Kitabı oku: «Թորոս Լեւոնի», sayfa 6
Եւ իրօք քիչ մը առաջ, երբ եկան մերայինք` Կ'որիկոսի կրկին բերբերն ցամաքային ու ծովային երեւեցան. ցամաքի բերդը իր բարձր քառակուսի եւ բոլորշի աշտարակներով, երկաթապատ դռներով պզտի քաղքի մը երեւոյթն ունէր. անոր դիմացը, մօտը, ծովուն մէջ բերդապատ կղզի մը արհեստական լեզուով մը միւսին հետ իբրեւ կամրջով միացած կ'երեւար. հոս Սարգիս կեցաւ եւ սկսաւ մտածել:
– Ի՞նչ կը մտածես, – ըսաւ Թորոս:
– Կը տեսնես, իշխան, ճամփան երկուք է, մէկը կարճ, որ բերդին ստորոտեն կ'անցնի, միւսը երկայն` եւ ուր լեռան վրայեն պէտք է պտտիլ:
– Երկայն ճամփեն երթանք. քար մը, նետ մը կրնայ մեր մէջեն մէկուն կեանքը վտանգի դնել, անօգուտ քաջութիւնը մեղք է:
Երկայն ճամփան բռնեցին եւ գերեզմաններու մէջէ կ'անցնէին. ի՜նչ անհատնում եւ քարակոփ գերեզմաններ, եւ ի՜նչ բարբարոս ու սեղանակապուտ ժողովուրդք անցէր էին հոնկից. գերեզման մը չի կար, որու կափարիչը խախտած չլինէր, կային գերեզմանք չորս բարձր սիւներու վրայ հաստատուած, բայց ամբարիշտ եւ գերեզմանակրկիտ ձեռքը հոն ալ հասեր էր եւ ահագին միակտուր երեք կանգուն եւ աւելի մեծ կափարիչը խախտեր էր, աճիւնն ու ոսկորը ցրուէր էր: Երկայն մղոններ աս տեսարանը կը շարունակուէր եւ մեր ճամփորդք իրենց ճամփան կ'երթային, երբ հակարծ վարեն վայերու ձայն լսուեցաւ, եւ ամէնքը կանգ առին. բերդապահ մը Կ'որիկոսեն ելած արտորնօք կը դիմէր խումբեն առաջ անցնելու վարի ճամփով, երբ նետի հարուած մը Կոստանդնին աղեղեն եկած խեղճ մարդը յերկիր կործանեց, երկրորդ նետ մը անշուշտ մահացու հարուածով մարդուն հոգին պիտի հանէր, երբ Թորոս բարձր ձայնովի
– Մի՛, բաւ է, – կանչեց:
Կեցաւ Կոստանդին` «Թէ որ, – կ'ըսէր ինքնիրեն մռմռալով, – մենք այսպէս պիտի պատերազմինք աս անիծած ազդին հետ, վերջը շատ կը զղջամք, եւ անոնք կուտեն կը հատցնեն մեզ»:
Շարունակեցին իրենց ճամփան: Կէսօրուան արեր իր կրակը կը թափէր. Թորոս ետ դարձաւ Եւփիմէի երեսները տեսաւ կարմրած տաքեն եւ յոգնութենեն. վար նայեցաւ, տեսաւ զեղեցիկ դղեակ մը, որուն պարիսպները դէպի ծով կը խոնարհէին, փորձութիւն մը եկաւ հիւրընկալութիւն խնդրելու հոն, բայց միշտ շրջահայեաց եւ խոհեմ
– Սարգիս, – ըսաւ, – մենք ո՞ւր դադար պիտի առն ունք:
– Հոս, սա դղեկին մէջ, որ առջեւնիս է, տե՛ս, ահա մեր ճերմակ դրօշակը կը ծածանի:
– Եւ իրօք զարմանքով տեսաւ Թորոս, որ դրօշակ մը կը ծածանէր:
– Մարդ չի կա՞յ ուրեմն յօդ:
– Ոչ, տէր իմ, լքեալ դղեակ մ՚է, Այաշ կ'անուանեն զայդ տաճիկք, մենք ճերմակ բերդ կ'ըսենք, եւ երբ ծովեզրը ապահով է մեզի համար, հոս կ'ուգանք հոռոմները կատղեցնելու համար, քանի մը ժամ կ'անցնենք, քանի մը նետ կ'ուղարկենք իրարու ի նշան սիրոյ եւ բարեկամութեան, որ մեր երկու ազգաց մէջ միշտ յարատեւ եղած է եւ պիտի լինի. անկից կը մտնենք նաւ եւ կը հեռանանք:
Եւ աս ըսելով կը մտնէին դղեկեն ներս, որու մուտքը միայն կար, եւ դուռը արդէն յարութիւն առէր էր:
ԳԼՈՒԽ ԺԱ ՏՈՐՈՍ
Սոսկալի ելեւէջները, արեւուն կիզանուտ ճառագայթները զամենքը վաստակաբեկ ըրած էին, ուստի ամէնը շատ գոհութեամբ ընդունեցան այս դադարը, զօր պատրաստած էր իրենց համար Սարգիս. մսին խորովածը ախորժանոք կերան. եւ զարմանքով կը նայէին Եւփիմէի, որ հազիւ թէ պզտի յոգնութիւն մը առած Թորոսին հետ դղեակը կը պտտէր, որ իրօք այն ժամանակի շէնքերուն վայելուչներէն մէկն կրնար համարուիլ, ընդարձակ սենեակներով, գեղեցիկ մատուռով, ջրի կապարեայ ագուգայներովն եւ ընդարձակ պարտէզովն` ուր խառնիխուռն անտառացեր եւ վայրենացեր էին կիտրոնիք, ձիթենիք, թթենիք, բրաբեանք եւ դափնիք: Սարգիս, որ կիսակատար գործ չէր ընէր, ճամփուն վրայ երկու պահապան դրած` կէս ժամը մեյ մը զանոնք կը փոխէր, եւ հրաման ըրած էր ոչ ոք չանցնել, իսկ եթէ մէկը համարձակէր հրամանը ոտնակոխել, առանց սպասելու փողոտեղ, եւ այս զինուորական ճշտութիւնը կը տեսնէր Թորոս ու գոհ կը լինէր խորհրդածելով թէ լեռնցի ազատ ժողովրդեան այս կամաւոր հնազանդութիւնը զինուորական կանոնաց հայրենի ազատութեան երաշխաւոր էր:
Դիոնիս նոյն միջոցին, իր անցելոյն դիտողութիւնները կ'ընէր. ուսման նիւթ էր իրեն համար թէ շէնքը ո՞ր դարու, ո՞ր ժամանակի կը վերաբերէր, թէ մատուռը երբեմն թերափներու տաճար եղած եւ ետքը քրիստոնէ կրօնքին պատկանեալ էր: Բաբկէն իր տղոց` հետ նստած` կնոջը, աղջկանց եւ պզտի մանչուն վրայ տեղեկութիւն կառնուր, իր գերութենեն վերջը անոնց քաշած նեղութեանց եւ հալածանաց պատմութիւնը մտիկ կ'ընէր, վասնզի հոռոմք, որ Ռուբինեանց իշխանութիւնը կործանել յաջողած էին` երբեք ի տաճկաց, ի լատինաց եւ ի քրդաց բռնութենեն չէին կրցեր պահպանել երկիրը, որ կատարեալ անիշխանութայն մէջ` կը հեծէր աւուր առաջին բռնաւորին: Անդին խումբ մը հինգ-վեց երիտասարդներու, Թորոսի եւ հետեւաբար Եւփիմեայ վրայ կը խոսէն կամաց եւ գաղտագողի. մէկ-երկուքը կը կարծէին թէ յոյն պատանի մ՚էր, որ ընկերացեր էր իշխանին, իսկ աւելի խորագէտները կը պնդէին թէ կին էր, իսկ ուրիշներ` թէ Թորոսի կինն էր, եւ իրենց անժխտելի փաստը կը ցուցնէին Բաբկէնի պէս խիստ մարդու մը անոր ըրած պատիւն ու պատկառանքը, եւ թէ ինչպէ՞ս անոր կապոցը Բաբկէն զգուշութեամբ իր ուսեն չէր բաժնէր: Կային`նաեւ քանի մը երիտասարդք ի նաւաստեաց, որ բոլոր գիշերն անքուն` ծառերու շուքին տակ դալարի վրայ ահագնաձայն կը խորդային ծովուն վյրայեն փչած կենդաննայ ցուցիչ հովին տուած քթերնին:
Իսկ Թորոս` Սարգսին, Կոստանդնին եւ վարդապետին հետ կը խորհրդակցէր իրենց հետեւելիք ճամփուն վրայ. եւ որոշեցին Սարգսի խորհրդեան հետեւիլ, գիշերով` մութուն ճամփայ չընել, այլ ցերեկուան եւ արեւու լուսով շարունակեւ ընթացքը. ուստի առանց ուշանալու ելան ճամփայ, երբ արեւը սկսէր էր դեռ նոր խոնարհիլ, ձայն տուին տղոց, խումբը կազմեցին կանոնով` կազդուրեալ եւ ոգեւորեալ ճամփայ ընկան: Թէպէտ ժայռ եւ անտառ պակաս չէր, բայց ոչ երբեք անցեալին կրնար համեմատիլ, առուակներ, որ բլուրները կը կ'ըտրէին, անտառներ, որ երբեմն դէպի ծով կ'երկննային. գեղեցիկ ծովափնեայ աւազուտ մը իրենց ճամփան կը կազմէին: Լամոսի բերդին հեռուանց շրջան մը տուին, որու սակաւաթիւ բերդապահք ոչ թշնամութեան ցոյց եւ ոչ կենաց նշան տուին, եւ մեր խումբը մտաւ թաւ անտառի մը մէջ, ուր դարաւոր ծառեր իրենց հովանին խաղաղ լռութեան մը վրայ կը տարածէին: Սրընթաց վտակ մը անտառը կը կտրէր, եւ երբ ջրին ընթացքին հետեւելով կարաւանը վեր ելաւ բլուրին գլուխը` նռնենեաց անտառ մը զանի կը պատեր եւ Սարգսին պահապանը իր ճերմակ դրօշակը ձեռքը զիրենք դիմաւորեց:
Ան գիշերը ճամփաներուն պահապաններ դրուելեն վերջ հանգիստ քնացան պայծառ երկնքի տակ եւ առաւօտուն կանուխ կ'ելնէին ճամփայ, եւ դեռ արեւը չելած Պոմպէուպոլսոյ աւերակներն եւ ծովը հաջ կողմը ձգելով, Տորոսի գօտիներէն անբաժան կը ջանային անցնիլ անծանօթ Լամբրոնի բերդին քովին, ուր գիտէին թէ լաւ հսկողութիւն եւ պահպանութիւն կար ճանապարհաց: Ուստի մեր Սարգիսն շատ անհանգիստ էր, եւ իր սուր աչքերը լեռանց գագաթները կը քննէին թէ պիտի տեսնէ՞ր իր ճերմակ դրօշակի ծածանումը, բայց ժամը երեկոյ կը լինէր, եւ նշան չի կար, հոն ժամադրութեան տեղը իր պահապանը չէր երեւար, ուստի կեցուց կարաւանը, վազեց դէպի քարակերտի մը, եւ քանի մը քար խախտելեն վերջ գտաւ իր ծածուկ պաշարներ` պաքսիմատ, պանիր, կարագ, ձիթապտուղ, վասնզի թշնամուոյն մոտութիւնը չէր ներէր կրակ վառէի բայց դարձեալ առանց յայտնի ընելու իր մեծ անհանգստութիւնը ամէնուն յորդորեց ուտել եւ կշտանալ, վասնզի կ'ըսէր տաժանելի է ճամփանիս. եւ Թորոսի ու Կ'ոստանդնի միայն յայտնեց թէ իր պահապանին անյայտանալը վտանգաւոր գուշակութիւն մ՚էր նոյն գիշերուան համար:
Այս յայտնութեան վրայ Թորոս, առանց Կ'ոստանդնի ժամանակ տալու, որու հախուռն եւ յանդուգն քաջութիւնը լաւ կշռէր էր, երկայն հարցաքննութեան մը սկսաւ:
– Լամբրոնի բերդը հոսկից ինչչա՞փ կը տեւէ:
– Ժամ մը:
– Ինչչա՞փ զինուոր կարծես թէ ունին:
– Քառասուն-յիսուն, բայց ընտրանոք մարդիկ:
– Հոսկից ինչուան Կիլիկիոյ կիրճերն ինչչա՞փ կը տեւէ:
– Չորս ժամ:
– Հոն դարձեալ բերդք եւ պահակազօրք միշտ կը գտնուի՞ն:
– Միշտ:
– Հուքէ՞ են զօրքերը թէ հայ:
– Խառնակ, կ'էս-կես:
– Հոսկից Տարսոն ինչչա՞փ կը քաշէ:
– Մե՞ր ընթացքով. չորս ժամ:
– Ատանա՞:
– Գրեթէ նոյնչափ:
– Ատանայէ Միսի՞ս: – Նոյնչափ:
– Բաւական է, – ըսաւ Թորոս, – շարունակենք մեր ճամփան: Թշնամին թէ որ գայ, թո՛ղ այս լեռներուն վրայ մեզ գտնէ: Դու, Սարգիս, նայէ՛, որ միշտ ճամփուն բարձրերը բռնես միշտ ապառաժուտը, նայէ՛, որ անցնինք մեյ մը սա Լամբրոնի բերդը հեռուեն:
– Կայ մէկ ճամփայ մը, բայց երեք ժամ ճամփանիս կը հեռացնէ:
– Չի զրուցե՞ս, այն ճամփեն գնա ուրեմն:
– Բայց երեք ժա՜մ, – ըսաւ Կոստանդին:
– Այո՛, երեք ժամ, բայց Լամբրոնի բնիկ եւ ընդոծին հայոց Հետ կռուիլ իրենց լեռներուն մէջ` յիմարութիւն է, – պատասխանեց Թորոս այնպիսի ձեւով մը, որ պատասխան չէր վերցնէր:
Ուստի մեր խումբը բռնեց ափափայից ճամփան եւ մութ տեղ մը կը մագլցէին. Սարգիս առջեւեն, Թորոս ետեւեն եւ վարդապետը վեղարը գլուխը Թորոսի անմիջապէս քովին. սուրերը կարճ բռնուած էին, որպէսզի ձայն չի հանեն ժայռերու զարնուելով. զէնքերը չի փայլելու համար լաթերով ծածկուած էին, եւ այսպէս ժամ մը շարունակեցին իրենց ընթացքը, եւ աս միջոցիս Թորոս զվարդապետ կը կարդացնէր:
Սարգիս, որ առջեւեն կը քաւէր, ետ դարձաւ եւ Թորոսին կամաց ձայնով մը ըսաւ.
– Իշխանդ, հոս թշնամին հեռու չէ, վասնզի ահա ճամփուն վրայ պատնէշապէս քարեր դիզէր են. կարելի է կռնակը քանի մը հոգի պահապան կան. ի՞նչ ընենք, յարձակի՞նք:
– Կա՛ց, – ըսաւ Թորոս, – լռութիւ՜ն, չորս հատ նիզակաւոր կորովիներէն բեր պատնէշին տակ կենան, ո՛վ, որ գայ, անխնայ զարնեն, ա՛ռ Կոստանդին ալ, եւ մենք երեքնիս բաւական ենք սա ժայռերէն շրջան մը ընելով անոնց կռնակը անցնելու եւ վրանին իյնալու. բայց անշշունջ, առանց ձայնի: Եւ ինք մօտենալով Բաբկէնի, Եւփիմեն դարձեալ իրեն յանձնեց պատսպարել վահանաւ, որ նետ մը, քար մը, վտանգ չի հանէ: Սկսաւ իր երկու ընկերներով աղեղնաձեւ շրջան մը ընել անելանելի ժայռերուն վրայեն, որոնց անդունդներուն վտանգը չէր երեւար գիշեր ատեն, բայց կրնար երեւակայուիլ. շատ ծանր կը շարժէին մեր երեք անձինք, զի երբեմն պէտք կը լինէր ոտք մը, ձեռք մը փոխելու համար հինգ-տասը վայրկեան կենալ եւ խարխափել. վերջապէս ճամփուն վրայ ելան. հոն թէպէտ Կոստանդին կուզեր առաջ անցնիլ, բայց Թորոս անոր յանդգնութենեն կասկածելով ինք առաջ անցաւ, եւ երբ մօտեցաւ նշմարեց չորս հոգի, որ պատնէշեն քիչ մը ասդին պառկէր էին եւ անոր վստահացած հանգիստ քուն կը լինէին:
Մերկ սուրը ձեռքը` Թորոս «Պահապա՛նք, – կանչեց, – թէ որ քարժիք, կը մեռնիք», ու երբ մարդիկն քունէ արթնցած եւնելու փորձ մը կ'ընէին` «Մի՛ շարժիք, ապա թէ ոչ կը մեռնիք», որոտաց. մարդիկը անշարժ մնացին այս սպառնալեաց առջեւ, երբ նոյն միջոցին Սարգիս ու Կոստանդին զինաթափ ընելով զիրենք, պատնէշը հարթ յատակ կ'ընէին. եւ այս գործողութիւնը այնպիսի աագութեամբ կը կատարուէր, որ քանի մը վայրկենի մէջ մարդիկը անզէն եւ թեւերնին կապպծ մեր կարաւանին հետ խաղաղ, հանդարտ կը քալէին:
Լամբրոնի դղեակը հեռացեր, անհետացեր էր. կարաւանը հասաւ լեռներու գլուխը ծառազարդ խոտաւէտ բարձրաւանդակի մը վրայ, հոն Թորոս Սարգսի հաւանութիւնն առնելով յոգնութիւն մը տուաւ իր խմբին եւ հրամայեց իր չորս կալանաւորները բերել, եւ ինչ որ կ'երեւակայէր` իմացաւ, այսինքն` թէ Լամբրոնի իշխանքը Սարգսին դրած պահապանը բռնած էին, եւ իմանալով թէ հոնկից պիտի անցնէր Սեւ լեռնցուոց խումբ մը, վարի ճամփան քառասունհինգ հոգուով մը պահպանել որոշած էին, իսկ վերեն, ուսկից չէին յուսար, որ համարձակի մարդ հասնիլ, ճամփան խցել եւ չորս պահապան դնել հրամայած էին: Պահապաններն ալ անկարելի համարելով այս օդագնաց շրջանը, հանգիստ եւ ապահով քուն եղած էին:
Ժամու մը չափ յոգնութիւն առնելէ վերջ` դարձեալ տաժանելի ուղեգնացութեան ընկան մեր ճամփորդները. եւ մէկը չէր համարձակէր գանգատ մը մտքեն անցունէի երբ կը տեսնէին Ռուբենի պայազատը, որ անխօս հետեւակ առջեւեն կ'երթար ու ոչ թէ վտանգաց մասնակից, այլ դիմագրաւ կը լինէր: Այսպէս շարունակելով, վերջապէս մօտեցան Կիլիկեան համբաւաւոր կիրճերուն, ուր զօրաց խումբ մը եւ կիսակործան բերդ մը կար, որ թշնամեաց յարձակումն էարդիլելէ աւելի անցորդաց նեղութիւն տալու պաշտօն կը վարէր: Թորոս, որ իր ճամփան կուզեր վարել խաղաղութեամբ եթէ կարելի էր քան թէ անօգուտ կռուելով, զսարգիս յուղարկեց բերդապահ աւազակին, որ քանի մը ոսկուով իրեն ճամփայ տուաւ առանց նեղելու, ի մեծ գայթակղութիւն Կ'ոստանդնի, որ կը զարմանար թէ Թորոս քաջութենէ զուրկ չլինելով ինչպէ՞ս յանձ կառնուր այսպիսի բանագնացութեան մտնել: Բայց Կոստանդին Փիլիպոսի պատմութիւնը չէր կարդացէր, եւ Թորոս կարդացէր էր:
Վերջապէս լեռներու մէջ հայոց գեղեր սկսան երեւիլ, Սարօս գետին վտակներուն վրայ. խստութեամբ արգիլուեցաւ մեր խմբին Թորոսի ո՛վ լինելն յայտնել. մինչեւ Վահկայ բերդն` արծուոյ բոյն, լեռներու մէջ երեւցաւ: Բաբկէն արտասուոք կը նայէր այն բարձանց, որոնց պաշտպանութեան համար այնչափ արեան թափուիլն տեսած էր. քանի՜ անգամ կեանքը վտանգի դրած եւ հիմա օտարներու բնակարան եղած էր…
Անմիջական վտանգը կարաւանին համար թէպէտ հեռացեալ կը կարծուէր, բայց պէտք էր, որ Թորոս յենակէտ մ՚ունենար հրապարակուելեն առաջ, ուստի Կոստանդին, Բաբկէն, Սարգիս եւ վարդապետը խորհրդի նստան. Եւփիմէ նաեւ ներկա էր: Նախ որոշուեցաւ, որ Բաբկէն զեւփիմէ եւ զդիոնիս առած անցնէր Ամասոնի հիւսիսային ծայրը, ուր էր իր բնակութիւնը. Սարգիս առնուր իր երիտասարդները, որոնք իրենց տունը միշտ պատրաստ պիտի գտնուէին առաջին ձայնին ժողովուելու համար հոն, ուր հրաման գա յանուն Թորոսի: Կոստանդին պիտի երթար իր քանի մը քաջակորովները ժողուելու եւ պատրաստ պիտի կենար առաջին փողի ձայնին` հոն, ուր պիտի գտնուէր Թորոս:
Այս խորհրդին վրայ Թորոս բերել տուաւ չորս կալանաւորները եւ հրաման տուաւ իրենց կապերը արձկել եւ ազատութիւն շնորհէի դարձեալ ի մեծ գայթակղութիւն Կ'ոստանդնի. ու երբ երթալու վրայ էինք դարձաւ իրենց ծանր-ծանր եւ որոշ ձայնով սա խօսքերը ուղղեց. «Դուք, որ հայ ազգի զաւկներ էք, մտիկ ըրէք իմ խօսքերս. մտածեցէք, որ ձեր եղբարց արիւնը պիտի մտնէիք եւ անոր համար մահապարտ էիք, եւ մեզի շատ դիւրին էր ձեզ հաւու պէս մորթէի ձեր հայութիւնն է միմիայն պատճառ, որ մենք ձեր ազատութեան, ձեր կենաց խնայեցինք. գնացէ՛ք ձեր Լամբրոնի տէրերոմեւ բարեւ զրուցեցէք, եւ ըսէք թէ Լեւոնի տղան Թորոսը տեսանք, եւ նա երդում կ'ընէր յանուն աստուծոյ ամենակարողի եւ սրտագիտի թէ երբեք մեծութիւն, փառք եւ իշխանութիւն պիտի չլինի իր գործոց նպատակը, այլ իր ազգին օգուտն ու երջանկութիւնը եւ եթէ հայր, եղբայր, զաւակ պիտի համարի ամէն հայ, որ նոյն հոգուով շարժի. իմացա՞ք, հասկացա՞ք ըսածներս, պիտի կարէնա՞ք կրկնել»:
Իսկ մարդիկը աս խօսքերուն վրայ ապուշ դարձած ելան եւ իրենց ճամփան գնացին, վասնզի ըստ ժամանակին սովորութեան նոր էր աս վարմունքը, եւ աս խօսակցութիւնը ոչ միայն աս խեղճ զինուորներուն համար, այլ թերեւս վարդապետին համար նաեւ, որ Թորոսի քով նստած էր:
ԳԼՈՒԽ ԺԲ ՍԵՒ ԼԵՌ
Այս տեսարանը կ'անցնէր Վահկայ բերդին շրջակայքը մացառուտ բլրի մը վրայ. առաւօտը շատ հեռու չէր:
– Հապա՛, ամէն մարդ իր ճամփան, – ըսաւ Թորոս իր խումբին, – ասկից տասն օր չեղած, աստուճով կը լսենք փողերուն ձայնը, եւ ամէնքս ալ կը ժողովուինք:
Այս անգամ Եւփիմէ գոհ յանձն առած էր բաժանուիլ իր փեսեն ուստի պագտուիլեն վերջ իրեն հետ, դարձեալ անոր օգնութեամբ հեծաւ ջորուոյն վրայ Դիոնիսի ընկերութեամբ, շրջապատեալ Բաբկէնեն եւ նորա տղոցմեն` շտկուեցաւ դէպի Սեւ լեռը, ուր առջեւեն քիչ մը հեռուանց կ'երթային Սարգսի խումբը, քանի մը ժամուան ճամփայ հազիւ կը բաժնէր սիրենք իրենց գիւղեն: Թորոս քիչ մը աչօք ընկերանալեն վերջը իր հարսին, որ գիշերուան ստուերներուն եւ ծառերուն մէջ ծածկուեցաւ, շուրջը նայեցաւ, որ Կոստանդին եւ վարդապետը միայն մնացեր էին:
Ուստի Կոստանդնին ալ բարի յաջողում մաղթեց, որ իր քաջերը առաջին ձայնին բերել խոստանալով` Վահկայ արեւելեան կողմի ժայռերուն մէջ անհետացաւ: Երբ երկու հոգի մնացին` դարձաւ վարդապետին ու ըսաւ.
– Հիմա, հայր սուրբ, մեր երկուքին կը մնա խսդիրը, դու` քու ասորի մետրապոլիտդ աւելի ապահով կը համարիս եւ անոր վրայ աւելի վստահութիւն ունիս, քան թէ մեր հայ եկեղեցականաց:
– Ո՛Յ իշխանդ, – ըսաւ վանահայրը, – իմ միտքս սխալ հասկցեր ես. ես մեր եկեղեցականաց վրայ վստահութիւն չունիմ չըսի, այլ թէ հիմա, հոռոմները, մեր վրայ կասկած ունենալով շարունակ խուզարկութեան վրայ են եւ մեր վանքերն ու անապատները տակնուվրայ կ'ընեն, երբ, ընդհակառակն, Ասորուոց վանքը օտարին վերաբերելուն ամենեւին իրենց կասկածի տեղի չի տար. դու քու դիտողութիւններդ ընելու համար հոն հանգիստ առանձնարան ունիս, հիմա զանխուլ ճամփաներէ քեզի հոն կ'առաջնորդեմ եւ կը տեսնես թէ ասորի եպիսկոպոսը ինչպէս գոհ պիտի լինի Լեւոնի տղան տեսնելուն, վասնզի քու հօրդ եւ հօրեղբօրդ պաշտպանութեամբ կրցեր է իր վանքը շինել, եւ ձեր իյնալեն վերջը շատ զրկումներ քաշէր է հոռոմներէն:
– Երթանք ուրեմն:
Մեր երկու ճամփորդներն սկսան իրենց շահատակութեան ընդ ժայռ եւ ընդ մացառ, լուռումունջ կ'երթային, գետ եւ վտակ երբեմն զիրենք կը զովացնէր եւ վերջապէս Ամանոսի էն բարձր գլուխները գտան` երկու ժամ շարունակ երթալեն վերջ. հոնկից շրջակայ վանքեր, գիւղեր, անառիկ բերդեր իրենց ոտքին առջեւ կ'երեւային իբրեւ ողորմելի ոչնչութիւնք, եւ այսպէս երկու ժամ ալ դեռ քալելեն ու քիչ մը իջնելեն վերջ դէպի հարաւի հասան ժայռերու մէջ բերդանման վանք մը, որուն դռները չէին բացուէր, վասնզի մեծ խստութեամբ արգիլեալ էր առանց մեծաւորին հրամանին դուռ բանալ. ուստի երկայն բանագնացութենէ վերջ նախ վարդապետը վեր առին, եւ քառորդէ մը վերջը դռները բացուեցան նաեւ Թորոսի: Ծեր մետրապոլիտը, երբ զթորոս տեսաւ, աչվները արցունքը լցուած, ձեռքերը երկինք տարածելով փառք կ'ուտար աստուծոյ, որ Թորոսի ամենանման եղբօրորդի մը յարուցեր էր, ի փրկութիւն հայ եւ ասորի եկեղեցեաց, որք միայն խաղաղութեամբ կ'ապրէին եւ յանուն Քրիստոսի զիրար չէին բզկտէր: Եւ ինչպէս ծերերու սովորութիւնն է միշտ անցեալին վրայ անսպառ խօսիլ եւ պատմել, նոյնպէս մետրապոլիտն Աթանաս կը պատմէր թէ քանի անգամ Վահկայ բերդը գնացեր էի զլեւոն եւ զթորոս տեսնելու, եւ թէ նոքա ինչպէ՞ս սիրով զինք ընդունած էին եւ իր խնդիրքները կատարած, թէ դրամական օգնութեամբ եւ թէ պաշտպանութեամբ ընդդէմ անհաւատից, յունաց եւ լատինաց. Բայց վերջապէս մտածելով թէ մեր ճամփորդներն տաժանելի ճամփէ մը կ'ուգան` հրաման տուաւ իրենց կերակուր եւ սենեակ տալ, եւ այսպէս Թորոս քիչ մը հանգստանալեն վերջ, երբ ծեր եպիսկոպոսին ներկայացաւ` նա սկսաւ իրենց հարցնել թէ ի՞նչ էր իր դիտաւորութիւնը եւ գործերու յատակագիծը: Թորոս իմացուց թէ իր յատակագիծը պատրաստելու համար իրեն հիւր եղած էր, եւ թէ կուզեր բոլոր շրջակայքը պտտիլ, ամէն տեղ ճանչել եւ ուսնիլ եւ ըստ այնմ գործի սկսիլ: «Ուստի,– ըսաւ, – ես ձեզմէ քանի մը այծ եւ հովուի մը զգեստ կ'ուզեմ, որ առանց թշնամի կասկած յարուցանելու կարէնամ իմ դիտողութիւնքս ընել»:
Եպիսկոպոսն ալ այսպէս աժան ազատելուն վրայ ուրախ` մէկեն ուզածն իրեն շնորհեց, եւ ահա մեր Թորոսն գէուխը հովուի գդակ եւ վերարկու մը վրան ձգած մինակուկ լեռն ու հովփա կը պտտէր, եւ թէ որ իր այծերը բերդորէից շրջակայ խոտերը եւ թուփերը կը սիրէին, զարմանք չէր:
Կը մտնէր երբեմն գիւղեր, կը տեսնէր հայ ժողովրդեան մռնչիւնը ընդդէմ նախատող եւ հարստահարող յոյն վարձկանաց, կը լսէր անոնց հայհոյութիւնքը ընդդէմ հայ հաւատոց, կը տեսնէր իրեն ծանօթ հայրենի կալուածները յափշտակող յոյն իշխանաց գոռոզ ամբարտաւանութիւնը, եւ այսպէս ութ օր դիտելով, զննելով, Ալեքսանդրիս ծոցեն մինչեւ Ամանոսի հիւսիսային ծայրերը շրջագայեցաւ, քայլ առ քայլ զրեթէ նշանելով մտքին մէջ ծառ, թուփ, ժայռ, բլուր, լեռ, բերդ, աւան, գիւղ եւ աւերակ: Ամէն տեսակ մարդ, ճամփորդ եւ աւազակ, կողոպտող եւ կողոպտեալ իր առջեւեն կ'անցնէին, ամէն ազգ հայ, ասորի, յոյն, արաբ եւ թուրքմէն իր շուրջը կը պտտէին: Իսկ անտարբեր հովիւը անխօս եւ անշշունջ Մաթիանու հովուքէն պէս, որ իր ժողովրդեան փրկութիւնն կ'երկնէր` կը շարունակէր իր ճամփան խորհրդածելով, եւ այսպէս հասաւ Ամուտայ բերդին ստորոտը, իր այծերուն ընթացքը ուղղելով դէպի վեր, դռան հակառակ կողմեն տեսաւ պատուհանի նման ծակ մը պարսպին վրայ, որ ժայռին վրայ հաստատուած էր, այդ անառիկ բերդին ջրի մը ճամփայ լինել մակաբերեց հօրդ անձրեւներուն ժամանակ, կամաց մը փորձ փորձեց եւ տեսաւ թէ հանգիստ կրցաւ անցնիի թուփերը, որ ծակին երկու կողմերը ծածկէր էին, գգուշութեամբ իր գաւազանով բաժնեց եւ բերդին մէջ շարունակեց իր ելքը, ու երբ երեք-չորս մարդաչափ բարձրութեամբ վեր ելաւ, հասաւ ծառազարդ գեղեցիկ հողաբլուր մը, եւ քիչ մը անդին վայելուչ պալատանման բնակարան մը բերդին իշխանին. ծառերու մէջ ծածկուած կը դիտէր տղոց խաղալը, կը լսէր կանանց եւ ծառայից ձայները, եւ թէ որ խոհեմութիւնն իւր բնական առաքինութիւններէն մէկը չլինէր եւ չգիտենար սանձել իւր քաջութիւնը, կրնար մինակուկ ամրոցին տիրանալ, բայց անխոհեմ բան մը չընելու համար նոյն զգուշութեամբ, որով մտէր էր ներս, իջաւ փոքրիկ հեղեղատը եւ առանց թուփերուն վնասելու ելաւ դուրս, եւ շուտ մը իր այծերն ալ հեռացուց հոնկից, ինչպէս ագահ մը իր գանձը թաղած տեղ են ամէն ոտից հետք կը ջանայ հեռացնել: Կը մնար իրեն իմանալ թէ ի՞նչ էր անունը եւ ո՞ւմ կը վերաբերէր այդ բերդը: Ուստի աչքը սկսաւ պտտցնել եւ տեսաւ շրջակայ բլրոյ մը ստորոտը քանի մը ցանեւցիր տներ եւ մէկ հատ մը` ամենեն հեռաւոր, հոն իր փոքրիկ հոտին հետ շտկուեցաւ եւ զանոնք թուփերուն մէջ ցրուելեն վերջ` վայելուչ տղայ մը տեսաւ տասը-տասներկու տարեկան, որ կասկածոտ աչօք թրեն կը նայէր եւ պատրաստ էր անհետանալու, պէտք էր բան մը զրուցել, եւ Թորոս տղուն անուշ ձայնով մը`
– Ջուր մը տո՛ւր ինձ, տղաս, – ըսաւ:
– Հիմա, – պատասխանեց տղան եւ ներս վազեց:
Իսկ Թորոս իբր յոգնած նստաւ տունեն քիչ մը հեռու, եւ երբ տղան երեւցաւ իր փայտափոր ջրի ամանով` լաւ մը խմելեն վերջը`
– Սիրուն տղեկ, – ըսաւ, – աստուած քեզ օրհնէ, դու որո՞ւ տղան ես:
– Վարոսենց Բաբկէնին:
– Քու հայրդ նոր հասաւ, այնպէս չէ՞:
– Այո՛, դու կը ճանչե՞ս զինքը:
– Իմ շատ բարեկամս է, հիմա ո՞ւր է, նե՞րսն է:
– Այո՛, եթէ կ'ուզես, կանչեմ:
– Լաւ՛ կանչի, որդեակ:
Տղան ներս գնաց. եւ քիչ մը ետքը Բաբկէնին խիստ դէմքը երեւցաւ, որ երբ զթորոս տեսաւ այդ հովուական հագուստով` յեցեալ իր ահագին գաւազանին վրայ` ըսաւ.
– Աստուած քեզ օգնական լինի, իշ…
– Բաբկէն հայրիկ, վրայ բերաւ Թորոս, քեզհետ առանձին խօսել կ'ուզէի:
– Լաւ, շատ լաւ: Գրիգո՛ր, – ըսաւ տղուն, որ դռան քով կեցէր կը նայէր, – դու ներս գնա. եւ երբ տղան հեռացաւ`
– Ինչպէ՞ս հոս եկար, իշխանիկս, – ըսաւ, – ինչպէ՞ս իմ տունս գտար:
– Դիպուածով. միայն ինձի զրուցէ, ինչպէ՞ս է Եւփիմէ, ինչպէ՞ս էք դուք:
– Փառք աստուծոյ, արժանի չէի, Տիրուհին հանգիստ է եւ ուրախ, ամէնքը ողջ-առողջ գտայ, իրաւ շատ նեղութիւն քաշէր են իմ երթալես վերջը, իմ խեղճ Շուշիկս որբերը մեծցուցեր է տառապանոք. բայց տղաքը քանի մեծցեր են հանգստութիւնը եկեր է. գերութեան հանգստութիւն. ինձմէ ալ բոլորովին յոյսերնին կտրէր են, ննջեցելոց կարգը անցուցեր են: Բայց դու, իշխանիկս, ի՞նչ կ'ընես աս հովուի հագուստներով. չի՞ս մտնէր ներս, իմ տունս չի՞ս պատուիր:
– Բաբկէն, չեմ ուզէր ճանչցուիչ, դու ինձի կրնա՞ս զրուցել թէ ինչ է սա բերդը:
– Ամուտայ բերդն է:
– Ո՞ւմն է. ո՞վ է հիմկու տէրն:
– Այս Ամուտայ բերդը քու հօրեղբայրդ Թորոս իշխանը, Ապըլղարիպ Պիրի իշխանին պարգեւ տուաւ, երբ փռանգները զինքը իր երկրեն ղրկեցին յափշտակութեամբ եւ երբ փախստական` անոր ապաւինեցաւ: Հիմա մեր գերութենեն վերջը հոռոմ իշխան մը տէր եղեր է բերդին եւ կը բնակի իր ընտանեօք:
– Ինչչա՞փ բերդապահ կայ, կրցա՞ր իմանալ:
– Ո՛չ իշխանս, այդ չհարցուցի: Ե՛կ աս գիշեր մե՛զ մնացիր, մեր տղաքը կ'ուգան տեղն ի տեղ կ'իմանանք: Թէ որ Տիրուհին ետքը իմանայ, որ օր մը մինչեւ այս դուռը եկար երբ ինք ալ այս մեր տնակը կը բնակէր եւ ներս չի մտար` շատ կը տխրի:
– Բաբկէն, տղու պէս կը խօսիս. դու գիտես, որ ես նախ մեծ գործ, ետքը ուրիշ ամէն բան դրած եմ. շաբաթ մ՚է ճիշտ այսօր, որ ես հարկի տակ չեմ պառկէր վախես, որ Աղայ թէ յանկարծ ժամանակեն առաջ մատնվիմ…
– Բաբկէնի խօսք վկա՜յ թէ մարդ չիմանար թէ դու աս գիշեր հոս անցուցեր ես. տղաքս մէկուն խօսք չըրին` քու անունդ անգամ չաւին ան օրէն, ուր իրարմէ բաժնուեցանք: Ես եկայ, քանի օր է անեն դուրս չեմ ելած, որ յանկարծ համբաւ չի տարածուի, եւ հոռոմները չարթննան քու գալուդ համար: Գրիգոր միայն առաջին անգամ քեզի տուեր է իմ անունս: Տիկինն ու Դիոնիս գիշերներն միայն դուրս կ'ելնեն օդ շնչելու համար: Եկ, իշխանիկս, ուրախացո՛ւ Բաբկէնի տնակը:
– Լաւ, Բաբկէն, քու կամքդ թող կատարուի:
Եւ դռնեն ներս մտաւ. Բաբկէնի ցցուց ձեռոք իր հինգ-վեց ասյծերը, որ կ'արածէին. եւ նա կանչեց զգրիգոր, որ քշեց բերաւ այծերը` գոմը փակեց:
– Բաբկէնի տունը թէեւ պալատ մը չէր, բայց բնական դիրքովն ու օդով ախորժելի բնակարան մ՚էր բլրակի մը ստորոտը շինուած, մէկ կողմը ահագին խորաձորի մը վրայ կը նայէ՛ր, ուր կենդանի ջուր մը ժայռերու վրայեն շառաչմամբ կ'իջնէր, բլթակը եւ տնակը ծածկուած էին զանազան պտղատու ծառերու ճիւղերուն եւ տերեւներուն մէջ, եւ որոնց շուքին տակ գետնեն ութ-տասը կանգուն բարձրութեամբ տախտակամած մը կար ընդարձակ, պարզ փայտէ նստարաններէ շրջապատ եալ եւ վանդակապատ, որ ամառ գիշերներ ննջարանի համար նաեւ կը ծառայէր այդ տաք երկիրներու մէջ:
Ճիշտ նոյն ժամուն ալ Շուշիկ իր երկու աղջկանց եւ Եւփիմէի հետ տախտին վրայ ելած նստած էին: Եւփիմէ իր առնացի զգեստները թողած, իւր սեռինները հագած իրօք թագուհի մը կ'երեւէր, եւ թագուհուոյ մը պատիւ կ'ընդունէր այդ լեռան բնակիչներէն, որոնց սիրտը իրենց հօրը անկարծելի դարձին համար անպատմելի ուրախութեամբ եւ շնորհակալութեամբ զեղուն էր, եւ այդ տիկնոջ համար Թորոսի եւ իրենց հօրը ազատարարը լինելն դիանալով` երախտագէտ ակնածութեամբ եւ յարգանօք կը մօտենային իրեն` իբրեւ գերագոյն էակի մը: Իսկ Եւփիմէ անոնց գեղեցիկ պարզութեան վրայ կը զարմանար, այդ սեւ, լայն, նշաձեւ աչքերուն կրակը կը դիտէր, որոնց մէջ թէպէտ լեռնային ազատութեան հոգին կը փայլէր, բայց սքանչելի հլութիւն մը ունէին ծնողական հրամանաց, սեւ ոպնիազէ մազերնին բարակ եւ խիստ հիւսքերը ուսերնին բոլոր կը պատեր, եւ պարզ գունաւոր կտաւէ հագուստ մը անոնց երկայն եւ ճոխ հասակին միակ զարդարանքն էր:
Երբ Բաբկէն իր հովիւ ընկերը առած տախտին մօտեցաւ, արդէն արեւը քաշուած եւ մութը սկսած ըլլալով հազիւ թէ կերպարանքները կ'որոշուէին. ուստի աղջիկներն իրենց հայրը տեսնելով ոտք ելանք Եւփիմէ տեսնելով զբաբկէն, որ անծանօթի մը հետ վեր կ'ելնէր, անտարբեր նայուած մը ձգեց եւ դարձեալ աչքերը ջուրին սահանքին վրայ դարձուց, երբ միտքը իր Թորոսին վրայ կը պտտէր: Իսկ երբ անծանօթը ձեռքը իր լայն կուրծքին վրայ դնելով անձայն ողջունեց եւ եկաւ Եւփիմէի մօտ նստաւ, ան ատեն Եւփիմէ զայրագին եւ դիտող աչքերը դարձնելով այս համարձակութեան վրայ, նորա երեսը նայեցաւ եւ զթորոս տեսաւ. փոխուեցաւ բոլորովին եւ ուրախութեամբ ցատկեց ու վփզը փաթթուելով`
– Այս ի՞նչ կերպարանք է, – կ'ըսէր, – այս ի՞նչ փոփոխութիւն:
Իսկ Թորոս կատակելով իրեն կ'ըսէր թէ` «Պէտք էր մոռնալ ազնուապետական գաղափարները, որ Տորոսի ռամկական եւ ազատ լեռանց վրայ ազդեցութիւն չունէին, եւ թէ երբ Եւփիմէ անգործ նստած էր, ինք Թորոս այծ արածելով` գիշերները բացօթեայ կ'անցնէր»:
– Կատակը մէկդի՜, ինչչա՞փ ժամանակ դեռ աս կեանքը պիտի տեւէ:
– Դեռ մինչեւ վաղն իրիկուն:
– Անկից վերջը՞:
– Անկից վերջն զքեզ այս վայրենի լեռանց իշխանուհի պիտի հրատ արա կեմ:
– Իսկ հիմա՞:
– Կերակուր պիտի ուտեմ քեզի հետ եւ պիտի երթամ:
– Գիշերո՞վ:
– Գործի մարդուն համար գիշեր եւ ցերեկ զանազանութիւն չունին: Բայց ո՞ւր է Դիոնիս:
– Հոն վարը` սա ժայռին վրայ նստած կը խորհրդածէ ջուրին սահանքը դիտելով: – Հայրի՜կ, հայրի՛կ, ե՛կ:
Սեւ շուքը շարժեցաւ, ելաւ եւ սկսաւ դէպի տախտը գալ. եւ տեսնելով զթորոս իւր ուրախութիւնը յայտնեց ու նստաւ: Ընտանիքը մէկ կողմեն կ'ամբողջանային, մեծ տղայքն ալ եկան եւ յարգանօք ողջունեցին զթորոս եւ իրենց ծնողքը: Բաբկէնի ուրախութիւնը մեծ էր, պատուական մարդը չէր կրնար նստիլ, վասնզի իր իշխանիկը իրեն հիւր էր, եւ որ իրեն ծանր կը թուեր` կը տեսնէր թէ ամբողջ գիշեր մը նաեւ իր տունը պիտի չկենար: Բայց տղայ տարիքեն սովրած էր իշխաններուն չընդդիմանալ, ուստի ալ չի համարձակեցաւ բառ մ՚աւելցնել: Իսկ Թորոս` «Բաբկէն հայրիկ,– զյրուցեց, – այս տղաքը Սարգսին տունը գիտե՞ն, կարելի է զինքն հոս բերել տալ հիմա»:
– Հիմա, իշխան. տղա՛ք, մէկերնիդ շուտ մը գնացէք ըսէք Սարգսին իմ կը սղմես, որ հոս գա:
Տղուն մէկը թռաւ՛, շուտ մը անհետացաւ, երբ աղջիկները տախտին մէջտեղի կախուած կանթեղը վառեցին եւ սեղանը կը պատրաստէին` կերակուրը չեկած Սարգիս եկաւ, եւ ամէնքը նստան կերակուրի: Սեղանին վրայ Թորոսի անսովոր զուարթութիւնը ամէնուն սիրտը ուրախութեամբ լցուց, եւ Եւփիմէ քանի մը անգամ կրկնեց թէ անտարակոյս առանց պատճառի չէր իր փեսին այս զուարթութիւնը:
Երբ սեղանեն ելան` Բաբկէն ամէնը հեռացուց տախտեն Թորոսի ակնարկութեամբ. Եւփիմէ, Դիոնիս, Բաբկէն եւ Սարգիս միայն մնացին. հոն Թորոս դարձեալ կրկնեց այն հարցմունքը.
– Ամուտայ բերդին տէրը ո՞վ է:
– Զենոն անունով յոյն իշխան մ՚է, քեռայր Մամեստիոյ յոյն իշխանին:
– Ինչչա՞փ բերդապահ զինուոր ունի ներսը այդ իշխանը:
– Քսան-քսանհինգ հոգի մը կ'ելնեն ընդամէնը, նոյնչափ մ՚ալ ծառայք կան, որ թէ պէտք լինի կրնան զինուել, եւ բերդին անառիկ դռիցը եւ պատերու ամրութեանը նայելով, բաւական` մանաւանդ թէ շատ ալ են:
– Լաւ՛, – ըսաւ Թորոս, – վաղը մեր հայու տղաքներէն պատրաստ զին եալ քսան հոգի կրնա՞ն ժողովուել անձայն, անշշունջ:
– Ես քսան հոգի կրնամ ժողուել:
– Բայց լաւ՞, ընտրեա՞լ եւ կորովի:
– Լաւ՛, ընտրեա՛լ եւ կորովի՛:
– Կ'ոստանդինեն լուր ունի՞ք:
– Կոստանդին այս առաւօտ տղայ մը ղրկէր էր ինձի, քու վրադ լուր կը հարցնէր, եւ ինձի կ'իմացնէր թէ յիսուն չափ մարզիկներով պատրաստ էր երեւալու, ե՛րբ եւ ո՛ր ժամ իրեն լուր ղրկուէր Կարմիր վանաց աւերակները, որուն շրջակայքը կը գտնուէր:
– Վաղը ճիշտ կէսօրին դու հոս գտնուի քու քսան մարդիկներովդ, բայց ոչ ժամ մը առաջ, ոչ ժամ մը ետքը. նոյնպէս Կոստանդնին ալ լուր ղրկէ նոյն ճշտութեամբ Ամուտայ բերդին մեծ դռան առջեւ ճիշտ կէսօրին գտնուիլ, բայց ճիշտ:
– Լաւ՛:
– Քեզ տեսնեմ, Սարգիս, պէտք է ճիշտ լինիլ:
– Իմ ճշտութեանս վրայ մի՛ կասկածիր, իշխա՛ն, բայց…
– Ի՜նչ:
– Այսինքն, եթէ համարձակութիւն տայիք, այն պիտի ըսէի թէ Ամուտայ բերդը վերջի ձգելու բան մ՚է:
– Դու պիտի չերթաս Ամուտայ բերդին վրայ, եւ Կոստանդին յարաձակում պիտի չընէ. այլ կէսօրին, ճիշտ կէսօրին հեռուեն իր խմբով մեծ դռան առջեւ պիտի կանգնի:
Սարգիս ալ պատասխան չի տուաւ, եւ Թորոս աւելցուց.
– Ուրեմն, իմ քաջ Սարգիս, գնա եւ պատրաստուի:
Երբ Սարգիս գնաց, Բաբկէնին դարձաւ`
– Աւելորդ է քեզի ալ զրուցել թէ պատրաստ ինձի պիտի սպասես հոս` քուկիններովդ:
– Յայտնի բան է, – պատասխանեց Բաբկէն:
– Ան ատեն «Մնաք բարեաւ» ըսելով եւ Եւփիմէի, եւ ամէնուն, իր հովուի գլխարկը եւ ցուպը առաւ, իր այծերը առջեւ ձգեց եւ ասորուոց վանքին ճամփան բռնեց, ուր հայ վարդապետը եւ ասորի մետրապոլիտը սկսէր էին կասկածիլ իր ուշանալուն վրայ: Եւ երբ կէսգիշեր անցած հասաւ, դուռը զարկաւ, երկայն արարողութիւնները կատարելով դուռը բացին եւ ներս առին զինքն ու այծերը: