դատապարտուած էր մինչ հիմա»:

Իրաւ, այդպէ՞ս ըսաւ կայսրը:

– Անամօ՜թ, դու կը ծիծաղիս այս լսելով, եւ ես ամաչեցի: Տէ՜, գլուխս ցաւ մտաւ, շատ խօսեցայ հետդ եւ կիրք էլ ելայ, որ չէր արժէր: Ահա քեզի կը պատուիրեմ կրկին եւ կրկին. ոչ մարդու առջեւ, ոչ առանձին այդ հայ աղջկան մազին, զգեստնին պիտի չի հպիս. վա՛յ քեզ եթէ լսեմ եւ իմանամ: Աղջկանը կ'իմացնեմ, որ մինչեւ քու նայուածքդ ինձ իմացնէ, զիս մի պարտաւորէր խստութեան: Իմացա՞ր, կրնաս երթալ:

– Լաւ՛, ես յանձն կառնում այդ զոհողութիւնն ըսել եւ այդ գոռոզ հրամանաց զիջանիլ, բայց գոնէ զրուցէ ինձ, ի՞նչ է միտքդ:

– Էհ, շատ երկայն եղաւ այս խօսակցութիւնը եւ դու գիտես թէ քանի մը տարիներ կան ոչ Փիլակրիոսի, ոչ քեզի խորհուրդ հարցնելու պէտք չեմ զգացեր, եւ ոչ իմ մտաձութիւնքս յայտնելու:

– Յանցանք իմս էր, որ քեզի պէս գազանի մը յանձնեցի աղջիկը, իբրեւ թեւ մարդ կը պակսէր, ըսաւ Թումայ` ելաւ եւ սկսաւ երթալ:

Yaş sınırı:
12+
Litres'teki yayın tarihi:
26 haziran 2017
Hacim:
250 s. 1 illüstrasyon
ISBN:
9781772467987
Telif hakkı:
Aegitas
İndirme biçimi:
Metin
Ortalama puan 5, 1 oylamaya göre
Metin PDF
Ortalama puan 0, 0 oylamaya göre
Metin
Ortalama puan 0, 0 oylamaya göre
Metin
Ortalama puan 0, 0 oylamaya göre
Metin
Ortalama puan 4,5, 2 oylamaya göre