Kitabı oku: «Թէոդորոս Ռշտունի», sayfa 7
– Զրուցէ ինչ որ կ'ուզես, բայց մի՛ մոռնար իմ պատուերս, զի վերջը կը զղջաս…
Իսկ երբ եղբայրն անհետ եղաւ, իր գոռոզ գլուխը շարժէլով կ'ըսէր ինքնիրեն. «Յիմարնե՜ր, չեն իմանար թէ երբ իմ ապագան կ'ապահովեմ, իրենցն ապահոված կը լինիմ»:
ԳԼՈՒԽ ԺԳ
Դու, որդեակ իմ Հերմէս, դու իմ յոյս գեղանի.
Դու պտուղ իմ երկանց` յարատեւ վաստակոց,
Նպատակ սիրելի տասնամեայ իմ հրսկմանց,
Որ այնչափ ծանր` անուշ խրնամք ինձ արժեցիր,
Մըտերիմ բերկրանաց եւ դարման իմ վըշտաց.
Հեռաւոր ծովերու` հեռաւոր հողերու,
Անուշիկ իմ ընկեր անստոյգ քայլերու,
Ով որդեակ իմ, այսօր ինչ է քո ճակտի գիր:
ԱՆԴՐԷ ՇԷՆԻԷ
Թումայ իւր քրոջ այս բռնութեան կամայ, ակամայ հնազանդիլ պարտաւոր եալ էր, ինչչափ որ հոգին ապստամբէր: Այն խօսքը` «Ես քեզմէ զօրաւոր եմ», լաւ կը հասկնար, վասնզի գիտէր թէ իր ազնիւ քրոջ մէկ խօսքը բաւական էր զինք պաշտօնով կամ անպաշտօն Ափրիկէի կամ Աիկիլիոյ մէկ կողմը աքսորել տալու, ինչպէս քանի մը անգամ սպառնացեր էր. ուստի լռեց եւ համբերեց եւ հետաքրքիր` կը սպասէր իմանալ նպատակը:
Անկելինայ մէկ գիշեր փոքրիկ երեկոյթ մը տուաւ իւր պալատը: Կայսրորդին Կոստանդ միայն հրաւփրուած էր այս ընտանեկան հանդիսին. Արփենի իւր տարեկից եւ ընկերակից աղջիկներով, նուրբ բեհեզներ հագած զանազան եւ նտորահնար կաքաւներ կը պարէին, որոնց համար մասնաւոր վարպետով վարժուած էին առաջուց: Պագշոտ եւ զերծ կաքաւփն` մեղկ եւ լկտի երաժշտութիւն մը կ'առաջնորդէր: Թագաժառանգ իշխանը դեռահաս պատանի` տանտիկնոջ քով նստած հազիւ թէ նորա փաղաքուշ խսսքերուն կը լսէր` իւր բոլոր ուշադրութիւնը` պարը, երաժշտութիւնը եւ սիրոյ լպիրշ երգերը գրաւած կին, եւ իւր երեսին գոյնը վայրկենէ վայրկեան կը փոխէին: Աչաց ակնարկն այդ մանր եւ թեթեւ կայթող ոտից հետ հիռ կ'ուգար, այդ փափուկ մարմնոց ամէն բեկբեկ տատանմունքը իւր գլխուն համակիր շարժմունքներ կը պատճառէին, որ Անկելինայի դիւական աչքերուն գոհութեան ժպիտ կը բերէին: Ենք ուրախութեամբ կը դիտէր թէ արքայազն պատանին արդէն սրարբեալ` յիմարեալ էր պագշոտութեամբ եւ փոքրիկ հառաչանքներ կը խեղդէր. ուզելով զինք համարձակեցնել, ակնարկեց եւ անուշ ըմպելիք ու քաղցրահամ մրգերու սեղան մը բերուեցաւ: Իւր դիւթիչ ձեռոք Տիկինն ինքը արքայազնին կը մատռուակէր, որ վերջապէս չի կրնալով համբերել, եւ գինուով զօրացեալ`
– Տիկին, ձեր հիւրընկալութիւնն անգին է, ես այսպիսի զուարճութեան դեռ չէի հանդիպած, բայց ո՞վ է այդ նորահրաշ աչքերով աղջիկը, որուն նմանը չեմ տեսեր` եւ որ այնչափ լաւ կը պարէ:
– Դա որբ, անտէրունչ օտար աղջիկ մ՚է, արքայորդի:
– Բայց ուստի՜ ձեր ձեռքն է ընկեր այդ հրաշալի ծաղիկը:
– Քանի մը տարի առաջ ինձ ընծայ ըրին, երբ փոքր էր: Կը ջանամ դաստիարակել, բայց չէք կրնար երեւակայել թէ ի՛նչ դժուարութիւն կը քաշեմ այդ բնութիւնը ճնշելու: Կ'երեւայ թէ իր լեռներուն ազատութեան վարժած եւ վայրենի ազնուականաց սերունդ, ամէն բանի արհամարհոտ եւ անտարբեր կակնարկէ:
– Եթէ դուք նաեւ չի կարէնաք, ո՜վ կրնայ զինք ընտելացնել, – ըսաւ պատանին, տիկնոջ ձեռքը շողոքորթութեամբ բռնելով:
Իսկ Տիկինը իւր լուրջ հրամայական կերպն առնելով` երբ կաքաւը վայրկեան մը դադրեցաւ`
– Զոյի՛, – ձայնեց. եւ երբ Արփենի մօտեցաւ իւր սեւ եւ գանգուր մազերն ուսն ի վայր ընկած, ճերմակ թուշերուն վրայ փափուկ կարմրութիւն մը եկած, եւ աննման աչքերը Տիկնոջ ու պատանուոյն յառեց, ուր յայտնի կ'երեւէր թէ երկիւղը միայն զբարկութիւնը կը սանձեր, Անկելինայ հրամայեց գինի մատռուակել արքայորդուոյն, Արփենի տուաւ դինին եւ քաշուեցաւ, բայց այնպիսի կարմրութիւն մը աւելցաւ իւր երեսներուն վրայ եւ այնպիսի՛ կրակ մը փայլեցաւ աչքերուն մէջ, որ կինը ինք նաեւ զարմացաւ, եւ պատանին էլ զգալով դարձաւ`
– Յիրաւի, Տիկին, անընկճելի բնութիւն եւ սքանչելի գեղեցկութիւն կ'երեւայ թէ միացեր են այդ ձեր փոքրիկ լեռնցիին մէջ:
– Մէկ-երկու տարիէ ես խօսք կ'ուտամ, որ այդ վայրենի էակը գառան պէս ընտելացեալ ձեզ կ'ընծայեմ:
– Մի թէ այդչափ երկայն ժամանակի կարօտ էք դուք. Տիկին, – ըսաւ երիտասարդը լեզուն քիչ-քիչ ծանրանալով եւ մարմրած աչքերը գոցելով… Երաժշտութիւնը քաղցր օրօրի հնչիւններ կ'արձկէր, երբ պատանին փետրալից բարձերուն մէջ խոր քունի ընկղմեցաւ տակաւ առ տակաւ:
Ան ատեն երաժիշտք եւ կաքաւ դադրեցան, լոյսերն սկսան խաւարիլ, եւ չորս մաքուր սպասաւորք ամենայն զդուշութեամբ իւր բազմոցով իրեն համար պատրաստուած անկողինը տարին զարքայորդին:
Երբ Թումայ, Փիլակրիոս եւ Վաղենտիոս` որ սորայ զինակիրն էր` գեղեցիկ երիտասարդ մը` մինակ մնացին, Անկելինայ ոտք ելաւ եւ գոհ ու գոռոզ ակնարկ մը ձգելով ըսաւ Թումայի.
– Յիմա՜ր, կ'իմանա՞ս հիմա թէ ինչչա՛փ սրամիտ եւ հեռատես եմ:
Եւ երեքին հաւասարապէս`
– Դուք միայն ոսկի դիզել եւ ձեր անարդ կիրքերը յագեցնել գիտէք, իսկ ես վաղն էլ կը մտածեմ եւ կը հոգամ:
Փիլակրիոս ամենեւին ձայն չի հանեց, իսկ Թումայ իր քոյրն մէկդի առնելով եւ իր սովորաան ծիծաղով հծծելով, ըսաւ.
– Միթէ՞ կայսրը մահուան դատապարտուած է, որ թագաժառանգը այսչափ նախահոգութեամբ կը մեծարես:
– Ո՞վ է անմահ, յիմա՛ր:
– Մեր անարգ կիրքերը, որ կ'ամբաստանես, իրաւունք ունիս, իսկ Վաղենտիոսի համար քու զգացածդ ինչ աստիճանի ազնիւ է, իմ առաքինի եւ սիրուն քուրիկս…
Հարցուց Թումայ ծիծաղելով, բայց շուտ մը ետ քաշուեցաւ, վասնզի նկատեց, որ իւր առաքինի քուրիկը իրեն լաւ ապտակ մը կը պատրաստէր:
Այդ փառասէր եւ իշխանութեան փափագող կինը, որ Յուստինիանոսի Թէոդորա կայսրուհին միայն կը յիշէր եւ նորա վիճակը կ'երեւակայէր ու այդ ապագան պատրաստելու համար կ'աշխատէր, տեսնենք թէ ինչչափ յաջողեցաւ…
Պարահանդէսին վրայ մէկ-երկու շաբաթ անցաւ, Զաւէն ամէն օր կ'երթար յարմար նաւ մը նայելու, եւ առաւօտները կը սպասէր իր Արփենին տեսնել: Ուրախութեամբ կը նկատէր աղջկան վրայ զգալի փոփոխութիւն մը, երրորդ եւ չորրորդ տեսութեան իւր հայերէնը բոլորովին գտած էր եւ իր վրայ վստահութիւնը բոլորովին դարձած: Սիրտը նաեւ հանդարտ էր, այն կողմանէ, որ Արփենի իրեն իմացուցեր էր թէ ինչպէս Տիկինը իրեն հրամայած էր, որ իր եղբօրը գգուանքեն հեռու կենայ եւ մերժէ:
Նաւը պատրաստ էր եւ միայն հարաւային քամիի մը կը սպասէր Զաւէն, որ կ'ուշանար: Ուստի առաւօտ մը, երբ Ս. Սոփիայի հրապարակի կողմը գնացեր էր պտոյտ մ՚ընելու, տեսաւ ժողովրդեան մէջ յուզմունք կար, խումբ-խումբ բաժանուած ամբոխը, կը խոսէին գրգռուած. տեսաւ Անկելինայ տիկնոջ սպասաւորին հետ վիճող դրացի մարդը նստարանի մը վրայ ելած կը ճառեր, բորբոքած, սկսաւ ուշադրութեամբ մտիկ ընել:
«Այո՛, կ'ըսէր, արքայական զահույից վրայ դուք կարծէք թէ Կոստանդին անունով կայսր մը ունիք, ոչ, շատ կը սխալիք, կին մ՚է, որ կը կառավարէ եւ ամէն կամքը կատարել կ'ուտայ: Այդ կնոջ գրգռութենեն է, որ որդին հօրը Հերակլեսի գերեզմանը բանալ տալու յանդգնեցաւ ականակուռ պսակը հօրը գլխեն յափշտակելու համար: Այդ կնոջ անյագ գրգռութեամբ է նաեւ, որ Մարտինէ կայսրուհուոյն եւ նորա որդուոյն` օրինաւոր ժառանգին համար պատրիարքին պահեստի յանձնուած դրամր պահանջուեցաւ եւ արքունի գանձը գրաւուեցաւ: Դեռ ձմեռուան սկիզբն ենք, թանկութիւնը կը տիրէ, այս ձմեռ սովէ պիտի ջարդուինք եթէ այդ կնոջ թագաւորութիւնը տեւե…»:
– Ո՜Յ է այդ կինը, անունը՛, անունը զրուցէ մեզի, – կ'աղաղակէին հազար ձայն միաբերան:
– Փիլակրիոսի կինն է, Անկելինան, որ էրկանը եւ եղբօր Թումայի հետ բաժնէր են թագաւորութիւնը, ցորենի շտեմարանները գրաւէր եւ արգիլեր են, որ պաշար չի մտնէ քաղաքը. երեւակայեցէք, ժողովո՛ւրդք, եթէ այս վիճակը տեւէ աղքատն ի՞նչ կը դառնա…
Զաւէն այս խօսքերուն համբերութեամբ ուշադրութիւն ըրաւ, եւ տեսնելով շուրջ ժողովրդեան գրգռութիւնը եւ մռնչիւնը… ճղքեց ամբոխը եւ վազելով ծովեզր իջաւ, նաւակ մը վարձեց մտաւ մէջ եւ Փիլակրիոսի պալատը գնաց` նաւակին սպասել ապսպրեց: Ապահովութիւն եւ հանդարտութիւն կը տիրէին ներսը, մտաւ գաւիթը, եկաւ ցամաքային դուռը, տեսաւ պահապան զինուորները զինաթափ եւ անհոգ նստած կամ իրենց գործերով զբաղած, վասնզի տանուտէրք դեռ պառկած կամ նոր ելած էին. մեծաւ ուշադրութեամբ ականջ կը դնէր եւ փողոցի երկայնքին կը նայէր դարուէր. ամպի պէս մթութիւն մը տեսաւ գագաթը, որ կ'իջնէր, կը մօտեր. առանց դռնապանին թան ըսելու մտաւ ներս հանդարտութեամբ, ելաւ սանդուխներէն վեր` տնտեսին սենեակը ուղղուեցաւ. նեղ սրահ մը կար ուստի փողոցը կ'երեւար. հոն` պատուհաններուն առջեւ կեցած` նայեցաւ, որ ամպը մարդկային ամբււխ դարձեր էր եւ կը յառաջանար: Սպասեց, մինչեւ որ աղաղակները բարձրացան եւ Լսելի եղան, այն ատեն մտաւ տնտեսին քով միամիտ ձեւ մը առնելով` «Դուրսը փողոցը կարծես խառնակութիւն մը կայ», – ըսաւ, իսկ նա` «Պահապան զինուորները միթէ՞ վարը չեն», – հարցուց անհոգ կերպով: Ձայներն աւելի բարձրացան, պալատին դռները շառաչմամբ փակուեցան, եւ դրսեն սպառնալիքներ սկսան լսուիլ: Տան բոլոր բնակիչքը մեծ եւ փոքր սենեակներէն դուրս թափեցան, Տիկինը կիսամերկ, մաղերը ձգած տեղեկութիւն կը հարցնէր. իշխանը եւ Թումայ «ի՞նչ է, ի՞նչ եղանք» կ'ըսէին: Իսկ վարեն պահապանք գռները կ'ամրացնէին, ծառաները շփոթած չէին գիտէր թէ ի՜նչ ընեն, աղախինք լալով «Տէր ողորմեա» կ'ըսէին, տնտեսը Զաւէնի հետ կը խոսէր շուտ մը արկղը բանալով իւր գրպանները լցուց դրամով, եւ Զաւէնի նաեւ երկու քսակ «առ ղու էլ ասոնք» ըսելով ձեռքը խթեց: Իսկ սա իբրեւ թէ այս բանիս համար կեցէր էր, հանդարտութեամբ ծոցը դնելով քսակները` դուրս ելաւ այդ շփոթեալ անձանց մէջեն, եւ յանկարծ տեսաւ Արփենին, որ ապշէր, մնացեր էր. «Քայլէ, աղջիկս, եկ իմ ետեւես պարտէզ», – ըսաւ եւ սկսաւ սանդուխներէն իջնել արտորնօք: Արփենի նոյնպէս վազելով հասաւ իրեն, ան ատեն մտուց իր հիւղիկը, աւաւ նորա համար պատրաստուած մանչու զգեստները, փակեղն անցուց գլուխը մազերը մէջն ամփոփելով եւ իջան նաւակը, որ իրենց կը սպասէր: Ասիական քաղաքը տանիլ հրամայեց Զաւէն նաւավարին, եւ նաւն ուղղուեցաւ դէպի պալատը, վասնզի հոսանքը կրնար զիրենք դուրս նետէի ուստի դողալով Արփենիին համար, որ յանկարծ չի ճանաչուի, իւր մեծ վերարկուն քաշեց լաւ մը իւր գլուխը եւ տղան էլ ծածկեց կիսով, եւ ժամ էր, վասնզի ահա իրենց ետեւեն երկու մեծ-մեծ նաւեր կ'ուգային, որոց առաջինը եօթ ջուխտ կը թիավարէր եւ եբկրորգը հինգ ջուխտ: Առաջինին մէջ Փիլակրիոս, Տիկինը եւ Թումայ նստած էին, իսկ երկրորդին մէջ աղախնայք խառնիխուռն իրարու վրայ լցուած: Այս նաւերը նետի պէս կ'երթային, մանաւանդ առաջինը, եւ երկիւղը զիրենք այնպէս շուարել էր, որ Զաւէնի աղքատիկ նաւին նայելու անգամ ժամանակ չունէին:
Ծովը հանգարտ էր, երկինքը մառախլապատ, ուստի նաւավարը թողուց եւրոպական ափունքը. ձկնորսի նաւերը միայն կ'երեւէին ծովուն վրայ եւ Խրիսուպոլսոյ իջնող նաւեր. ուստի Արփենին գլուխը Զաւէնի վերարկուեն դուրս հանեց.
– Զաւէն Հայրիկ, – ըսաւ կամաց ձայնով, – ազատեցանք:
– Փառք աստուծոյ, որդեակ, – պատասխանեց ծերը, եւ կը յիշէր այն օրն, որ չորս տարի առաջ դարձեալ այս աղջիկն առած կուրծքին վրայ` շողալով փոքրիկ լճակէ ազատէր էր: Եւ երկրորդ անգամն էր, որ աստուած այս հրեշտակին ազատութիւնը իրեն կը շնորհէր:
– Հիմա զիս կը փնտրե՞ն, – հարցուց աղջիկը:
– Դեռ քեզ փնտրելու ժամանակ չունին, որդեակ:
Եւ իրօք այնպէս էր, վասնզի այդ կատաղի ամբոխը, որ դռները սկսէր էր կոտրտել եւ ներս խուժել, հազիւ թէ ժամանակ թողէր էր այդ պալատին տեարց ծովին կողմեն փախչելու: Եւ զանկելինայ, զփիլակրիոս եւ զթումայ չի գտնելով` իւր կատաղութիւնը թափէր էր ամէն բանի վրայ, որ առջեւը կը տեսնէր: Այդ բոլոր բիւզանդական պերճանքը հարստութիւնը, կարասիքը խորտակեցան, աւար, կողոպուտ եղան խաժամուժին, եւ թէ որ զօրականաց խումբք չի հասնէին, տոմէը հիմն ի վեր կը տապալէր:
Իսկ Զաւէն Խրիսուպոլիս երբ ելաւ սկսաւ մտածել թէ ի՞նչ պէտք էր իւր սիրուն տղեկին. ուստի առանց աչքեն բաժնելու գնաց փոքրիկ անկողին մը եւ ուրիշ ինչ որ պէտք էր առաւ եւ այդպէս գնաց մտաւ նաւոյ, որ Սեւ ծովու ափունքը քերելով պիտի երթար մինչեւ Տրապզոն: Ժամանակը ձմեռ էր. իր անձին համար չէր մտածէր զինուորը, բայց աչքը կը դարձնէր շարունակ այդ սիրելի աղջկան` որուն համար տունը, տեղը, իւր զաւկները ամէն բան թողէր թափառական ու պանդուխտ պտըտէր էր այնչափ ժամանակ, եւ հիմա գտնելով եւ այնպիսի հզօր ձեռքէ յափշտակելովն ինքզինք լիովին վարձատրեալ կը համարէր. միայն այն կը խնդրէր աստուծմէ. որ ինչպէս դիւրացուց իրեն այն օրը` դիւրացնէ եւ խեղճ որբին համար այդ ճանապարհորդութիւնն ի հայրենիս:
Իւր աղօթքն աստուած րնդունեց. Պոնտոսի ծովը իր սեւ կերպարանքը չի ցցուց սիրուն աղջկան. ձմեռուան յունուար ամիսը աշնան ցուրտ օրերուն պէս անցան եւ Ճորոխի եզերքն ի վեր ճանապարհորդելով հասաւ Տայոց գաւառը, եւ հոն առաջին անգամ յայտնեց Արփենիի սեռը Բագրատունեաց Տիկնոջ, եւ զգեստները փոխելով եւ խումբ թիկնապահաց հետն առնելով` այնպէս Մամիկոնեանց Օրիորդը տարաւ Շիրակ Կամսարականաց դղեակը Երազգաւորս, իւր մօրեղբօր Սուրէնի եղբօր` Ներսէհ իշխանին յանձնեց:
Հայաստանի վիճակին վրայ դեռ չի խօսած` նոյն միջոցին Կոստանդնուպոլիս ինչ վիճակ որ ունեցաւ այն պատմենք համառօտիւ:
– Կոստանդին հազիւ թէ հօրն աթոռը բարձրացեալ` իւր ագահութեան ոգին յայտնի ըրաւ, ինչպէս տեսանք, հօր գերեզմանը կողոպտելով եւ մորուին համար պահեստի դրամը բռնի յափշտակելովէ Իսկ Մարտինէ կայսրուհին, որ համբերութեան առաքինութիւնն չունէր` շուտ մը փոխարէն աւելիով հատոյց. թունաւորեց զկայսրը եւ որդին Երակլեակ աթոռը նստեցնելով, Կ'ոստանդնի երկու որդիքը կրօնաւորաց վանք փակել տուաւ եւ նոցայ կողմնակիցքը հեռացուց պաշտօններէ:
Կ'ոստանդնի թագաւորութիւնը երեք ու կէս ամիս տեւեց. իսկ Մարտինէի որդուոյն թագաւորութիւնը ութն ամիս տեւելեն ետք` Ծերակոյտին վճռով եւ զինուորական յայտնի ապստամբութեամբ մը, որու գլուխ Վաղենտիանոս էր` վերջ առաւ: Մարտինէի լեզուն եւ Երակլեակի քիթը կը տրելեն վերջ` տէրութեան հիւսիսային սահմանագլուխը աքսորեցին, եւ Կ'ոստանդնի անդրանիկը Կոստանդ կայսրը եղաւ եւ հօր անուամբ զինք Կոստանդին կոչեցին: Վաղենտիոս տէրութեան խնամածու եւ մեծ հազարապետ անուանեցաւ եւ Անկելինայ դարձեալ կը թագաւորէր:
ԳԼՈՒԽ ԺԴ
Լցաւ քաղաքդ գաժկանօք, քաղաքդ պերճացէալ. վիրաւորք քոյ` ոչ վիրաւոր սուսերի, եւ ոչ դիակունք քոյ` դիակունք պատերազմաց: Ամենայն իշխանք քոյ փախստէայք, եւ կալանաւորք քոյ կապէալք սաստկութէամբ եւ հզօրք քոյ առ հասարակ կ'ապեցան, բացէ ՚ի բաց փախստականք: Վասն այսորիկ ասացի, թոյլ տուք ինձ լացից դառնապէս, մի բռնադատէք մխիթարել զիս ՚ի վերայ բեկման դստեր ազգի իմոյ:
ԵՍԱՅԻ
Այս գրքիս սկիզբը կը յիշեն ընթերցողք թէ ինչպէ՛ս Պրոկոպիոս Յունաց Սպարապետը իւր անհոգութեամբ կորուսէր էր պատերազմը ի Կոգովիտ եւ զօր ժամանակին պատմիչք անուանեցին Մարդոցէից պատերազմ, եւ թէ ի՛նչ աւերակք, կոտորաէք եւ գերութիւնք հետեւանք եղան այդ պատերազմին: Պատմեցինք նաեւ Թէոդորոս Ռշտունի ինչպէ՞ս կը ջանար այդ վիճակը դարմանել եւ նոյնանման արաբացի արշաւանաց առաջն առնուլ:
Երեք տարի անցան այն դժբախտ օրերուն վրայ, հազիւ թէ երկիրը քիչ մը ոգի առաւ եւ սկսաւ շնչել. աշնան վերջի օրերն հասան. Հայոց զօրավարը Հերակլի մահուան լուրն առնելով կը յուսար նորապսակ կայսեր օրով Վարազտիրոցի աքսորէ դարձը, մանաւանդ որ մասնաւոր նամակաւ իրեն կ'իմացնէին թէ կայսրը մահուան անկողնին մէջ իւր յաջորդին կտակաւ յանձնէր էր վերջ տալ Ասպետին աքսորանաց: Ուստի հանդարտ սրտով դարձաւ Ռշտունեաց երկիրը ձմեռելու: Երկրին ապահովութեան համար Արտազու եւ Նախջեւանու գաւառները յանձնեց Ներսէհ Կամսարականի, որ բաւական զօրքով եւ Անձեւացեաց օգնութեամբ կրնար ամէն թշնամիներէ պատսպարէի իսկ Տարոնոյ կողմեն Մամիկոնէից վրայ վստահանալով, այնպէս կը յուսար թէ վտանգ չի կայ:
Երբ հազիւ Ոստան մտած` կը յուսար հանգչիլ իւր ընտանեաց ծոցը, գուժկանը կը հասնէր Վահան Կամսարականի կողմեն, որ եղբօրը տեղակալն էր` թէ արաբաց բանակ մը Անձեւացեաց Սահուռ իշխանին մատնութեամբ եւ օգնութեամբ մտաւ Արտազ: Թէոդորոս առանց դանդաղելու առաւ զօրքը եւ հազիւ Քաջբերունեաց երկիրն հասած` գուժկան մ՚էլ կը հասնէր Տարոնոյ կողմեն թէ ուրիշ արաբացի բանակ մը եւս անարգել անցեալ կը դիմէր Դուին առաջնորդութեամբ Մոկաց նախարար Վարդիկի:
Շուարեցաւ Թէոդորոս, ո՛ր կողմ պէտք էր դիմէի թշնամի՞ն պէտք էր մտածել թէ ընտանին, որուն վրայ կարելի չէր վստահիր Բայց անխռով կերպարանք առնելով շարունակեց իւր ճանապարհը եւ մտաւ Արտազու դաշտը` օգնելու Վահանայ: Սակայն մատնութիւնը ամէն բան խանգարէր էր, Սահուռ Անձեւացեաց նախարարը ոչ միայն առաջնորդէր էր թշնամեաց, այլեւ պատերազմի ժամանակ հաոց` իր եղբարցը վրայ դարձնելով զէնքը սկսէր էր ահագին կոտորած հասցնել, թէպէտ իր արժանաւոր պատիժը գտեր էր Տիրան քաշ իշխանի մը սուրին բերանն ինկնելով, որ թշնամեաց բազմութենեն պաշարեալ զոհ եղեր էր վերջապէս քաջութեան: Վահան քանի մը քաջերով թշնամեաց բազմութիւնը ճեղքելով հազիւ ազատած կոտորածեն` Թէոդորոսի բանակը եկաւ: – Այս փախստականք զօրութեօմէ չէին, վասնզի ահաբեկեալ` երկիւղ կ'ազդէին զօրաց իրենց թշուառ պատերազմին պատմութեամբ. բայց Թէոդորոս շարունակեց իւր ճամփան` հետամուտ լինելով թշնամուոյն, որուն հասնիլ անկարելի եղաւ, վասնզի` ինչպէս ժամանակակից պատմիչ մը կըսէ. «Օդաթեւ արագութէամբ իբրեւ օձք թունաւորք արձակէալք եառաջկին թշնամիք եւ զկնի իւրէանց թողին զզօրս Հայոց»: Եւ այսպէս կը յարձակէին Դուին քաղաքին վրայ Կոգովտէ անցնելով: Երեք իշխանք միայն, որ մնացեր էին ցրուեալ զօրքը ժողուեղու` Թէոդորոս Վահեւունի, Խաչեան Առաւեղեան եւ Շապուհ Ամատունի` որ կործանեցին Մեծամորի կամուրջը եւ գնացին լուր տալու քաղքին:
Անզէն եւ պատերազմի անվարժ ժողովուրդն ամէն կողմեն ապաստանեցաւ բերդը, եւ թշնամին Մոկաց իշխանին առաջնորդութեամբ անցաւ Երասխը եւ եկաւ բանակեցաւ Խոսրովու անտառին եզերքը: Հինգերորդ օրը արաբացիք մեծ կրակ վառեցին պարսպին տակ եւ մուխով ու նետաձգութեամբ հեռացուցին պահապանները եւ սանդուխներով ելան տիրեցին պարսպին, բացին դռները եւ ներս խուժեցին: Տասներկու հազար մարդ ջարդեցին, երսունհինգ հազար տղայք ու կանայք դերի վարեցին, եւ քաղաքն աւարեցին ու կողոպտեցին: Եւ նոյն Կ'ոգովտի ճանապարհը բռնեցին ետ դառնալու համար:
Թէոդորոս Նախջեւան իմացաւ թշնամուոյն արարքը եւ բազմութիւնը: Թէեւ զօրքը բաղդատմամբ շատ քիչ էին, չի կարէնալով համբերէք անցաւ սպասեց իրենց ճամփան Կոգովիտ` յարձակեցաւ իրենց վրայ եւ արիւնահեղ պատերազմէ մը վերջ շատ զօրք կորսնցնելով պարտաւորեցաւ ետ քաշուելու, եւ աւազակաց ազգն ազատ համարձակ գնաց Ասորեստան ողբ, արիւն եւ աւերակ թողլով ետին:
Հայաստանի այս պատուհասին վրայ աւելորդ է երկար գրել, ժամանակակից պատմիչի մը այս խօսքերը բաւական կը համարինք. «Եկեղեցիք քանդէալ եւ քայքայէալ, քահանայք խողխողէալ, տիկնայք փափկասունք որոց ոչ էր առէալ զփորձ նեղութէան գանալից – թքոք թշնամանէալ եւ քարշէալք ի հրապարակս` զկականումն ողբոյ բարձրացուցանէին վասն յեղակարծումն օրհասին Այլ եւ աշխարհախումբ բազմութենէն ըմբռնէալք ուստերօք եւ դրստերօք ի նոյն վտանգս, եաճախէին զհառաչանս եւ զհեծութիւնս, զի ոչ գիտէին զօ՞ր առաւել ողբասցեն, զխողխողէա՞լս եթէ զկենդանւոյն ազատէալս զուստերս եւ զդստերս օտարացէալս ի Քրիստոս…»:
Իսկ Թէոդորոս Կ'ոգովտի բարձանց վրայեն դառնացեալ կը նայէր ոչ միայն եղած աւերակաց վրայ, այլեւ այն ապագայ դարերուն վրայ, որ դեռ աւերակներ պիտի բերէին եւ անապատը պիտի ընդարձակէին, վասնզի յայտնի երկու դաւաճանք այս դժբախտութեանց պատճառ կ'երեւէին, եւ գաղտնի ուրիշներ ստուերներու մէջ կային, որ չէին երեւէր: Ո՜ւր էին Մուշեղ եւ Հմաեակ Մամիկոնեանք, ինչո՞ւ չէին շարժեալ, երբ թշնամին իրենց երկիրը կը մտնէր: Իսկ նոքա, որ եռանդուն խոստմունքներ ըրած էին` իշխանք Սպերացուոց, Բագրատունեաց, Մանանաղեաց, Դարանաղեաց եւ Եկեղեաց գաւառին, իշխանք Վանանդայ եւ Դիմաքսենից, ոչ ուրեք չէին երեւեր. նոյն Արարատայ կողման ազատախումբը` Առանեանք, Վարաժնունիք, Գնթունիք եւ Սպանդունիք հազիւ թէ ակամայ եւ առ երեւոյթս կը շարժէին: Վրացիք, Աղուանք եւ Սիւնիք միայն հաւատարիմ իրենց միաբանութեան գունդագունդ կը հասնէին, բայց հարուածն արդէն եղած էր: Արաբական հրաբուխի դժոխային գետը երկրին մէկ ծայրեն մինչեւ մայրաքաղաքը իր ապականիչ կրակով տոչորել էր:
Կ'ոգովտի լեռանց պափարներուն մէջ` ծեր բարեկամ մը կար միայն մենացեալ, որ հայոց էն բարձր աթոռին վրայեն կամովին իջած զրպարտութեանց եւ քսութեանց պատճառաւ կ'ողբար առանձնութեան մէջ իւր ազգին վրայ, եւ նա միայն կը հասկնար Թէոդորոսի հառաչանաց մորմոքը:
Քրիստափոր կաթողիկոսն էր սա, որ ոչ ներկային եւ ոչ ապագային առջեւ արդարանալ չէր խնդրած, այլ մաքուր` իւր աստծոյն եւ խղճին առջեւ կը սպասէր ժամուն ելնելու աղէտալից կ'եանքեն, որ իրեն կաթողիկոսական պսակը փուչերով էր կազմել: Այս բարեկամին գնաց Թէոդորոս, ո՛չ մխիթարութիւն դտնեւու, այլ իմանալով Եզր կաթողիկոսին մահը, խորհուրդ հարցնելու թէ ո՞վ կարելի էր ընտրել, եւ արժանաւորը: Քրիստափոր խորհուրդ տուաւ Տայոց եպիսկոպոս Ներսէսն ընտրել, որ աշխարհիս ամէն փորձերեն անցէր էր. զինուոր, գիտուն, տեղեակ աստուածաբանական ուսմանց, գործունեայ եւ առաքինի վարուք կրնար լաւ օգնական լինիլ իրեն, աշխարհաշինութեամբ եւ խորհրդով:
Ներսէս արդէն մեզ ծանօթ սպան է, որովհետեւ զինք տեսանք երբեմն Բագրատունեաց Թաւուսկերտի պալատը: Զանազան եւ իրեն միայն յայտնի պատճառներով քահանայական կեանք ընտրելով քաշուէր էր աշխարհքն: Բագրատունեաց Տիկինը բռնի զինք Տայոց եպիսկոպոս ձեռնադրել աւէր էր, եւ հիմա Թէոդորոսի հրաւիրելով` ժողւուեցան նախարարք եւ եպիսկոպոսունք Դուին, եւ աւերակաց եւ դիականց վրայ զներսէս ընտրեցին կաթողիկոս:
Ազգաց վիճակին մէջ կան այնպիսի վայրկեաններ, որ պարտաւորութիւն ճանչցող մարդկանց խելօքները կընկրկին` փառքն եւ պատուէ կը հրաժարին: Ներսէս աշխարհք տեսած` փորձ եւ սրամիտ մարդ էր: Կը տետսներ Հայաստանի մայրաքաղաքը կոյտ աւերակաց, գերեզման անթաղ եւ նեխեալ դիականց, բնակարան գիշակեր թռչնոց, ցանուցիր ի բնակչաց, նախարարք եւ իշխանք հարստահարող, կասկածոտ, տգէտ, նախանձոտ, քաջք միմեանց դէմ, վատք օտարին դէմ, ոստանիկք եւ ազատք խումբք աւազակաց եւ փոքրիկ բռնաւորաց, իսկ ռամիկք եւ շինականք անասնացեալ եւ խելագար եալ ի բռնութեանց եւ ի զրկանաց:
Այս տեսարանը զինք վհատեցուց եւ հրաժարեցաւ, բայց նախարարաց` մանաւանդ Թէոդորոսի յորդորը մէկ կողմեն, իւր ընկերակից եպիսկոպոսաց մեծագոյն մասին անարժութիւնն ու տգիտութիւնը միւսեն զինք ստիպեցին եւ յանձն առաւ, եւ սկսաւ գործի: Թաղել տուաւ դիակունքը եւ գարշահոտութիւնը վերուց, այրած եկեղեցիները եւ կաթողիկոսարանը եւ հիւրանոցը նորոգեց, պարիսպներն ամրացուց, պարտէզներ եւ այգիներ տնկեց եւ Գառնօ գետէ ջուր բերաւ ոռոգելու համար: Դուին շունչ առաւ կենդանացաւ քանի մը տարուան համար, աւերակաց վրայ պալատներ, տուներ եւ շուկաներ բարձրացան, բայց գերիները չի դարձանք եւ ամէն տուն իր կորուստները կ'ողբար: Աստուծոյ պատուհասն է, կ'ըսէին բեմերու վրայեն քարոզիչք եւ վարդապէտք, ժողովուրդը ապաշխարութեան եւ ողորմութեան կը յորդորէին, եւ ժողովուրդը ամէն զոհողութիւն յանձն կառնուր, երբ զոհը ինքն էր, իւր զաւակը, իւր կինը, իւր ծնողքը, իւր եղրայրքը եւ իւր քորքը, իր ստացուածով` պատուովը, որ զարմանք է թէ զգալու կարողութիւն դեռ ունէր:
Այո, այդ ազգին քով, զօր կրօնքը եւ գերդաստանի սէրը պահած են կորստենէ մինչեւ այսօր ընտանեկան պատիւը միշտ կենդանի մնացած է, եւ հայ կինը շրջագայ ազգաց հետ բաղդատմամբ աւելի խնայող եղած է իւր համեստութեան: Բռնաբարութիւն եւ յափշտակութիւն հօտարեն ի բաց առեալ` բարոյականի զեղծմունքը աւելի բացառութիւն եղած են հայուն քով:
Ուստի Դուին սկսաւ բարձրանալ իր աւերակաց վրայ, իշխանք եւ մեծատունք շինեցին եւ նորոգեցին իրենց ապարանքը կաթողիկոսին օրինակին հետեւելով. թէպէտ այն կնոջ կտաւն էր ամէն շինութիւն Հայաստանի մէջ, որ ցորեկը շինէր` գիշերը կը քակէր. հայը այս տարի կը շինէր` օտարը գալ տարի կը քանդեր:
Իսկ Թէոդորոսի նոյն միջոցին զօրավարութեան հրաման կը հասնէր եւ Կոստանդնուպոլսոյ, բայց ի՞նչ էր հրաման մը որ զօրութիւն չունէր, երբ թագաւորեալ քաղքին մէջ անգամ անիշխանութիւն կը տիրէր: Թէպէտ Ռշտունեաց Տէրը անվհատելի մարդ` կ'աշխատէր, կը յանձանձէր երկիրը խնամոք եւ ժողովուրդը զինք իրեն միմիայն ապաւէն կը ճանչեր: Բոլոր այդ ձմեռն անցուց Այրարատայ գաւառը, ամէն տեղ բերդերն ամրացնել կ'ուտար, բնակիչք կը յորդորէր քաջութեան եւ անձանց պահպանութեան եւ այնպէս դարնան կը դառնար Ռշտունեաց գաւառը մխիթարութիւն գտնելու իւր ընտանեաց մէջ: Եւ իր դարձը ոչ միայն ուրախութիւն էր իւր տան` այլ բոլոր Վասպուրականի. քանի-քանի՛՛ անգամ Աղթամարայ կղզին ապաստան եղած էր զանազան զավառաց, մինչ ինք Թէոդորոս պարթեւական պատերազմ կը վարէր թշնամուոյն դէմ, որ չէին գիտէր թէ ո՞ր ժամանակ աւելի վտանգաւոր էր, երբ առջեւնին ներկա կը տեսնէին զի՞նք կամ երբ անհետ փախստական էր իրենցմէ:
Հիմա որ հազիւ կը հանգչէր եւ սիրտն ուրախութեան մէջ էր իմանալով թէ Բագրատունեաց Ասպետին հրաման եղած էր դաոնալ հաքսորանաց ի Կոստանդնուպոլիս, յանկարծ զուժկան հասաւ թէ աբարացիք յարձակեցան Այրարատ, եւ Նախջեւան ու Երեւան կը պաշարէին: Առանց վայրկեան մը կորսնցնելու` պատրաստ գտնուած վեց հարիւր սպառազէն հեծելոց խումբր առաւ եւ հետեւակազօրը Ատոմ Շահունուոյ յանձնեց շուտով հասնիլ ետեւեն: Ոչ գիշեր կար այս արշաւանաց մէջ եւ ոչ ցերեկ, հազիւ թէ ձիուց կարեւոր հանգիստ կը թողուր, ուստի լուր առաւ թէ թշնամին չի կարէնալով ոչ Նախշեւանու եւ ոչ Երեւանու եւ ոչ բերդերու վնասել, եկեր պաշարէր էր Արծափու բերդը, ուր Մասեաց Ոտն գաւառին բնակչաց բազմութիւնն ամրացեր էին ընտանեօք եւ ինչիւք:
Արծափու բերդը իւր համանուն գետին առաջ շինած` լաւ ամրացեալ էր. արաբացիք տեսան, որ անելանելի ժայռերուն վրայեն քառասունի չափ զօրականք պաշարելոց օզնութեան հասան եւ մտան Դարոնից բերնեն: Նոյն գիշերուան խաւարն օգնական առած իրենց, նոյն ճամփով սկսան վերելակէի եւ զանզգոյշ պահապանքը քունի մէջ գտնելով կոտորեցին եւ տիրեցին պարսպին այն կողմին: Կիրակի առաւօտ մ՚էր, երբ իրենց գազանային աղաղակը հնչեց ներսեն եւ դուրսեն, յիմար եալ պահապանաց շատերը սուրէ ազատելու համար գահավէժ կը մեռնէին, ոմանք փախստեամբ կ'ազատէին, իսկ կանանց եւ տղայոց բազմութեան լացն ու գոռում-գոչումը անբաւ էր եւ ողրոց արժանի: Երբ թշնամիք բոլորովին տիրացան ամրոցին, պատերազմող մարդիկը կապեցին, իջուցին բերդեն գերիներու եւ անասնոց անհամար բազմութիւնը, եւ տուին ինքզինքնին շուայտութեան` ուտելու եւ խմելու.: Եւ ահա հասաւ Թէոդորոս իր գնդով եւ դժոխային հանդէսը հազիւ սկսած` արեանց հեղեղին մէջ խեղդուեցաւ: Թէպէտ թշնտմուոյն բազմութիւնը մեծ էր` բայց Հայոց զօրավարը ժամանակ չի տուաւ սթափելու. երեք հազար ընտիր սպառազէնք ինկան դիակնացեալ, փախստէից մէկ մասը Ատոմի սուրին բերանը գացին, եւ հազիւ քանի մը հոգի կրցան ազատիլ եւ հասնիլ Ասորեստան: Այս պատերազմին մէջ մեռան իրենց երկու զօրավարքը` Օսման եւ Օգմայ:
Գերիներու բազմութիւնն ազատեցաւ, եւ թշնամուոյն աւարեն հարիւր արաբացի նժոյգ յուղարկեց Թէոդորոս Կոստանդին կայսեր` ի Կոստանդնուպոլիս:
Թէպէտ նոյն միջոցին ուրիշ խումբ մը այս աւազակաց Տայոց, Վրաց եւ Աղուանից կողմը շատ վնաս կը հասցնէր աւար եւ դերի տանելով եւ աւերակաց կոյտեր ձգելով, բայց Թէոդորոսի Արծափայ պատերազմին յաղթութիւնն այնչափ մեծ էր, եւ այնչափ քաջալերիչ, թէ թշնամուոյն կոտորածին, թէ ազատաց գերուոյն բազմութեան եւ այնչափ քիչ զօրքով` այնչափ բազմութեան դէմ, որ վնասուն բաւական փոխարինեց եւ մխիթարութիւն համարեցաւ: